Նեվրուզը գարնանամուտի եւ յաղթանակի խորհրդանշան

Նեվրուզը Ասիական ցա­մաքա­մասի բազ­մա­թիւ ժո­ղովուրդնե­րու հա­մար գար­նա­նամու­տը, իսկ քիւրտ ժո­ղովուրդի հա­մար ազ­գա­յի էպո­սի մը՝ դար­բին Քա­ւային հրէշ Տե­հաքը յաղ­թե­լու տա­րեդարձն է։

Քիւրտե­րու վե­րագ­րած իմաս­տին պատ­ճա­ռաւ այս տօ­նը Թուրքիոյ մէջ եր­կար տա­րիներ հա­լածան­քի են­թարկո­ւեցաւ եւ տա­կաւին ալ կը շա­րու­նա­կէ այդպէս մնալ։ Ար­դա­րեւ յատ­կա­պէս նա­խորդ կի­րակի Իս­թանպու­լի տօ­նակա­տարու­թեան աւար­տին ոս­տիական­ներ բազ­մա­թիւ ցու­ցա­րար­նե­րը բեր­ման են­թարկե­ցին։

Այս տա­րի Նեվ­րուզը նշո­ւեցաւ 6 Փետ­րո­ւարի երկրա­շար­ժի շու­քին տակ։ Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը յա­տուկ ու­շադրու­թիւն ցու­ցա­բերե­ցին ցնծու­թեան բնոյ­թի արարքնե­րը կան­խե­լու հա­մար։

Բե­մահար­թա­կը եզ­րո­ւած էր սեւ վա­րագոյրնե­րով։

Այս տա­րի ալ յար­գո­ւեցաւ աւան­դոյթը եւ Ամի­տայի մէջ Նեվ­րուզը յի­շատա­կուե­ցաւ ճիշդ օրին՝ 21 Մար­տին։ Այստեղ ելոյթ ու­նե­ցաւ քիւրտ քա­ղաքա­կան շար­ժումի իմաս­տուն Ահ­մետ Թիւրք, որ նախ անդրա­դար­ձաւ երկրա­շար­ժի աղէ­տի զո­հերուն եւ ապա խօ­սեցաւ մօ­տալուտ ընտրու­թիւննե­րու մա­սին։

«Նեվ­րուզը ազա­տու­թիւն է, ապա­գան լու­սա­ւորող օրն է։ Ֆա­շիզ­մը փլե­լու հա­մար դե­մոկ­րա­տիկ հան­րա­պետու­թիւնը կեր­տե­լու հա­մար ուս ու­սի պի­տի պայ­քա­րինք» ըսաւ Ահ­մետ Թիւրք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ