Վերջերս հետաքրքրական փուլ մը մտած է հայ-հրէական յարաբերութիւնները։ Յաճախ ականատես կ՚ըլլանք երեւոյթներու, որոնք բացի իրար լրացնելէ, ամբողջովին հակասող բնոյթ ունին։ Ծանօթ իրողութիւն է հրեայ արմատականներու մոլեռանդ ատելութիւնը քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն դէմ։ Արդարեւ յաճախակի կը լսենք Սուրբ Քաղաք այցելած հայ ուխտաւորներու ենթարկուած հալածանքները։ Բաղէստինի ժողովուրդի ենթարկուած խտրականութիւնը եւս ծանօթ իրողութիւն մըն է։ Մահմետականներու ծոմապահութեան ամսի՝ Ռամազանի նախօրէին Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կրկին անգամ արգելքներ կը յարուցէ Ալ Աքսայի մզկիթի այցելութեան համար։ Մզկիթի մէջ երկրպագելու արտօնուած են միայն 55 տարեկանը անց հաւատացեալներ։ Պետական խտարական քաղաքականութեան վրայ կու գայ աւելնալու նաեւ արմատական հրեաներու անհատական հալածանքը։
Հայ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ հսկողութեան ներքոյ գտնուող Գեթսեմանիի Սուրբ Աստուածածնայ տաճարը յարձակման ենթարկուած է։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը յայտարարութիւն տարածած է՝ դատապարտելով տաճարի վրայ կատարուած յարձակումը։
«Թէեւ Սբ. Աստուածածնայ տաճարին վրայ այս յարձակումը առաջինն էր սոյն տարւոյ սկիզբէն ի վեր, սակայն քրիստոնէական միւս սրբավայրերը անզգամ յարձակողներու կողմէ մշտապէս կ’ենթարկուէին ինչպէս ֆիզիքական բռնութեանց, այնպէս ալ հոգեբանական ճնշումներու։ Եթէ քրիստոնէական սրբավայրերու վրայ կատարուած նախորդ յարձակումները արագօրէն դատապարտուէին տեղական իշխանութիւններու կողմէ, եւ յանցաւորները պատժուէին օրէնքի ողջ խստութեամբ՝ քրիստոնեայ համայնքներու, եկեղեցիներու եւ վանքերու վրայ նոր յարձակումներ չէին պատահէր։
Կրօնական անհանդուրժողականութիւնը եւ ատելութեամբ լեցուած ոճրագործութիւնները՝ իրենց բոլոր դրսեւորումներով, երբեք պիտի չապահովեն խաղաղ համակեցութեան պայմաններ։ Յատկապէս, երբ այսօր գերիշխող իշխանութեանց կողմէ անվերահսկելի են այդ յարձակումները՝ այդ աւելի պիտի քաջալերէ ատելութեամբ լեցուած յանցագործութեանց ու անհանդուրժողականութեանց։ Այս տեսակ գործողութիւններն ու ատոնց անպատժելիութիւնը կը ստեղծէ անապահով պայմաններ քրիստոնէական համայնքներու համար եւ անվստահութեան սերմեր կը ցանէ հաւատացեալներու, զբօսաշրջիկներու եւ բնակիչներու մէջ՝ հանդէպ տեղական իշխանութեանց։
Հետեւաբար, կոչ կ’ընենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան, որպէսզի լուրջ միջոցներ ձեռնարկեն՝ կանխելու այսօրինակ յարձակումները եւ պաշտպանելու ինչպէս քրիստոնէական սրբավայրերը, այնպէս ալ անոնց ամենօրեայ սպասաւորները յետագայ ոտնձգութիւններէ եւ յարձակումներէ»,- ըսուած է Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ։
«Հայոց Ցեղասպանութեան
հրապարակ» Հայֆայի մէջ
Իսրայէլի Հայֆա Քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին հրապարակ բացուած է։
Կը նշուի, որ հրապարակը կը կրէ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» անունը եւ այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Հոգշ. Տ. Աղան աբղ.ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Մարտի 20-ին Իսրայէլի Հայֆա քաղաքը, Պէն Կորիոն 26ա հասցէին տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակ»ի բացման եւ ցուցանակի քօղազերծման արարողութիւնը։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն ներկայ էին կալուածներու գրասենեակի տնօրէն Տ. Կորիւն վրդ. Պաղդասարեանը, Դիւանապետ՝ Տ. Աղան աբղ. Գոգչեանը եւ Հայֆայի հայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրայր քհն. Յովակիմեանը։
Թուրքիոյ ԱրտԳործ Նախարար Մեվլուտ Չաւուշօղլու հակազդեց Իսրայէլի կառավարութեան, Հայֆայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ձօնուած հրապարակի բացման առթիւ։