20Մարտ երկուշաբթի օր, Ազգային Դաշինքի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու Խորհրդարանի մէջ այցելած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (ՀՏՓ)։ Քըլըչտարօղլու նախապէս ալ հանդիպումներ ուեցած էր Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան եւ այլ համայնավար խմբակներու ղեկավարներու հետ։ 22 Մարտին ՀՏՓ-ի համանախագահ Փերվին Պուլտան իր գլխաւորած դաշինքի անունով պաշտօնապէս յայտարարեց թէ նախագահական ընտրութեան համար թեկնածու պիտի չ՚առաջարկեն։
Պուլտան ըսաւ հետեւեալը. «Նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի կատարենք մեր պատասխանատուութիւնը ի դէմ միապետականութեան։ Վճռակամ ենք երկրէ ներս ժողովրդավարութեան, հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութեան, հասարակական արդարութեան իրականացման անունով հաշիւ պահանջելու թշուառութեան, անօրինութեան եւ թալանի սկզբունքով վարչութիւն մը որդեգրած իշխանութենէն։ Այդ իսկ պատճառաւ հասարակութեան կը յայտարարենք թէ առանձին թեկնածու մը պիտի չներկայացնենք»։
14 Մայիսին կայանալիք ընտրութիւններուն ՀՏՓ-ի գլխաւորած Աշխատանքի եւ Ազատութեան Դաշինքը որոշած է միասնաբար մասնակցելու։ Որոշ շրջաններու մէջ Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութենէն եւ դաշինքի այլ կուսակցութիւններուէն թեկնածուներ ցանկի առաջին հորիզոնականներուն վրայ պիտի ներկայանան։