Թուրքիոյ հայ հասարակութեան ծանօթ դէմքերէն Բարսեղ Սարայլը մահացաւ։ Ան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր առողջական խնդիրներով։ Բարսեղ Սարայլը ծանօթ էր մանաւանդ Թօփգաբուի Լեւոն Վարդուհեան եւ Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարաններու վարժարանի համար կատարած բարեգործութիւններով։ Ան նաեւ հիմնած էր Սարայլը մրցանակը, որու միջոցաւ կը խրախուսէր միջնակարգի եւ երկրորդական վարժարանի աշակերտներու յաջողութիւնը։
Բարսեղ Սարայլը Թուրքիոյ ծանօթ գործատէր էր յատկապէս ալումինումի արտադրութեան ոլորտէն ներս։