2Ապրիլին Շիշլի Քենթ Մշակոյթի կեդրոնին մէջ կը յիշատակուի թուրք շարժանկարի հանճարեղ բեմադրիչ Եըլմազ Կիւնէյ։
Կիւնէյ իր մտաւորական եւ ստեղծագործ յատկութիւններով մեծ ներդրում ունեցած է Թուրքիոյ շարժանկարի արուեստին գեղարուեստական դիմագիծ մը ստանալուն մէջ։ Ֆիլմերու արտադրութիւնը ունի բաւական հին պատմութիւն։ Սկզբնական շրջանին արտադրուած ֆիլմերը թատերական ներկայացումներու նկարահանումներէն կը բաղկանար։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ սկզբնական շրջանի բազմաթիւ ֆիլմեր իբրեւ ռեժիսոր կը կրէին թրքական թատրոնի անուանի բեմադրիչ Մուհսին Էրթուղրուլի ստորագրութիւնը։ Ապա եկաւ նոր շրջան մը, ուր այս անգամ շարժանկարի արուեստը հետզհետէ կը զատորոշուէր թատրոնէն եւ կը յայտնուէին Մեթին Էրքսան, Հալիթ Ռեֆիղ, Լիւթֆիւ Աքաթ, Աթըֆ Եըլմազի նման բեմադրիչներ։
1960-ական տարեթիւերուն Թուրքիոյ մէջ տարեկան շուրջ 250 ֆիլմ կ՚արտադրուէր։ Այդ տարիներուն Եըլմազ Կիւնէյ որպէս դերասան արդէն ապահոված էր որոշ համբաւ։ Բայց անոր տաղանդը ի յայտ եկաւ 1969-ին արտադրած «Ումութ» (Յոյս) ֆիլմով։ Կիւնէյ այս ֆիլմով արձանագրեց մեծ յաջողութիւն եւ զանազան կինօ մեկնաբաններ խոնարհեցան անոր տաղանդին դիմաց։ Երկրի ընկերական կեանքի հետաքրքրական ցոլացում մըն էր այս ֆիլմի մէջ պատմուածը։ Կիւնէյ մեծ յաջողութեամբ իրարու մէջ կ՚ընդլուծէ զանազան երեւոյթներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին կրնայ ինքնին նոր ֆիլմի մը նիւթը դառնալ։
Նկատի ունենալով որ Եըլմազ Կիւնէյի ուսման ուղին բոլորովին տարբեր ոլորտի մէջ ձեւաւորուած է, շարժանկարի ասպարէզէ ներս զինք կարելի է բնութագրել «ինքնուս» մասնագէտ մը ըլլալով։ Անոր ֆիլմերու հետ շփումը կը սկսի բեռնակիրութեամբ։ Չէ որ տակաւին միջնակարգի տարիներուն կ՚աշխատակցէր «Տարֆիլմ» ընկերութեան, զանազան կինօ-թատրոններուն 16 միլիմեթրանոց ֆիլմեր բաժնելով։ Նոյն տարիներուն կը ձեւաւորուի նաեւ Կիւնէյի քաղաքական աշխարհահայեացքը։ Համալսարանի աշակերտ էր, երբ գրական պարբերականի մը մէջ հրատարակուած պատմուածքի մը համար դատուեցաւ համայնավար քարոզչութեան մեղադրանքով եւ դատապարտուեցաւ բանտարկութեան։
Կիւնէյ յաջորդող տարիներուն բեմադրած ֆիլմերով եւս մեծ յաջողութիւններու արժանացաւ։ Երկրի մէջ նուաճած մրցանակներուն յաջորդեցին աշխարհի կարեւորագոյն կինօ-փառատօներուն մէջ ձեռք բերուած նորերը։
Երկրի քաղաքական ալեկոծումները ուղղակիօրէն ազդեցին Եըլմազ Կիւնէյի կեանքին։ Ան ի վերջոյ հարկադրուեցաւ երկրէն խոյս տալու եւ բնակութիւն հաստատեց Փարիզի մէջ։ Երկրի մէջ նկարահանած «Եոլ» (Ճանապարհ) ֆիլմը արժանացաւ Քանի փառատօնի առաջնութեան մրցանակին, Քոստա Վարկասի «Միսինկ» (Կորսուած) ֆիլմին հետ։
Եըլմազ Կիւնէյ մահացաւ Փարիզի մէջ, իր ետին թողելով անաւարտ պատմութիւն մը։
Երկու Ապրիլ օրը, այդ պատմութեան մերօրեայ ցոլացումն է որ պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։ «Կիւնէյ» պարբերականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս յիշատակի ցերեկոյթին իրենց կատարումներով պիտի մասնակցին երգչուհի Տեւրիմ Քաւալլի եւ Պարըշ Քըլըչլը։ Ելոյթ պիտի ունենան «Կիւնէյ» պարբերականի անունով Թունճայ Էօզքարատենիզ, Թեմել Տեմիրէլ, Բագրատ Էսդուգեան եւ Ֆաթոշ Կիւնէյ։
Պիտի ցուցադրուի նաեւ Եըլմայ Կիւնէյի ֆիլմերէն պատրաստուած ամփոփում մը։
Ազատ մուտքով նախատեսուած ձեռնարկի թուականն է 2 Ապրիլ կիրակի, ժամ 14.00։