ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Ցեղապաշտութիւնը համատարած է։ Շատ շուտ հանգեցաւ Ամետսփորի մրցումով բռնկած բոցը, արժանի կերպով առանց քննարկելու։ Մարզիկի տեսանելիութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է հասարակական կեանքի մէջ։ Չեմ գիտեր թէ ուրիշ երկիրներէ ներս սփորտային հանդիպումի մը ընթացքին յաղթանակի կամ պարտութեան հոգեբանութիւնը այսքան կարեւոր հետեւանքներ կ՚ունեանա՞յ։ Թուրքիոյ մէջ կ՚ունենայ։
Կրնայ չափազանցութիւն թուիլ եթէ Թոփալ Օսմանի կամ Եէշիլի նման կերպարներու նկարները դրիպունաները զարդարեն, ուրիշ ոլորտներու ալ օրինակ կը հանդիսանան։
Խիստ վտանգաւոր է Ամետսփորի դէմ գործադրուածներու հակազդեցութիւն չտեսնելը։ Բաւարար չէ միայն քանի մը հազար «թուիթըրեան» գրառումով պախարակել։ Կը կարօտինք համատարած դատապարտութեան մը, նման դէպքի կրկնութիւնը կանխելու համար։
Ճիշդ է ծանր հետեւանքներով երկրաշարժ մը ապրեցանք։ Բայց այս չի նշանակեր թէ երկրէ ներս պատահած բոլոր դէպքերը պիտի անտեսենք։ Անշուշտ որ նախապատուութիւն պիտի տրուի աղէտի հետեւանքները բուժելու, քաղաքները վերակառուցելու։ Յիշենք 2016-ին պատահած յեղափոխութեան անյաջող փորձը։ Կատարուածը պատրուակելով որքան շատ մարդու իրաւունք բռնաբարուեցաւ եւ կատարուածն ալ քօղարկուեցաւ։ Ստիպուած ենք այս մեծ ալեկոծումներուն մէջ իսկ հասարակութեան զգայնութիւնը բարձր պահելու։
Չենք յաջողած։
Այս շաբաթէն օրինակ մը բերեմ։ Թուրքիոյ միակ հրեայ վարժարանը միջվարժարանային մրցաշարքի մը ծիրէն ներս կը մրցի Սկիւտարի Ամերիկեան Վարժարանի հետ։ Մրցման ընթացքին Սկիւտարի Ամերիկեան Վարժարանի ֆուտպոլիստները կոլ արձակելէ ետք նացիական ողջոյն մը կ՚ուղղեն Հրէից Վարժարանի ֆութպոլիստներուն…
Իսկ ի՞նչ կը պատահի։ Ոչ մրցումը կ՚ընդհատուի ոչ ալ Սկիւտարի Ամերիկեան Վարժարանը մրցաշարքէն կ՚արտաքսուի։
Սկիւտարի Ամերիկեան Վարժարանը յայտարարութիւնով մը իր օձիքը կ՚ազատէ այս գայթակղութենէն։
Եկէք լսենք այդ յայտարարութիւնը «Յանուն 1876-էն այս կողմ սերունդներ դաստիարակած Սկիւտարի Ամերիկեան վարժարանի, խոր յուզում կ՚ապրինք մեր խումբի խաղացողներէն մէկուն սխալ շարժումին պատճառաւ։ Կ՚ուզենք յատկապէս շեշտել թէ որպէս հաստատութիւն մեր որդեգրած ուսման գաղափարախօսութեան համահունչ կ՚երպով դէմ ենք ամէն տեսակ խտարականութեան։ Շուտով տեսակցեցանք Ուլուսի Հրէից Վարժարանի պատասխանատուներուն հետ եւ իրենց յայտնեցինք մեր յուզումը եւ հարցաքննութեան մեկնարկումը։ Հասարակութեան կը ծանուցենք թէ նիւթը պիտի հետապնդելու պատշաճ կարեւորութեամբ ու զգայնութեամբ»։
Յատկապէս սեւագրած եմ սխալ շարժում եւ խոր յուզում արտայայտութիւնները։ Այս բառամթերքը գիտեմ որ ծանօթ է ձեզ։ Եւրոպացիներ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քաղաքական ճնշումներու եւ փոքրամասնութիւններու դէմ խտրականութեան դիմաց յաճախ կ՚արտայայտեն այդ խոր յուզումը։
«Իսկ աւելի ի՞նչ կրնան ընել» հարցումին դէմ յստակ պատախան մը չունիմ։ Ես կրթական մշակ չեմ։ Չեմ բաժներ նաեւ կարգ մը հրեայ բարեկամներուս այդ գայթակղութիւնը կատարող աշակերտները իսկոյն դպրոցէն վտարելու մասին առաջարկները։ Յայտնի է որ այդ տղաքը ընդհակառակը կրթութեան կարօտ են։ Զիրենք դպրոցէն վտարելով միայն լաւ նացի մը ըլլալնուն կը ծառայենք։ Մենք գոհանանք տարուայ ցեղապաշտներու եւ հակասեմիտներու ցուցակին Սկիւտարի Ամերիկեան Վարժարանի սաները աւելցնելով։
Մնաց որ այս մէկը ֆութպոլային մրցումներու ժամանակ ցոլացող ցեղապաշտութեան օրինակներու ոչ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը։ Կը յիշեմ անցեալին իմ հեղինակած Կամուրջ հեռուստահաղորդման ընթացքին Թաքսիմի մարզակումբի խմբապետ Արիս Պոտոտողանի խօսքերը։ Ան նշած էր թէ 19 Յունուարի մահափորձէն ետք Հրանդ Տինքի ոճրագործին ակնարկելով «Բոլորս Օկիւն Սամասթ ենք» գրուած վերտառութիւններ պարզուած էին հայկական խումբի դիմաց։
Նախորդ շաբաթ Եւորպայի Ֆութպոլի Ֆետերացիան յայտարարեց թէ Թուրքիա-Հայաստան հանդիպման առաջին փուլին թուրք հանդիսատես պիտի չընդունուի։ Թուրքիացի երկրպագուներ զրկուեցան 25 Մարտի մրցումին սթատիոմէն հետեւելու առիթէն։ Հաւանաբար 8 Սեպտեմբերին թուարկուած մրցումին ալ հայ երկրպագուներ նոյն զրկանքը պիտի ապրին։
Երանի թէ այսքանը ըլլար։
Այս շաբաթ Պողազիչի համալսարանի թրքական հետազոօտութիւններու ակումբն ալ Թալաթ Փաշան յիշելու համար հրապարակեց հետեւեալ գրառումը՝ «Անատոլուի մէջ թուրք գոյութեան եւ արդի Թուրքիոյ երաշխաւոր, ազատութեան հերոս, մեծ վարչապետ Թալաթ Փաշան Պերլինի մէջ հայ ահաբեկիչի մը ձեռքով թիկունքէն հարուածով նահատակութեան տարելիցի առթիւ անհուն սէր ու երախտիքով կը յիշատակենք»։
Այս յայտարարութեան մեկնաբանութիւնը թողունք «Ակօս»ի սիւնակագիր Յովհաննէս Քըլըչատաղի։ «Անատոլուի թուրք գոյութեան եւ արդի Թուրքիոյ երաշխաւոր» եզրի թարգմանութիւնը «Եթէ հայերը չմաքրէիր մենք ինչպէ՞ս այս ազգային պետութիւնը կը կառուցէինք եւ յանուն թրքութեան բոլորին համար սպառնալիք կը դառնայինք»։