Եթէ ոչ Ժէրին կամ Պերճը, իրենց կրտսեր եղբայրը Հրաչ տարեկիցս էր եւ դասընկեր։ Երեք եղբայրներու յաջորդած էր դուստր մը՝ Անին ալ քրոջս մտերիմ ընկերն էր։ Երիտասարդութեան վաղ տարիներէն, նոյնիսկ Հրաչի հաշւոյն կարելի է ըսել մանկութեան տարիներէն ձեւաւորուած հակում էր երաժշտութիւնը։
Ժէրի Խրիմեան եթէ բոլորովին արհեստավարժ երաժիշտ դարձաւ, անդին Պերճը արհեստաւոր եղաւ նաեւ յատկապէս մասնագիտանալով ինքնաշարժներու կղպանքի նիւթով։ Համբաւաւոր վարպետ դարձաւ իր գործընկերոջ՝ Զակորի հետ։ Թէ ի՞նչ էր Զակորի բուն անունը, մեզմէ շատեր չէինք գիտեր։ Վերջապէս Ֆերիտիյէ թաղի տղաներն էինք։
Ժէրի վերջերս ստանձնեց նաեւ մի այլ կարեւոր պաշտօն, Իսթանպուլի Քաղաքապետի մօտ փոքրամասնութիւններու նիւթերով խորհրդատու դառնալով։
Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած օրերուն էր որ երեք եղբայր իբրեւ հայ եկեղեցւոյ մեծ հոգեւորական Խրիմեան Հայրիկի հարազատներ, պաշտօնապէս ընդունելութիւն վայելեցին Հայաստանի մէջ։
Այժմ Ժէրի Խրիմեան խմբագրութեանս ձօնած է թրքերէն լեզուով գրի առած արձակ բանաստեղծութիւններէ բաղկացող գիրք մը, որ զարդարուած է նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներով։
Գիրքի ծանօթագրութիւնով կ՚իմանանք թէ ան յօրինած է աւելի քան 80 երգեր, որոնց բառերու հեղինակն ալ ինք է։
Քիւչիւքչեքմեճէի Քաղաքապետարանի մեկենասութեամբ լոյս տեսած այս գիրքի հետ միասին ստացանք նաեւ նոյնանուն երաժշտական սկաւառակ մը, ուր տեղ գտած էին Ժէրի Խրիմեանի երգացանկէն ընտրուած հինգ կատարումներ։