Ընտրութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի վաւերացումով վերջնականապէս ճշդուած եղաւ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականը։ 14 Մայիսի ճշդումէն ետք թափ ստացաւ ընտրարշաւի յատուկ մրցակցութիւն մը նախագահ Էրտողանի կուսակցութեան գլխաւորած Հանրապետական Դաշինքը կը փորձէ իր միաւորումները ընդլայնել աջակողմեան զանազան կուսակցութիւններու ներառումով։ Այսպէս Հանրապետական Դաշինքին միանալու ուղղեալ շփումներ կը կատարուին քրտական կրօնամոլ «Հիւտափար», դարձեալ կրօնամոլ «Վերստին Ռեֆահ» եւ «Նոր Անավաթան» կուսակցութիւններու հետ։
Այստեղ յատկապէս ուշագրաւ է «Հիւտափար» կուսակցութիւնը, որ քաղաքական դաշտի վրայ շարունակութիւնն է տխրահռչակ «Հզպուլլահ» ահաբեկչական շարժումին։
Միւս կողմէ Հանրապետական Կուսակցութեան գլխաւորած Ազգային Դաշինքն ալ կ՚ընդլայնէ իր շարքերը, ձախակողմեան կուսակցութիւններու մերձենալու փորձերով։ Նախագահութեան թեկնածու Քըլըչտարօղլու այժմ կը պատրաստուի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան գլխաւորած դաշինքին հետ ալ հանդիպումներ ունենալու։
Այս որոնումներու մէջ կը շարունակուի Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը արգելափակելու նպատակով յարուցուած դատական գործողութիւնը։ Վերլուծաբաններու համաձայն այս կուսակցութիւնը պիտի բնորոշէ ընտրութեան ճակատագիրը։ Եթէ ան իր ձայներով զօրակցի Քըլըչտարօղլուի, Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ վերջակէտ դրուած պիտի ըլլայ Էրտողանի ցարդ անպարտելի մնացած իշխանութեան։
Բացի այս բոլորէն կան նաեւ Մուհարրեմ Ինճէ եւ Ահմետ Էօզալի նման անուններու շուրջ ձեւաւորուած դաշինքներ, որոնք ընտրողներու ձայնի առումով ոչ մէկ նշանակութիւն ունին։