Սպիտակ ցանկը յաղթական

12Մարտ կի­­րակի օր, ի վեր­­ջոյ կա­­յացաւ Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի եկե­­ղեցեաց թա­­ղական խոր­­հուրդի խնդրա­­յարոյց ընտրու­­թիւննե­­րը։ 5689 ձայ­­նե­­­րով այս ընտրու­­թիւնը գե­­րազան­­ցած եղաւ նա­­խորդ բո­­լոր օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Ընտրու­­թեան աւար­­տին ձայ­­նե­­­րու ջախ­­ջա­­­խիչ մե­­ծամաս­­նութեամբ յաղ­­թա­­­կան հան­­դի­­­սացաւ Աք­­սել Թո­­փալեանի գլխա­­ւորած Սպի­­տակ ցան­­կը։

Ընտրու­­թեան մաս­­նակցե­­ցան Իս­­թանպու­­լի երկրորդ ընտրա­­տարած­­քի հայ բնա­­կիչ­­նե­­­րը վեց ընտրա­­մասե­­րու տե­­ղադ­­րո­­­ւած 22 սնտուկնե­­րու մէջ քո­ւէար­­կե­­­լով։ Մրցա­­կից խումբե­­րէն Դե­­ղին ցան­­կը 20,4 տո­­կոսով յա­­ջոր­­դեց Սպի­­տակ­­նե­­­րուն, որոնք նուա­­ճած էին ձայ­­նե­­­րու 53,6 տո­­կոսը։

Ընտրու­­թեան Կար­­գա­­­դիր Յանձնա­­խումբը յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հա­­ղոր­­դեց թէ 14 Մար­­տին ընտրու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րը եւ առնչո­­ւած փաս­­տա­­­թուղթե­­րը Իս­­թանպու­­լի Առա­­ջին Շրջա­­նային Տնօ­­րէնու­­թեան յանձնե­­լով աւար­­տած են իրենց վստա­­հուած պար­­տա­­­կանու­­թիւնը։

Յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնո­­ւի Սա­­մաթիոյ, Ֆե­­րիգիւ­­ղի, Գա­­րակէօլեան Որ­­բա­­­նոցի եւ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի թա­­ղական խոր­­հուրդնե­­րուն իրենց զօ­­րակ­­ցութեան հա­­մար։

Յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն կը յայտնուի նաեւ Սե­­ւան Հատ­­տէ­­­լերի, Սեր­­տար Քա­­սափ­­ճը­­­լարի եւ ընտրա­­մասե­­րու մէջ պաշ­­տօն ստանձնող կա­­մաւոր­­նե­­­րու ու դի­­տորդնե­­րու։

«Վեր­­ջա­­­պէս յաղ­­թա­­­նակած Լու­­սա­­­ւոր Ապա­­գայ կո­­չու­­մով Սպի­­տակ ցան­­կի թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը կը շնոր­­հա­­­ւորենք եւ այս նոր պար­­տա­­­կանու­­թեան մէջ յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թենք» ըսո­­ւած է ընտրու­­թեան կար­­գա­­­դիր յանձնա­­խումբի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Ընտրու­թե­նէ ետք ատե­նապետ Աք­սել Թո­փալեան «Ակօս»ին յայտնեց թէ հա­մայնքը իրենց պար­տա­կանու­թիւն մը շնոր­հած է եւ հինգ տա­րի պի­տի աշ­խա­տին իրենց ու­ղո­ւած վստա­հու­թիւնը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ