Կարպիս Զաքարեան վաւերագրականի հերոս

Պոլսոյ հայ­կա­կան մար­զա­կումբնե­րէն ներս բռնցքա­մար­տը ամե­նասի­րուած մար­զա­կան ոճե­րէն մէկն էր, երբ տա­կաւին Թուրքիոյ մէջ գո­յու­թիւն չ՚ու­նէր բռնցքա­մար­տի ֆե­տերա­ցիան։ Ֆե­տերա­ցիայի հիմ­նադրու­թիւնով Կար­պիս Զա­քարեանն ալ հան­դի­սացաւ երկրի առա­ջին ազ­գա­յին բռնցքա­մար­տի­կը։ Ան այդ կո­չու­մը ար­դա­րացուց դառ­նա­լով Մի­ջին Արե­ւել­քի ախո­յեան։

Զա­քարեանի յաղ­թա­նակ­նե­րով լե­ցուն մար­զա­կան վա­ստակը վե­րածո­ւած է վա­ւերագ­րա­կանի մը, որուն առա­ջին ներ­կա­յացու­մը պի­տի կա­յանայ 30 Մարտ թո­ւակա­նին, Աթա­թիւրքի Մշա­կոյ­թի Կեդ­րո­նին մէջ։

«Լոյս Մե­տիա»յի նա­խաձեռ­նութեամբ պատ­րաստո­ւած վա­ւերագ­րա­կանի առա­ջին ներ­կա­յացու­մին հա­մար նա­խապէս ճշդո­ւած էր 7 Փետ­րո­ւար թո­ւակա­նը։ 6 Փետ­րո­ւարին տե­ղի ու­նե­ցած ահա­ւոր երկրա­շար­ժի պատ­ճա­ռաւ այդ ցու­ցադրու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւեցաւ 30 Մար­տի։

Նոյն օր հան­դի­սաս­րա­հի մուտքին պի­տի կա­յանայ նաեւ Զա­քարեանի անձնա­կան իրե­րէ հա­ւաքո­ւած ցու­ցա­հան­դէս մը եւս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ