Հրանդ Տինք Հիմնարկի 2020 թուականի Յուլիս ամիսէն ի վեր մշակած «Թուրքիոյ հայ հաստատութիւններու խնդիրները» խորագրեալ նախագիծը աւարտին հասաւ «Ակօս»ի սիւնակագիր Յովհաննէս Քըլըչտաղի խմբագրած տեղեկագրի հրապարակումով։
Տեղեկագիրի ամբողջական խորագիրն է «Նեղ շապիկը, Թուրքիոյ հայ հաստատութիւններու խնդիրները եւ լուծման առաջարկներ»։
Տեղեկագիրը կ՚ընդգրկէ հայ վարժարաններու, հիմնարկներու եւ Պատրիարքարանի ներկայացուցիչներուն հետ կատարուած 54 հանդիպումներ եւ ակադեմականներու, իրաւաբաններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդակցական բնոյթով չորս հանդիպումներու արձանագրութիւնները։
Այս աշխատութիւնը կը միտի քաղաքական գործիչներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հասարակութեան առկայ հարցերու հանդէպ տեղեկատուութիւնը զարգացնելու։
Ապրիլ ամսուայ մէջ լոյս պիտի տեսնէ նաեւ տեղեկագրին անգլերէն տարբերակը։ Տեղեկագիրը հասանելի է https://hrantdink.org/images/bolis/TEKHS_Rapor.pdf հասցէի միջոցաւ։