Մարզադաշտերու քաղաքականացումը

Մա­նաւանդ երկրա­շար­ժի աղէ­տէն ետք կա­ռավա­րու­թեան մատ­նո­ւած ան­ճա­րակու­թեան դէմ դրի­պու­նա­ներէն բարձրա­ցող բո­ղոքի վան­կարկումնե­րը կ՚ընդլայ­նին հաս­նե­լով մին­չեւ միջ­վարժա­րանա­յին ֆութպո­լի մրցումնե­րուն։ Կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարու­մը պա­հան­ջող վան­կարկումնե­րէն ետք Պուրսաս­փոր- Ամետսփոր հան­դիպման պա­հուն ար­ձա­կուած ցե­ղապաշտ ելոյթնե­րու նոր օրի­նակ մը ապ­րո­ւեցաւ 14 Մարտ թո­ւակա­նին, երբ կը մրցէին Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Քո­լըճի եւ Ու­լուսի Հրէից Վար­ժա­րանի խումբե­րը։ Մրցման ըն­թացքին Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան վար­ժա­րանի ֆութպո­լիստնե­րը կո­լի ու­րա­խու­թիւնը ար­տա­յայ­տե­ցին Նա­ցիական բա­րեւով։ Հրէից խումբին դէմ շատ ծանր ու վի­րաւո­րական այս արար­քը ան­հանգստու­թիւն պատ­ճա­ռեց ոչ միայն են­թա­կային, այլ հա­սարա­կու­թեան լայն շեր­տի մը հա­մար։

Ար­դա­րեւ Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Քո­լըճի վար­չութիւ­նը դա­տապար­տեց իր թի­մի այս շար­ժումը, խոս­տա­նալով որ հար­ցաքննու­թիւն պի­տի կա­տարո­ւի պա­տահա­ծին համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ