Երկրաշարժի աղէտը ճիշդ է որ շատ ծանր աւերներ գործեց ընդարձակ տարածքի մը վրայ, ներառելով 11 քաղաքներ։ Այդ քաղաքներու մէջ Հաթայ նահանգը իր Անտիոք, Իսքենտերուն, Սամանտաղ, Արսուզ եւ Ալթընէօզիւ գաւառներով ամենածանր տուժողներէն եղաւ։ Բացի մարդկային կեանքի կորուստներէ փլատակներու տակ մնաց նաեւ այս նահանգի իւրայատկութիւնը։ Հաթայ բառը նշելով Թուրքիոյ մէջ բոլորը կը մտաբերեն բազմազգի, բազմակրօն եւ բազմամշակութային միջավայր մը։
Այսօր երբ կը մօտենանք աղէտի քառասունքին անտիոքեան սփիւռքը կը նախատեսէ 40-օրեայ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել 18 Մարտ շաբաթ օր 15.00-19.00 ժամերու միջեւ «Իսթոս» հրատարակչատան գրախանութի մէջ։
Անտիոնքի եւ շրջակայքի իւրայատուկ համայնքներէն է արաբախօս ուղղափառները եւ այս 40-ի հոգեհանգստեան միջոցառումն ալ կը կազմակերպուի այդ հաւաքականութեան «Նեհնա» հարթակի կողմէ։
Միջոցառումի ընթացքին միայն բացման ճառով մը հանդէս պիտի գան «Նեհնա»ի ներկայացուցիչները եւ ապա բարձրախօսը պիտի յանձնուի ցանկացող մասնակիցներուն, իրենց զգացումները եւ միտքերը փոխանցելու համար։
Մասնակիցները պիտի հիւրասիրուին ցորենի հրուշակով եւ տեղական սուրճով։
Նման զանգուածային աղէտները տարաբնոյթ ազդեցութիւններ կը թողուն իւրաքանչիւրի վրայ։ Ոմանք կը մատնուին լռութեան, իսկ ոմանք ալ կարիքը կը զգան իրենց աղաղակը լսելի դարձնելու։ Վերջապէս քառասունքը սուգի աւարտը խորհրդանշող օր է։ Արդարեւ «Նեհնա»ի հրապարակած կոչին մէջ յատուկ կը նշուի վերադարձի եւ քաղաքը վերակառուցելու մասին կոչը։