«Բոլորին կը պատկանիմ, կամ ոչ ոքի»

Պոլսահայ անո­­ւանի գե­­ղան­­կա­­­րիչ Գրի­­գոր Սա­­հակօղ­­լու կը պատ­­րաստուի նոր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով մը արո­­ւես­­տա­­­սէր հա­­սարա­­կու­­թեան ներ­­կա­­­յանա­­լու։

Արո­­ւես­­տա­­­գէտը այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հա­­մար յղա­­ցած է «Բո­­լորին կը պատ­­կա­­­նիմ, կամ ոչ ոքի» խո­­րագի­­րը։

Ծա­­նօթագ­­րութեան մէջ կը նշո­­ւի պատ­­մա­­­հայր Հո­­մերո­­սէն անեկ­­դոտ մը։ Ան երբ կը շրջա­­գայէր Եգէակա­­նի ափե­­րուն, կը փոր­­ձէ շու­­քը վա­­յելել ձի­­թէնիի մը։ Յան­­կարծ ծա­­ռը լե­­զուի կու գայ ու կ՚ըսէ. «Հոս էի քեզ­­մէ առաջ եւ քեզ­­մէ վերջ ալ հոս պի­­տի մնամ»։ Ի՞նչ է մար­­դուն նշա­­նակու­­թիւնը երկրի վրայ եւ իր ապ­­րած ժա­­մանա­­կահա­­տուա­­ծի մէջ։ Խոր­­հուրդ մը՝ որ ան­­խուսա­­փելիօրէն կը կառ­­չի յատ­­կա­­­պէս ստեղ­­ծա­­­գործ մար­­դու մտքին։ Կը գի­­տակ­­ցինք կեան­­քի վա­­ղան­­ցի­­­կու­­թեան։ Միւս կող­­մէ կը տես­­նենք իրենց գոր­­ծով դա­­րերը յաղ­­թա­­­հարած կեր­­պարներ։ Ու­­րեմն բնա­­կան է մտմտալ թէ ար­­դեօք ի՞նչ յի­­շատակ կը մնայ մեզ­­մէ, երբ մենք ար­­դէն չկանք։

Բնան­­կարներ, դի­­ման­­կարներ, մե­­ռեալ բնու­­թիւն նկա­­րող­­նե­­­րու հա­­մար կար­­ծես աւե­­լի յստակ առեղ­­ծո­­­ւած մըն է այս, բաղ­­դատմամբ վե­­րացա­­կան նիւ­­թե­­­րով իր ներքնաշ­­խարհը կտա­­ւին վրայ ցո­­լաց­­նող արո­­ւես­­տա­­­գէտի։

Նոր ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը բո­­լոր հե­­տեւորդնե­­րու դի­­մաց պի­­տի բա­­նայ այս ու նման միտ­­քե­­­րու նոր հո­­րիզոն մը։ Իսկ այդ հո­­րիզո­­նը ու­­րախ տրա­­մադ­­րութիւն թէ ոչ թա­­խիծ պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ, այս մէ­­կը պի­­տի մնայ բո­­լորո­­վին ան­­հա­­­տական։

Ու­­րեմն արո­­ւես­­տա­­­գէտը մեզ կը հրա­­ւիրէ առե­­րես­­ման նոր հար­­թա­­­կի մը, որ նշա­­նակու­­թիւն պի­­տի ու­­նե­­­նայ թէ ուղղա­­կի իրեն եւ թէ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն հա­­մար։

Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Գրի­­գոր Սա­­հակօղ­­լո­­­ւի նա­­խորդ ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րը եւ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ոճը, վստահ ենք թէ այս նոր ցու­­ցա­­­հան­­դէսն ալ պի­­տի ար­­ժա­­­նանայ դրա­­կան ար­­ձա­­­գանգնե­­րու։

Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը կը կա­­յանայ Գուզկունճուք «Իմո­­կա» ցու­­ցասրա­­հի մէջ 16 Մարտ եւ 5 Ապ­­րիլ թո­­ւական­­նե­­­րու մի­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ