Հովուապետական այց դէպի աղէտի գօտի

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հայ­­րը 10 Մարտ 2023, Ուրբաթ առա­­ւօտ ձեռ­­նարկեց հո­­վուա­­պետա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թեան դէ­­պի Հա­­թայ նա­­հան­­գը, ուր թէ մեր փոք­­րա­­­թիւ հա­­մայնքնե­­րը, որոնք ազ­­դո­­­ւած էին նիւ­­թա­­­պէս եւ բա­­րոյա­­պէս, նաեւ սոյն նա­­հան­­գի մեր աղօ­­թատե­­ղինե­­րը՝ վնա­­սուած։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեանի, ժա­­մը 8.50-ին օդա­­յին ճամ­­բով հա­­սաւ Ատա­­նա եւ Շա­­քիր Փա­­շա Օդա­­կայա­­նի պա­­տուոյ սրա­­հին մէջ դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Գա­­ւառի Հա­­մայնքնե­­րու Տե­­սուչ՝ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի եւ Իս­­կենտէ­­րու­­նի Ս. Քա­­ռաս­­նից Ման­­կանց Եկե­­ղեց­­ւոյ Ծխա­­կան Խոր­­հուրդի Ատե­­նապետ՝ Եու­­սուֆ Թա­­պաշեանի կող­­մէ։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը, որ Մեծ Պա­­հոց ըն­­թացքին ամէն օր հո­­վուա­­պետա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւն կը շնոր­­հէ մեր եկե­­ղեցի­­ներուն, նա­­խագա­­հելով Արե­­ւագա­­լի նաեւ Կի­­րակ­­նօ­­­րեայ Ս. Պա­­տարա­­գի արա­­րողու­­թեանց ու Բա­­նին Կե­­նաց քա­­րոզու­­թեամբ կը մխի­­թարէ հա­­ւատա­­ցեալ ժո­­ղովուրդը, այս ան­­գամ առի­­թը գտաւ մէկ­­տե­­­ղուե­­լու աղի­­տահար մեր ժո­­ղովուրդին, անոնց ցա­­ւը ամո­­քելու եւ յայտնե­­լու Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի գլխա­­ւորու­­թեամբ մեր ժո­­ղովուրդի զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը։

Հո­­վուա­­պետա­­կան սոյն այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը առի­­թը ու­­նե­­­ցաւ հան­­դի­­­պումներ ու­­նե­­­նալու Հա­­թայի Կու­­սա­­­կալ՝ Ռահ­­մի Տօ­­ղանի, նաեւ Ան­­տիոքի Մայր Քա­­ղաքա­­պետ Փրօֆ. Տքթ. Լիւթֆի Սա­­վաշի հետ։ Սոյն հան­­դի­­­պումնե­­րուն ներ­­կայ եղան Տ. Շիր­­վան եւ Տ. Աւե­­տիս Քա­­հանայ Հայ­­րե­­­րը, Եու­­սուֆ Թա­­պաշ եւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի ան­­դամնե­­րէն Հեր­­ման Քա­­վաֆեան։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, որ զոյգ պաշ­­տօ­­­նարան­­նե­­­րը ծան­­րօ­­­րէն վնա­­սուած են երկրա­­շար­­ժէն, մե­­ծայարգ Կու­­սա­­­կալը Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ըն­­դունեց ԱՖԱՏ-ի Կեդ­­րո­­­նին մէջ, իսկ քա­­ղաքա­­պետը՝ ԷՔՍՓՕ-ի կեդ­­րո­­­նին մէջ։

Զոյգ հան­­դի­­­պումնե­­րու ըն­­թացքին Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը իր ցա­­ւակ­­ցութիւ­­նը յայտնեց երկրա­­շար­­ժի պատ­­ճա­­­ռաւ իրենց կեան­­քե­­­րը կո­­րու­­սած հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն հա­­մար եւ մաղ­­թեց որ Աս­­տո­­­ւած օգ­­նա­­­կան ըլ­­լայ իրենց վշտա­­հար պա­­րագա­­ներուն, նաեւ երկրա­­շար­­ժի ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կրող­­նե­­­րուն պար­­գե­­­ւէ համ­­բե­­­րու­­թիւն եւ տո­­կալու ոգի։ Նաեւ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց գա­­ւառաբ­­նակ մեր ժո­­ղովուրդին նկատ­­մամբ ցու­­ցա­­­բերո­­ւած ջերմ վե­­րաբեր­­մունքին եւ հո­­գածու­­թեան հա­­մար։ Տե­­սակ­­ցութեանց ըն­­թացքին նկա­­տի առ­­նո­­­ւեցան աւե­­րուած սրբա­­վայ­­րե­­­րու պա­­րագա­­ները եւ գա­­ղափա­­րի փո­­խանա­­կումներ եղան անոնց վե­­րականգնման հնա­­րաւո­­րու­­թեանց մա­­սին։

Թէ կու­­սա­­­կալը եւ թէ քա­­ղաքա­­պետը շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին ցու­­ցա­­­բերո­­ւած զգայ­­նութեան եւ փափ­­կանկա­­տու­­թեան հա­­մար։

Ամեն. Սրբա­­զան Պատ­­րիարք Հայ­­րը պաշ­­տօ­­­նական հան­­դի­­­պումնե­­րէն վերջ ժա­­մը 15.30-ին իր ու­­ղե­­­կից­­նե­­­րով հա­­սաւ Վա­­քըֆ­­գիւղ, ուր գիւ­­ղի մուտքին դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ գիւ­­ղա­­­պետ՝ Պերճ Գար­­թունի, նաեւ Ծխա­­կան Խոր­­հուրդի Ատե­­նապետ՝ Ճեմ Չա­­փարի եւ ան­­դամնե­­րէն Մի­­սաք Հեր­­կե­­­լի կող­­մէ։ Գիւ­­ղի մուտքին հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցաւ գիւ­­ղաբնակ մեր ժո­­ղովուրդին հետ, շուրջ քսա­­նեւ­­հինգ հո­­գի։ Այս հան­­դի­­­պու­­մին ժո­­ղովուրդը ազ­­դո­­­ւած էր վա­­յելած ըլ­­լա­­­լով իրենց Հո­­գեւոր Պե­­տին ներ­­կա­­­յու­­թիւնը, ինչ որ մխի­­թարա­­կան էր իրենց հա­­մար։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը լսեց իրենց փա­­փաք­­նե­­­րը, մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը, հե­­տաքրքրո­­ւեցաւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի մի­­ջոցաւ կա­­տարո­­ւած օժան­­դա­­­կու­­թիւննե­­րով ու անոնց ար­­ժե­­­ւոր­­ման ձե­­ւերով, տնօ­­րինեց որ ստու­­գումներ կա­­տարո­­ւին գիւ­­ղաբնակ ժո­­ղովուրդի ան­­մի­­­ջական կա­­րիք­­նե­­­րու դի­­մագ­­րաւման հա­­մար։ Գիւ­­ղաբնակ ժո­­ղովուրդին յայտնեց, որ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռը, թրքա­­հայ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը, Իս­­թանպու­­լի մե­­րազն հա­­ւատա­­ցեալ ժո­­ղովուրդը նաեւ սփիւռքա­­հայ հա­­մայնքնե­­րը կը հե­­տաքրքրո­­ւին աղէ­­տեալ­­նե­­­րու կա­­րիք­­նե­­­րով։ Պատ­­րիարք Հայ­­րը քննար­­կեց նաեւ Մես­­րոպ Պատ­­րիարք Մշա­­կու­­թա­­­յին Կեդ­­րո­­­նի նո­­րակա­­ռոյց շէն­­քը, ինչպէս նաեւ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու վթա­­րուած շէն­­քե­­­րը, այ­­ցե­­­լեց վրա­­նաբ­­նակ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն։

Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը Վա­­քըֆ­­գիւղէն ետք երե­­կոյեան իր հե­­տեւորդնե­­րով ան­­ցաւ Իս­­քենտէ­­րուն, ուր տեղ­­ւոյն հայ հա­­մայնքին հետ հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցաւ ճա­­շարա­­նի մէջ տեղ­­ւոյն Ծխա­­կան Խոր­­հուրդի սար­­քած ընթրի­­քի սե­­ղանի շուրջ։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը հե­­տաքրքրո­­ւեցաւ քա­­ղաքաբ­­նակ մեր փոք­­րա­­­թիւ ժո­­ղովուրդի կա­­րիք­­նե­­­րով եւ իրենց եւս յայտնեց Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը, որ կը տա­­րածո­­ւէր նաեւ քա­­ղաքէն գաղ­­թած քա­­ղաքա­­ցի ժո­­ղովուրդի ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն վրայ։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ընթրի­­քէն յե­­տոյ իր հե­­տեւորդնե­­րով գի­­շերեց Իս­­քենտէ­­րու­­նի Լա­­տին Կա­­թոլիկ Միաբա­­նու­­թեան վա­­նատան մէջ։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 11 Մարտ 2023, Շա­­բաթ առա­­ւօտ Իս­­կենտէ­­րու­­նի Լա­­տին Կա­­թոլիկ վա­­նատան պա­­տաս­­խա­­­նատու երէց՝ Հայր Ճոն Սատ­­րէտտի­­նէն հրա­­ժեշտ առ­­նե­­­լով, գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեանի ու­­ղեկցու­­թեամբ այ­­ցե­­­լեց քա­­ղաքի Սրբոց Քա­­ռաս­­նից Ման­­կանց Եկե­­ղեցին, որու մուտքին դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Ան­­տիոքի եկե­­ղեցեաց Հո­­գեւոր Հո­­վիւ եւ Գա­­ւառի հա­­մայնքնե­­րու Տե­­սուչ՝ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի եւ Ծխա­­կան Խոր­­հուրդի Ատե­­նապետ՝ Եու­­սուֆ Թա­­պաշեանի կող­­մէ։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը քննար­­կեց եկե­­ղեց­­ւոյ ներ­­քին վի­­ճակը, ինչպէս նաեւ եկե­­ղեց­­ւոյ կից հո­­վուա­­տու­­նը։ Այս վեր­­ջի­­­նը դժբախ­­տա­­­բար ան­­գործա­­ծելի դար­­ձած է։ Երկրա­­շար­­ժէն ծան­­րա­­­պէս վթա­­րուած է նաեւ եկե­­ղեց­­ւոյ արե­­ւելեան կող­­մի շէն­­քը, որ նաեւ եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­սու­­թա­­­բեր կա­­լուածն է։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը յայտնեց, թէ կա­­մօքն Աս­­տուծոյ ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու եւ ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու տե­­ղեկագ­­րին հա­­մաձայն կը վե­­րանո­­րոգո­­ւի եկե­­ղեցին, նաեւ պատ­­շաճ տնօ­­րինու­­թիւններ կ՚ըլ­­լան եկե­­ղեց­­ւոյ յա­­րակից եր­­կու կա­­ռոյցնե­­րու մա­­սին։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց նաեւ քա­­ղաքի Յոյն Ուղղա­­փառ հա­­մայնքի Սուրբ Նի­­կողա­­յոս եւ Սուրբ Գէորգ եկե­­ղեցի­­ները, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ եկե­­ղեց­­ւոյ վար­­չութեան ատե­­նապետ՝ Ճոն Թէյ­­մուրի։ Այս այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին խա­­ղաղու­­թիւն մաղ­­թեց իրենց կեան­­քե­­­րը կո­­րցրածներու հո­­գինե­­րուն եւ Սուրբ Հոգ­­ւոյ մխի­­թարու­­թիւն՝ իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը Իս­­կենտէ­­րու­­նէն բաժ­­նո­­­ւելով, ժա­­մը 12.30-ին հա­­սաւ Մէր­­սին եւ քա­­ղաքի Յոյն Ուղղա­­փառ­­նե­­­րու Սրբոց Գաբ­­րիէլի եւ Մի­­քայէ­­լի Եկե­­ղեց­­ւոյ մուտքին դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­գեւոր հո­­վիւ՝ Տ. Իս­­փիր Թէյ­­մուր Քա­­հանա­­յի նաեւ Ան­­տիոքի Յոյն Ուղղա­­փառ հա­­մայնքի հո­­գեւոր հո­­վիւ՝ Տ. Ճոն Տէյ­­լի­­­ւէր Քա­­հանա­­յի, վար­­չութեան Ատե­­նապետ՝ Իսա Շէն­­կիւլի եւ քա­­ղաքաբ­­նակ Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րու կող­­մէ։ Եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ զրոյց ու­­նե­­­ցաւ երկրա­­շար­­ժէ աղի­­տահար ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու հետ եւ աղօ­­թեց, որ Աս­­տո­­­ւած զօ­­րաց­­նէ իրենց հա­­ւատ­­քը, զօ­­րու­­թիւն եւ համ­­բե­­­րու­­թիւն պար­­գե­­­ւէ կեան­­քի դժո­­ւարու­­թեանց յաղ­­թա­­­հար­­ման հա­­մար։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ապա այ­­ցե­­­լեց քա­­ղաքի Լա­­տին Կա­­թոլիկ Եկե­­ղեցին, ուր դի­­մաւորռւե­­ցաւ Հ. Րո­­շան Վար­­դա­­­պետի, Ան­­տիոքի Լա­­տին Կա­­թոլիկ Եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­վիւ Հ. Ֆրան­­սո­­­ւա Վար­­դա­­­պետի, նաեւ քա­­ղաքաբ­­նակ Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րու կող­­մէ։ Եկե­­ղեց­­ւոյ սրա­­հին մէջ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը գլխա­­ւորեց երկրա­­շար­­ժէ աղի­­տահար ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու եւ Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ սար­­քո­­­ւած ճա­­շասե­­ղանը։ Ճա­­շի աւար­­տին Պատ­­րիարք Հայ­­րը աղօ­­թեց եւ հայ­­րա­­­կան խօս­­քով մխի­­թարեց ներ­­կա­­­ները եւ մաղ­­թեց որ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին հա­­ւատ­­քի զօ­­րու­­թեամբ յաղ­­թա­­­հարեն իրենց մատ­­նո­­­ւած դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը եւ նե­­ղու­­թիւննե­­րը։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան այս այ­­ցե­­­լու­­թիւննե­­րուն ըն­­կե­­­րացաւ նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան ան­­դամնե­­րէն՝ Հեր­­ման Քա­­վաֆեան։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը եւ Տ. Շիր­­վան Քա­­հանան Ատա­­նայէն վե­­րադար­­ձան Իս­­թանպուլ։ Օդա­­կայա­­նի Պա­­տուոյ Սրա­­հին մէջ ող­­ջերթ մաղ­­թե­­­ցին Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քա­­հանայ Հայրն ու Եու­­սուֆ Թա­­պաշեան, որոնք Ատա­­նայէն վե­­րադար­­ձան Իս­­կենտէրուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ