Քըլըչտարօղլու նախագահութեան թեկնածու

6եւ 20 Փետ­րո­ւարի օրե­րուն պա­տահած երկրա­շարժնե­րը ընդհա­տած էին երկրի քա­ղաքա­կան առօ­րեան։ Բո­լորին ու­շադրու­թիւնը ու­ղո­ւած էր աղէ­տին հե­տեւանքնե­րուն։ Իսկ նա­խորդ շա­բաթ, երբ բո­լորը կը սպա­սէին ընդդի­մադիր դա­շին­քի թեկ­նա­ծուի հրա­պարա­կու­մը, կար­ծես նոր երկրա­շարժ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ան­գամ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ, Իյի Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Մե­րալ Աք­շե­ների դա­շին­քէն հե­ռանա­լու որո­շու­մով։

Աք­շե­ներ առա­ջին օրէն սկսեալ վե­րապա­հու­թիւն կը յայտնէր Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի նա­խագա­հական թեկ­նա­ծու­թեան դէմ։

Այս հրա­ժարու­մը իր հա­կազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ նաեւ նոյ­նինքն Իյի Կու­սակցու­թեան շար­քե­րէն ներս եւ բա­զում կո­ւակ­ցա­կան­ներ ներ­կա­յացու­ցին իրենց հրա­ժարա­կանը։ Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք Մե­րալ Աք­շե­ներ կրկին վե­րադար­ձաւ վեց ան­դա­մանի սե­ղանին։

Այսպէս 6 Մար­տի երե­կոյեան կրօ­նամէտ Սաատեթ Կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական շէն­քի առ­ջեւ հա­ւաքո­ւած բիւ­րա­ւոր ժո­ղովուրդին յայ­տա­րարո­ւեցաւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի միացեալ թեկ­նա­ծու­թիւնը։ Այս յայ­տա­րարու­թիւնը մեծ ոգե­ւորու­թիւն ստեղ­ծեց, որ­մէ ետք Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւս ելոյթ ու­նե­ցաւ իր կու­սակցու­թեան առ­ջեւ, հոս դար­ձեալ հա­ւաքո­ւած բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդի խօսք ուղղե­լով։

Այսպէ­սով նա­խագա­հական եւ երես­փո­խանա­կան ընտրու­թիւննե­րու գոր­ծընթա­ցը մտաւ նոր փուլ մը, ուր բուռն պայ­քար պի­տի տա­նին հան­րա­պետա­կան եւ ազ­գա­յին դա­շինքնե­րու թեկ­նա­ծու­նե­րը Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այս զար­գա­ցու­մէն ետք յայ­տա­րարեց նաեւ թէ կը դադ­րեցնէ կու­սակցու­թեան նա­խագա­հի իր դե­րակա­տարու­թիւնը յա­նուն ան­կողմնա­կալ թեկ­նա­ծու­թեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ