Ատրպէյճան կը սրէ իրավիճակը Արցախի մէջ

5Մար­տի առա­ւօտեան, Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րու ներ­թա­փան­ցող խումբի յար­ձա­կու­մով զո­հուե­ցան Ար­ցա­խի ոս­տի­կանու­թեան 3 ծա­ռայող­ներ՝ փոխգնդա­պետ Ար­մէն Մա­յորի Բա­բայեան, հա­րիւ­րա­պետ Դա­ւիթ Վա­լերիի Դա­նիէլեան եւ տաս­նա­պետ Արա­րատ Թել­մա­նի Գաս­պա­րեան։ Իսկ տաս­նա­պետ Դա­ւիթ Աշո­տի Յով­սէ­փեան կրծքա­վան­դա­կէն վի­րաւո­րուե­ցաւ եւ փո­խադ­րո­ւեցաւ հան­րա­պետա­կան բժշկա­կան կեդ­րո­նը: Աւե­լի ուշ հա­ղոր­դուեցաւ, որ անոր վի­ճակը կա­յուն է՝ կեան­քին վտանգ չի սպառ­նար։

Ար­ցա­խի ոս­տի­կանու­թե­նէն յայտնե­ցին, որ առա­ւօտեան ժա­մը 10-ի շուրջ, Ատրպէյ­ճա­նի զի­նու­ժի ներ­թա­փան­ցող խումբը «Խայ­փա­լու» կո­չուող տե­ղան­քին մէջ թի­րախ դար­ձուց եւ կրակ բա­ցաւ ոս­տի­կանու­թեան անձնագ­րա­յին եւ վի­զանե­րու վար­չութեան անձնա­կազ­մի հեր­թա­փոխի ինքնա­շար­ժին վրայ։

Ատրպէյ­ճա­նական կող­մը կեղծ փաս­տեր ներ­կա­յաց­նե­լով՝ պնդեց, որ իբր թէ ոս­տի­կանա­կան ինքնա­շար­ժով զէնք կը տե­ղափո­խուէր Հա­յաս­տա­նէն Ար­ցախ: Մինչդեռ իրա­կանու­թեան մէջ, որե­ւէ զէնք չէր տե­ղափո­խուեր, այլ՝ ոս­տի­կանու­թեան ծա­ռայող­նե­րը Ստե­փանա­կեր­տէն կ՛եր­թա­յին դէ­պի ճամ­բուն վրայ գտնո­ւող իրենց հեր­թա­փոխի վայ­րը։

5 Մար­տին ռու­սա­կան կող­մը ոչ մէկ տե­ղեկու­թիւն փո­խան­ցեց այս մա­սին, սա­կայն, 6 Մար­տին, Ռու­սիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը հաս­տա­տեց, որ նա­խօրէին Շու­շիի մեր­ձա­կայ­քը տե­ղի ու­նե­ցած զի­նուած մի­ջադէ­պին ըն­թացքին առա­ջինը հրա­զէնը կի­րար­կո­ւած է ատրպէյ­ճա­նական կող­մէն։

Ռուս խա­ղաղա­պահ­նե­րու այս բա­ցայայ­տումը ընդվզում յա­ռաջա­ցու­ցած է ատրպէյ­ճա­նական կող­մի մօտ, ուր անոնք կրկնե­լով զէնք փո­խադ­րե­լու պնդու­մը, սպառ­նա­ցած են ար­ցա­խահա­յու­թեան ինքնա­պաշտպա­նու­թիւնը ստանձնող պաշտպա­նական բա­նակին, պա­հան­ջե­լով այդ կա­ռոյ­ցի զի­նաթա­փու­մը եւ զօր­քի լու­ծարկու­մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ