Քանի կը մօտենայ ընտրութեան թուականը, համեմատաբար կ՚աւելնայ դաւադրութիւններու հաւանականութեան մասին մտահոգութիւնները։ Նախընթաց շաբաթ Ֆեներպահչէ եւ Պեշիքթաշ մարզակումբներու մրցումներու ընթացքին երկրպագուներ վանկարկեցին կառավարութեան հրաժարումը պահանջելով։ Բողոքի այս ցոյցի իբր պատասխան այս խումբերը հարկադրուեցան հիւրախաղերու ընթացքին իրենց երկրպագուներու մարզադաշտ մտնելու արգելքին։
Իսկ այս շաբաթավերջին Ամիտայի խումբը հիւրախաղի մասնակցելու համար ժամանած էր Պուրսա։ Այստեղ Պուրսայի թիմի երկրպագուները հիւր խումբի իջեւանած հիւրանոցի մուտքէն սկսելով մինչեւ մարզադաշտ շատ ծանր հալածանքներ տեղացուցին Ամետսփորի ֆուտպոլիստներուն եւ վարչայիններու հասցէին։ Բռնութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ մարզադաշտէ ներս, երբ խաղի ընթացքին հազարաւոր իրեր կը շպրտէին խաղացողներու վրայ։ Մրցման աւարտին յարձակումները շարունակուեցան նաեւ հիւր խումբին տրամադրուած սենեակէն ներս։
Այս բոլորի մասին երեսփոխան Կարօ Փայլան հարցմնագիր մը ուղղեց նախագահի բանբեր Ֆուաթ Օքթային, հարց տալով թէ ի՞նչ կը կանխատեսեն այս պատահարներու դէմ կանխամիջոցներու չձեռնարկող կուսակալի եւ ապահովութեան ուժերու հանդէպ։