12Մարտ կիրակի օր, կայանալիք ընտրութիւններով բացի Սուրբ Փրկիչ Ազգանյին Հիւանդանոցի հոգաբարձութենէ, աւարտած կ՚ըլլայ պոլսահայ համայնքային հաստատութիւններու խնամակալութեանց եւ թաղականութեանց ընտրութիւնները։ Վերջին ընտրութիւնը տեղի կ՚ունենայ ճշդելու համար Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։ Ընտրութեան սնտուկներ կը տեղադրուին Ֆերիգիւղի, Սամաթիոյ, Օրթագիւղի, Պիւյիւքտերէի եկեղեցիներու եւ Գարակէօզեան ու Էսաեան վարժարաններու շրջափակին։
Ընտրութեան համար թեկնածութիւն առաջադրած են վեց խումբեր, որոնք կը զատորոշուին յատուկ գոյներով։ Այդ գոյներէն մէկն է նաեւ կանանչը, որ կը ներկայացնէ թաղականութեան այժմու ատենապետ Սիմոն Չեքեմի գլխաւորած անձնակազմը։
Ինչպէս ծանօթ է Պէյօղլուի թաղականութիւնը իր կալուածներու հասոյթով առաջնակարգ հիմնարկներու շարքին է, սակայն հասարակութիւնը երբեք տեղեակ չէ եղած այս թաղականութեան տիրապետած կալուածներու քանակին եւ անոնցմէ ստացուած եկամուտին։
Այժմ մրցակից խումբերու ամենայաճախ շեշտած խոստումն է թափանցիկութիւնը։
Նախորդ յայտարարութիւններու համաձայն կ՚ակնկալուի թէ այս տարուայ մէջ կայանայ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը։