Աշխարհը շալակած տանողն էր Արսէն Ճանեան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Լսած էի իր մա­­­սին նախ­­­քան որ ան­­­ձամբ ծա­­­նօթա­­­նամ։ «Երա­­­նի եղ­­­բօրս հետ ծա­­­նօթա­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­յիր, նոյն գլու­­­խը ու­­­նիք» ըսած էր իր քոյ­­­րը Սա­­­յաթ Նո­­­վա Երգչա­­­խումբի շար­­­քե­­­­­­­րէն, մեր սի­­­րելի ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­հի՝ Ար­­­փի Ճա­­­նեան։

Բնա­­­ծին յատ­­­կութիւն մըն էր կար­­­ծես գերզգայ­­­նութիւ­­­նը Ար­­­սէն Ճա­­­նեանի հա­­­մար։ Առանց վա­­­րանու­­­մի կա­­­րելի է ըսել թէ ան իր տա­­­րաբախտ ժո­­­ղովուրդի բո­­­լոր յատ­­­կա­­­­­­­նիշ­­­նե­­­­­­­րը շալ­­­կած ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ իր կեան­­­քի ու­­­ղին։ Զրկանքնե­­­րով լե­­­ցուն այդ ճա­­­նապար­­­հի մէջ, քա­­­նի քա­­­նի ան­­­գամներ հար­­­կադրո­­­ւեցաւ իրը հա­­­մարա­­­ծէն, հա­­­րազա­­­տէն, սե­­­փակա­­­նէն զրկո­­­ւելու։ Վե­­­րատի­­­րանա­­­լու բո­­­լոր առիթ­­­նե­­­­­­­րը շա­­­հագոր­­­ծեց։ Ծնած էր 10 Յու­­­նո­­­­­­­ւար 1938-ին Մու­­­սա Լեռ գա­­­ւառի Վա­­­քըֆ գիւ­­­ղը։ Նախ­­­նա­­­­­­­կան կրթու­­­թիւնը ստա­­­ցած էր գիւ­­­ղի վար­­­ժա­­­­­­­րանի մէջ։ Ապա առա­­­ջին սա­­­ներէն եղաւ Պոլ­­­սոյ մէջ հիմ­­­նո­­­­­­­ւած Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վանք երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րանի։ Նո­­­րահաս­­­տատ այս վար­­­ժա­­­­­­­րանի առա­­­ջին սե­­­րունդը երկրոր­­­դա­­­­­­­կանը աւար­­­տեց քա­­­ղաքի տար­­­բեր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ։ Ար­­­սէն Ճա­­­նեանն ալ շրջա­­­նաւարտ եղաւ Պոլ­­­սոյ Մխի­­­թարեանէն։ Աւար­­­տեց Իս­­­թանպու­­­լի Պե­­­տական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի բանա­­­սի­­­­­­­րական ֆա­­­կուլտե­­­տի ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժութեան եւ փի­­­լիսո­­­փայու­­­թեան բա­­­ժինը։ Հա­­­յոց լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն դա­­­սաւան­­­դեց Պոլ­­­սոյ հայ­­­կա­­­­­­­կան դպղոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ։ Որ­­­պէս գիւ­­­ղա­­­­­­­ցի ըն­­­տա­­­­­­­նիքի զա­­­ւակ, երբ ուսման հա­­­մար կը հե­­­ռանար հայ­­­րե­­­­­­­նի երկրէն՝ Մու­­­սա Լե­­­րան Վա­­­քըֆ­­­գիւղէն, հո­­­ղի հետ կա­­­պը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տեց իր քեր­­­թո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րով։ Պոլ­­­սոյ ու­­­սա­­­­­­­նողու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն՝ 1962-ին հրա­­­տարա­­­կեց եր­­­կու փոք­­­րիկ հա­­­ւաքա­­­ծոյ. «Հո­­­ղին Հետ» եւ «Արե­­­ւուն Տակ»։ «Միայն 1500 Տող» հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ 1971-ին Փա­­­րիզի մէջ։

1978 բախ­­­տո­­­­­­­րոշիչ թո­­­ւական մը եղաւ Ար­­­սէն Ճա­­­նեանի հա­­­մար, քա­­­նի ան որո­­­շեց ըն­­­տա­­­­­­­նեօք ներ­­­գաղթել հայ­­­րե­­­­­­­նի եր­­­կիր։ Այստեղ եւս շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց իր ու­­­սուցչա­­­կան աս­­­պա­­­­­­­րէզը Երե­­­ւանի Պե­­­տական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի արե­­­ւելա­­­գիտու­­­թեան ֆա­­­կուլտե­­­տի մէջ դա­­­սաւան­­­դե­­­­­­­լով թրքա­­­կան լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն։

2010-ին Երե­­­ւանի մէջ լոյս տե­­­սաւ Ճա­­­նեանի ար­­­ձակ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու հա­­­տորեակը. «Ես Գա­­­լիս Եմ Իմ Պա­­­պի Գրկից» խո­­­րագ­­­րով։

Ար­­­սէն Ճա­­­նեանի ապ­­­րած մե­­­ծագոյն ող­­­բերգու­­­թիւնն էր իր միակ որ­­­դոյն Կա­­­րէնի նա­­­հատա­­­կու­­­թիւնը Ար­­­ցա­­­­­­­խեան առա­­­ջին պա­­­տերազ­­­մի ըն­­­թացքին։ Այս ծանր կո­­­րուստին ար­­­տա­­­­­­­ցոլու­­­մը եղաւ «Մտա­­­ւորա­­­կան Մար­­­տի­­­­­­­կը» հա­­­տորը։

Կա­­­րէնի կո­­­րուստէն ետք Ար­­­սէն Ճա­­­նեանի միակ մխի­­­թարու­­­թիւնն էր հո­­­ղագոր­­­ծութիւ­­­նը։ Աւա­­­նի իր բնա­­­կարա­­­նէն ոչ շատ հե­­­ռու ու­­­նե­­­­­­­ցաւ հո­­­ղամաս մը, որու մշա­­­կու­­­մը իր տա­­­ռապանքնե­­­րու մխի­­­թարան­­­քը դար­­­ձած էր։

Դառն իրո­­­ղու­­­թիւն է որ Հա­­­յաս­­­տան ներ­­­գաղթը իր բա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րու կող­­­քին բե­­­րաւ նաեւ հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թիւն հա­­­ւատա­­­ւոր ու նո­­­ւիրեալ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վարի հա­­­մար։ «Բագ­­­րատ սի­­­րելիս, քու Ար­­­սէն քե­­­ռիդ այստեղ գող դար­­­ձաւ։ Ըրի այնպէս բա­­­ներ, որոնք յի­­­շել իսկ չեմ ու­­­զեր»։ Այսպէս պատ­­­մեց իր տա­­­չայի հա­­­մար լքո­­­ւած ջեր­­­մո­­­­­­­ցի խո­­­ղովակ­­­նե­­­­­­­րը տուն բե­­­րելու պատ­­­մութիւ­­­նը։ Երե­­­ւոյթ մը, որ նա­­­խապէս վի­­­ճակած էր իր նման գա­­­ղափա­­­րական կան­­­խա­­­­­­­պաշա­­­րով Հա­­­յաս­­­տան ներ­­­գաղթած եւ ապա յու­­­սա­­­­­­­խաբ եղած շարք մը պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մտա­­­ւորա­­­կանի։

Խունկ ու յար­­­գանք իր բա­­­րի յի­­­շատա­­­կին եւ մխի­­­թարու­­­թիւն այ­­­րին՝ Հեր­­­մի­­­­­­­նէին եւ դուստրը՝ Յա­­­ւեր­­ժին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ