Արթիւր Պաղտասարեան փայլեցաւ իր կատարումով

Իսթան­պու­լի Ֆիլ­­հարմո­­նիայի Ըն­­կե­­­րու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած դա­­սակա­­ն երաժշտու­­թեան փա­­ռատօ­­նը կա­­տարո­­ւեցաւ 23 Փետ­­րո­­­ւար եւ 5 Մարտ թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ։

Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը նա­­խապէս ճշդած էր 9-12 Փետ­­րո­­­ւար թո­­ւական­­նե­­­րը, որ յե­­տաձ­­գո­­­ւեցաւ երկրա­­շար­­ժի աղէ­­տի պատ­­ճա­­­ռաւ։ Գա­­տըգիւ­­ղի Մօ­­տա թա­­ղամա­­սի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կա­­յացող հա­­մեր­­գա­­­շարի ըն­­թացքին «Արեւ­­մուտքէն Արե­­ւելք» խո­­րագ­­րի ներ­­քեւ Ար­­թիւր Պաղ­­տա­­­սարեան դաշ­­նա­­­կահար Մարգրիտ Սար­­գի­­­սեանի ըն­­կե­­­րակցու­­թեամբ Մո­­ցարդ, Հայ­­տըն, Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետ եւ Նի­­քոլ Քա­­լան­­տա­­­րեանէ եր­­գեր մեկ­­նա­­­բանեց։

Տպա­­ւորիչ էր Պաղ­­տա­­­սարեանի ելոյ­­թը մա­­նաւանդ երբ ան Կո­­միտա­­սի «Ան­­տունին» մեկ­­նա­­­բանե­­լու պա­­հուն դահ­­լի­­­ճին բա­­ցատ­­րեց եր­­գի բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնն ու իմաստը եւ այս կա­­տարու­­մը ձօ­­նեց երկրա­­շար­­ժի պատ­­ճա­­­ռաւ անօ­­թեւան մնա­ցող­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ