Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը (PSYK) երկրաշարժի առաջին օրէն սկսեալ աղէտեալներուն տրամադրած է ապաստան, մաքրութեան նիւթեր, սնունդ, հագուստ եւ ֆինանսական աջակցութիւն։
Նաեւ երկրաշարժի հոգեբանական ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակով նախատեսուած է ցուցաբերել բարոյական աջակցութիւն։
Այս առումով առաջին քայլը առնուեցաւ`4 Մարտ 2023 Շաբաթ օր Գումգաբու Քազազ Ամիրա Պէզճեան սրահը, երկրաշարժի զոհերու վէրքերը բուժելու համար կազմակերպուած խումբի հետ։
Տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին մօտ 60 մասնակիցներ։
Հանդիպման արդիւնքները մօտ ատենէն պիտի կիսուին հանրութեան հետ։
Բացի Պատրիարքարանի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբէն «Մեր Հայեր» հարթակն ալ երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնութիւն փութացնելու համար մեծ աշխատութիւնը կը ծաւալէ։ Անոնք նկատի ունենալով Վաքըֆգիւղի ինքնաբաւ պայմանները իրենց օգնութիւնը ուղղած են հարեւան Զէյթունիյէ կամ նոր ու պաշտօնական անունով Ճեմալ Կիւրսել թաղամասի Սուրբ Եղիա Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ վարչատարածքին։
Նշենք որ այս գիւղի մէջ եւս կը բնակին 20 հայ ընտանիքներ։ «Մեր Հայեր»ու օգնութեան առաջին փուլը կազմած է յատկապէս ընդեղէնէ բաղկացող սննդամթերք, վառարաններ եւ վերմակներ։ Շիշլիի քաղաքապետարանի կողմէ եկեղեցւոյ տարածքին կառուցուած խոհանոցը տասը խոհարարներով եւ «Մեր հայեր»ու ուղարկած սննդամթերքով մեծ սպասարկութիւն կը մատուցէ տարածքաշրջանի բնակիչներուն։
«Մեր Հայեր» հարթակի վերջին նպաստը եղաւ Զէյթունիյէի բնակիչներուն ուղուած ըմպելի ջուրի առաքումը։