Ապահով փախուստի ծրագիր

Ամիտա­յի «Ու­­սումի բա­­րեփոխ­­ման ծրա­­գիր» անուն հար­­թա­­­կը առա­­ջար­­կած է երկրա­­շար­­ժի հա­­ւանա­­կան դէպ­­քի մը պա­­հուն դպրո­­ցը ապա­­հով ու կար­­գա­­­պահ ձե­­ւով լքե­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րու մա­­սին ծրա­­գիր մը։ Նիւ­­թի այժմէակա­­նու­­թիւնը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով այդ ծրա­­գիրը կը յանձնենք մեր դպրոց­­նե­­­րու վար­­չութեանց ու­­շադրու­­թեան։ Դպրոց­­նե­­­րը աշա­­կեր­­տութեան ու անձնա­­կազ­­մի թի­­ւին, քա­­նի յար­­կա­­­նի ըլ­­լա­­­լուն հա­­մաձայն փախ­­չե­­­լու տար­­բեր եղա­­նակ­­ներ կը մշա­­կեն։ Դա­­սարան­­նե­­­րու աշա­­կեր­­տութեան եւ անձնա­­կազ­­մի անո­­ւանա­­ցան­­կը պէտք է դա­­սարա­­նէն դուրս տե­­ղադ­­րո­­­ւի։ Պար­­տէ­­­զի մէջ պէտք է նա­­խապէս ճշդո­­ւած ըլ­­լայ իւ­­րա­­­քան­­չիւր դա­­սարա­­նի հա­­ւաք­­ման կէ­­տը։ Ման­­կա­­­պար­­տէ­­­զի, նա­­խակրթա­­րանի եւ միջ­­նա­­­կար­­գի սա­­ները հա­­սարա­­կաց երգ մը սոր­­ված պի­­տի ըլ­­լան։ Երկրա­­շար­­ժի պա­­հուն եր­­գե­­­լը կը հան­­դարտեց­­նէ ու խու­­ճա­­­պի ար­­գելք կ՚ըլ­­լայ։ Յար­­կի պա­­տաս­­խա­­­նատու կը նշա­­նակո­­ւին տո­­ւեալ յար­­կի վրայ գրա­­սենեակ ու­­նե­­­ցող վար­­չա­­­յինը կամ ուղղոր­­դող ու­­սուցի­­չը։ Կան­­խածրագ­­րո­­­ւած փա­­խուստի փոր­­ձի օրը, ժա­­մը եւ նա­­խատե­­սուած տե­­ւողու­­թիւնը նա­­խապէս կը ծա­­նու­­ցո­­­ւի բո­­լորին։ Փա­­խուստի փոր­­ձը կը սկսի ազ­­դանշա­­նով։ Ազ­­դանշա­­նը լսող աշա­­կեր­­տը կը'սկսին եր­­գե­­­լու, կը չո­­քին, կծկտին եւ կը բռնո­­ւին։ Իսկ ու­­սուցի­­չը կը բա­­նայ դա­­սարա­­նի դու­­ռը։ Ազ­­դանշա­­նի աւար­­տով յար­­կի պա­­տաս­­խա­­­նատուն նախ կը քննէ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը եւ ապա կը հրա­­հան­­գէ «Ել» ըսե­­լով։ Նախ դուրս կու գայ աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու ամե­­նամօտ դա­­սարա­­նը։ Ու­­սուցի­­չի առաջ­­նորդու­­թեամբ աշա­­կերտնե­­րը եր­­կո­­­ւական շար­­քով առանց աղմկե­­լու կը փու­­թան պար­­տէ­­­զի մէջ իրենց հա­­տուա­­ծը։ Այսպէ­­սով կը սոր­­վինք առանց աճա­­պարե­­լու շտա­­պելու եղա­­նակը։ Առա­­ջին յար­­կի դա­­տար­­կումէն ետք յար­­կի պա­­տաս­­խա­­­նատուն դա­­սարան­­նե­­­րը եւ զու­­գա­­­րանը քննե­­լէ վերջ երկրորդ յար­­կի պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւին կ՚ազ­­դա­­­րարէ «Ել» հրա­­մանով։ Յա­­տուկ նշա­­նակուելու է ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի, ջրի եւ կա­­զի մա­­տակա­­րարու­­մը ան­­ջա­­­տելու պաշ­­տօ­­­նը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր փա­­խուստի փոր­­ձի տե­­ւողու­­թիւնը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լով կը ճշդո­­ւի ապա­­հով ու կա­­նոնա­­ւոր փա­­խուստի ամե­­նակարճ ժա­­մանա­­կը։ Կան­­խածրագ­­րո­­­ւած ապա­­հով ու կա­­նոնա­­ւոր փա­­խուստի փոր­­ձի յա­­ջողու­­թե­­­նէն ետք կը ծրագ­­րո­­­ւի նաեւ յան­­կարծա­­կի փա­­խուստի փոր­­ձեր։

Աշա­­կեր­­տը դպրո­­ցի մէջ իւ­­րա­­­ցու­­ցած փա­­խուստի եղա­­նակը կը ծրագ­­րէ ու գոր­­ծադրէ նաեւ դպրո­­ցէ դուրս ալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ