Կան ընկերութիւններ, որոք իրենց գործունէութեամբ որոշ նիւթի մը շուրջ դպրոցի առաքելութիւն կ՚ունենան։ Այդպիսիներէն է «Արաս» հրատարակչատունը, որ իր հրատարակչական ընտրութիւններով կը ձեւաւորէ ընթերցողի ճաշակն ու գիտակցութիւնը։ Այս բոլորը կը մտաբերենք ծանօթանալով «Արաս»ի հրատարակած վերջին գործերէն մէկուն՝ «Արա Տինքճեանի Երգարանը»։
Արա Տինքճեան ժամանակակից հայ երաժշտութեան մէջ շատ յաջող կերպար մըն է, թէ իր յօրինումներով եւ թէ կատարումներով։ Ան հեղինակած է բազմաթիւ հմայիչ մեղեդիներ, որոնք մեկնաբանուած են զանազան լեզուներով բազմաթիւ մեներգիչներու կողմէ։ Ինք եւս որպէս անուանի ուտահար աւելի քան 24 տարբեր երկիրներու մէջ բեմ բարձրացած եւ հմայած է բիւրաւոր երաժշտասէր ունկնդիրներ։
Գիրքի հեղինակն է երաժշտագէտ Պուրճու Եըլտըզ։ Ան այս գիրքը խմբագրած է հիմք ունենալով Արա Տինքճեանի հետ երկար տարիներու հասնող բարեկամութիւնը։ Արդարեւ Արա Տինքճեանի իր հօր՝ առասպելական երգիչ Օննիկ Տինքճեանի հետ դէպի Թուրքիա կատարած հիւրահամերգներու առաջին կազմակերպիչն էր «Քարտեշ Թիւրքիւլեր» երաժշտական խումբը։
Պուրճու Եըլտըզ իբրեւ այդ խումբի անդամ մեկնարկող ծանօթութիւնը վերածեց բարեկամութեան, որու շնորհիւ թափանցեց նաեւ հայր եւ որդի Տինքճեաններու երաժշտական մեծ աւանդին։ Ներկայ հրատարակութիւնը այս համագործակցութեան պտուղն է, ուր Պուրճու Եըլտըզ հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Արա Տինքճեանի երաժշտական կենսագրութիւնը եւ ընթերցողին կը մատուցէ անոր աւելի քան 80 յօրինումներու ձայնագրութիւնները։
Թրքերէն եւ անգլերէն երկլեզու այս հրատարակութիւնը ոչ միայն ձայնագրութիւններէն օգտուող երաժիշտներու զանգուածի, այլ իր համեստութեան մէջ մեծ նուաճումներ արձանագրած երգահանի մը հետ ծանօթանալ ցանկացողներու համար խիստ մատչելի օրինակ մը ըլլալով տրամադրուած է ընթերցողներու լայն զանգուածի մը ուշադրութեան։