Այս անգամ մանուկներու ուղղեալ պատկերազարդ ու գեղատիպ գիրք մը ունինք մեր դիմաց։ Մանկավարժ Անի Աբիկեանի հեղինակած «Գոյնզգոյն Մոլորակը» պատրաստուած է մասնաւորաբար մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներու համար։
Այս պատումը փոքրիկ ընթերցողներուն կը մատուցէ հաճելի ճամբորդութիւն մը դէպի տիեզերք։ Կախարդական ճամբորդութիւն մըն է այս, որ կ՚ուզէ ընդլայնել երախաներու երեւակայութիւնը եւ նաեւ աստղերու մասին որոշ գիտելիքներ։
Իրականութեան մէջ այս գիրքի մեկնակէտը հանդիսացած է Պոլսոյ «Փոքրիկ» կայքէջի 2012-ին կազմակերպած հէքեաթահաւաքը, ուր Անի Աբիկեանի պատումը մասնակից 59 երկիրներու միջեւ արժանացաւ մրցանակի։
Սոյն հրատարակութիւնը բացի իր հաղորդական լեզուէն, ընթերցողի համար հրապուրիչ է նաեւ Էմմանուէլա Քաքաւիայի նկարազարդումներով։ Աթենքի «Արմենիքա» պարբերականի կողմէ հրատարակուած այս գեղեցիկ մանկական գիրքը վաճառքի դրուած է նաեւ «Արաս» հրատարակչատան գրախանութի մէջ։