Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Սուրբ Գիրքի ընկերութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանի խմբագրատունս կատարած այցելութեան։ Տոքթ. Ճէպէճեան քաղաքս ժամանած էր մասնակցելու համար ընկերութեան միջազգային ժողովին։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այս ժողովի առթիւ Տոքթ. Ճէպէճեանի ծանօթագրութիւնը որ տրամադրուած է թերթիս, ընդառաջելով մեր խնդրանքին։
Աստուածաշունչի Ընկերութիւնները Քրիստոնէական հրատարակչական միջազգային կազմակերպութիւններ են որոնք կը գործեն աւելի քան երկու հարիւր երկիրներու մէջ։ Եթէ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր կազմակերպչական կառոյցը՝բայց անոնք բոլորը կը հաղորդակցին իրար հետ եւ կը բաժնեկցին յայտագիրներ ու տակաւին կը զօրակցին զիրար։ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու գլխաւոր նպատակն է գործակցիլ բոլոր եկեղեցիներու հետ՝առանց համայնքային խտրութեան՝եւ զօրակցիլ անոնց առաքելութիւններու մէջ։ Այս իմաստով՝Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու գլխաւոր նպատակն է Աստուածաշունչ Մատեանը թարգմանել նոր լեզուներու եւ կամ կատարել լեզուական վերամշակում կատարուած թարգամանութեան։ Բայց նոյնքան նաեւ հրատարակել Աստուածաշունչը եւ բաժնել բոլոր հաւաքականութիւններուն՝ իրենց մայրենի լեզուով։ Աստուածաշունչի Ընկերութիւնները ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւններ են որ կը փորձեն Աստուածաշունչը եւ անոր պատգամը հասանելի դառձնել բոլորին եւ աշխարհով մէկտեղ։
Աստուածաշունչի Ընկերութիւնը մշակած է նաեւ չորրորդ աշխատանքային ծրագիր մը։ Եւ այս «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւն»ն է։ Այս ծրագիրը կը նպատակադրէ թէ ինչպէս պէտք է քաջալերել հաւաքականութիւններ որպէսզի Աստուածաշունչը կարդան, հասկնան, իրենց հասկցածը իմաստ ստանայ եւ նոյնքան նաեւ նշանակութիւն եւ որ կիրարկելի կրնայ դառնալ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին համար։ Այս իմաստով՝Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը ունի լեզուական, մշակութային եւ պատմա-քաղաքական ու ընկերային տուեալներ եւ գործօններ՝որոնք իրենց ազդեցութիւնը կունենան ընթերցողին երբ որեւէ հատուած մը կը կարդայ, կը փորձէ հասկնալ եւ զայն իր կեանքին մէջ կը կիրարկէ։ Լեզուական գործօնը շատ կարեւոր է քանի այդ միջոց է որպէսզի ընթերցողը կարդացած իր հատուածը հասկնայ, իմաստ ստեղծէ եւ կրնայ կիրարկել զայն իր կեանքին համար։ Եւ լեզուն այս իմաստով կարեւոր դեր կրնայ ունենալ՝երբ անոր իւրաքանչիւր բառը ունի բառացի բայց նաեւ խորքային բացատրութիւն։ Հոս նաեւ կարեւոր գործօն է իւրաքանչիւր լեզուի-հաւաքականութեան ունեցած մշակութային եւ պատմա-քաղաքական տուեալները։ Այս բոլոր տուեալները կարեւոր հիմք կը ծառայեն Աստուածաշունչի Յանձնարութեան ծրագրի կիրարկումին եւ գործընթացին մէջ։
Այս իմաստով, յատուկ համաժողով մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ՝Փետրուար 27-Մարտ 2 օրերու մէջ։ Ժողովին ներկայ էին Աստուածաշունչի Ընկերութիւններէ քսան եւ մէկ մասնակիցներ որոնք կուգային Թուրքիայէն, Պաղեստինէն, Իսրայելէն, Արաբական-Իսրայելի շրջանէն, Անգլիա, Արաբական Ծոցի երկիրներ, Յորդանան, Քիրկիսթան, Խազախիստան, Ալճերիա, Եգիպտոս եւ իրանեան սփիւռքէն։ Ժողովը տեղի ոնեցաւ Պէյօղլուի Յոյն Օրթոտոքս համայնքի, Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Ժողովը պատեհ առիթ էր արծարծելու եւ մշակելու Աստուածաշունչի Յաննձարութեան աշխատանքային ծրագիրներ իր ընդհանրական շեշտաւորումներովը՝ ուր իւրաքանչիւր երկիր պիտի կարենայ յարմարցնել զանոնք իրենց հաւաքականութիւններուն համար՝մեկնելով իւրաքանչիւր երկրի-հաւաքականութեան լեզուական եւ մշակութային ու պատմական տուեալներնէն։