Փօ գետի կարապը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ն.Ք. Այս շա­­­բաթ Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըսաբ­­­նակ Գա­­­զեան ըն­­­տա­­­­­­­նիքի խնդրան­­­քով թարգմա­­­նեցի իրենց մեծ­­­մօր, Թօ­­­րինօ քա­­­ղաքի հայ­­­կա­­­­­­­կան որ­­­բա­­­­­­­նոցի սա­­­նու­­­հի, Սրբու­­­հի Գա­­­զեանի (ծննդեան մա­­­կանուն) 56 հա­­­յերէն եւ հա­­­յատառ-թրքե­­­րէն նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րը (գրած եւ ստա­­­ցած)։ Նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րէն մէկ հա­­­տը կը նկա­­­րագ­­­րէր Փօ գե­­­տի վրայ բա­­­ցուած հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը եւ որ­­­բուհի­­­ներու այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը այդ պատ­­­մա­­­­­­­կան ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին։ Ըն­­­տա­­­­­­­նիքի ար­­­տօ­­­­­­­նու­­­թեամբ մանր պատ­­­մուած­­­քի վե­­­րածե­­­ցի այդ հե­­­տաքրքրա­­­կան օրը, հարստաց­­­նե­­­­­­­լով զայն, այլ նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ յի­­­շուած պատ­­­մութիւննե­­­րով, եր­­­գե­­­­­­­րով, դրո­­­ւագ­­­նե­­­­­­­րով եւ քա­­­նի մը իրա­­­կան խօս­­­քե­­­­­­­րով։ Կը ցան­­­կամ, որ օր մը Գա­­­զեան ըն­­­տա­­­­­­­նիքը որո­­­շէ բո­­­լոր նա­­­մակ­­­նե­­­­­­­րը պատ­­­կե­­­­­­­րազարդ հա­­­տորի մը մէջ ամ­­­փո­­­­­­­փել եւ հրա­­­տարա­­­կել։

Սրբու­­­հի Գա­­­զեանը սո­­­վորա­­­կանէն աւե­­­լի աշ­­­խոյժ եւ խան­­­դա­­­­­­­վառ արթնցաւ այդ Կի­­­րակի օր։ Փօ գե­­­տի ափին, Վա­­­լեն­­­թի­­­­­­­նօ կո­­­չուած շքեղ ճե­­­մապար­­­տէ­­­­­­­զի շրջապ­­­տոյտը մեծ փո­­­փոխու­­­թիւն պի­­­տի ըլ­­­լար… որ­­­բա­­­­­­­նոցի միապա­­­ղաղ օրե­­­րէն եւ լուռ պա­­­տերէն հե­­­ռու։ Առա­­­ւելա­­­բար, տաս­­­նեօթը տա­­­րեկան աղջնա­­­կը առա­­­ջին ան­­­գամ պի­­­տի վա­­­յելէր Թօ­­­րինո­­­յի հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը, որ, ար­­­դէն եօթը մի­­­լիոն հան­­­դի­­­­­­­սատես գրա­­­ւած էր, ըստ Հայր Յա­­­կոբի։ Սրբու­­­հին պահ մը նստած մնաց ան­­­կողնին մէջ։ Առա­­­ւօտեան աղօթ­­­քի մէջ յի­­­շեց Պո­­­լիս մնա­­­ցած դեր­­­ձակ մօ­­­րը, Կի­­­լիկիոյ մէջ ֆրան­­­սա­­­­­­­կան բա­­­նակին ծա­­­ռայած եղ­­­բօ­­­­­­­րը եւ Ան­­­գա­­­­­­­րայի մէջ… իրենց նո­­­րակա­­­ռոյց ապա­­­րան­­­քին առ­­­ջեւ… հօ­­­րը վեր­­­ջին նա­­­յուած­­­քը։ Վեր­­­մա­­­­­­­կը աւե­­­լի մօ­­­տեցուց կուրծքին, կար­­­ծես, թէ զգաց այդ երե­­­քին ջեր­­­մութիւ­­­նը։ Մայ­­­րը իր նո­­­րագոյն նա­­­մակին մէջ գրած էր, թէ Ամե­­­րիկա­­­յի մէջ յայտնո­­­ւած են ազ­­­գա­­­­­­­կան­­­ներ ու ամ­­­բողջ ըն­­­տա­­­­­­­նիքը, ով որ մնաց, պի­­­տի փոր­­­ձէ հոն ամ­­­փո­­­­­­­փել։ Պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նէն դուրս նա­­­յեցաւ Սրբու­­­հին։։ Պահ մը հիացու­­­մով եւ ժպի­­­տով դի­­­տեց Ֆիաթ գոր­­­ծա­­­­­­­րանի տա­­­նիքի վրայ սու­­­րա­­­­­­­ցող նոր ինքնա­­­շար­­­ժե­­­­­­­րու վազ­­­քին։ Պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նի այդ տե­­­սարա­­­նը մխի­­­թարու­­­թիւն էր։ Մէկ այլ սփո­­­փանք էր քա­­­նավի­­­չէ հիւ­­­սե­­­­­­­լը, երբ բո­­­լոր քոյ­­­րե­­­­­­­րով, կա­­­տակե­­­լով եւ եր­­­գե­­­­­­­լով կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տէին ու կը մոռ­­­նա­­­­­­­յին ամէն դառ­­­նութիւն։։ Կա­­­շեկազմ աղօ­­­թաքիր­­­քին մէ­­­ջէն հա­­­նեց շա­­­բաթ մը առաջ Քու­­­պա, իր հօ­­­րեղ­­­բօր խնամ­­­քին մէկ­­­նած Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէին ու­­­ղարկած նա­­­մակը, համ­­­բուրեց զայն ու կրկին դրաւ նոյն գիր­­­քի մէջ։ Հա­­­ւաքեց ան­­­կո­­­­­­­ղինը ամե­­­նայն ճշգրտու­­­թեամբ։ Սե­­­ղանա­­­տան մէջ Մայ­­­րա­­­­­­­պետ Թե­­­րեզան եւ իր տաս­­­ներկու «դուստրնե­­­րը» աղօ­­­թեցին, նա­­­խաճա­­­շեցին։ Աղ­­­ջիկնե­­­րը, ապա ճռուողե­­­լով հա­­­ւաքո­­­ւեցան շէն­­­քի նա­­­խամուտքի մէջ։ Սրբու­­­հին, Լու­­­սիայի եւ Արաք­­­սիի հետ խո­­­հանոց գնաց։ Երե­­­քը հա­­­ցի, պա­­­նիրի եւ լո­­­լիկի փոք­­­րիկ կո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րով վե­­­րադար­­­ձան։ Բո­­­լորը մեծ հա­­­յելիին առ­­­ջեւ իրենց մա­­­զերը եւ օձիք­­­նե­­­­­­­րը շտկե­­­ցին, ապա շտա­­­պեցին փո­­­ղոց։ Անոնց ետե­­­ւէն Մայ­­­րա­­­­­­­պետ Թե­­­րեզան դուրս ելաւ, լա­­­զուարթ տա­­­րազի գրպա­­­նէն հա­­­նեց երեք տաս­­­նեակ բա­­­նալի­­­ներու ծանր խմբակ մը, բռնեց ամե­­­նամե­­­ծը եւ հան­­­դի­­­­­­­սաւոր կեր­­­պով կղպեց որ­­­բա­­­­­­­նոցի դու­­­ռը։ Բո­­­լորը ուղղո­­­ւեցան դէ­­­պի գե­­­տափ։

***

Պա­­­րոն Լե­­­ւոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեանը, նախ­­­կին պոլ­­­սա­­­­­­­հայ, այժմ իտա­­­լիաբ­­­նակ հե­­­ղինա­­­կաւոր ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տը, իր տան եր­­­կա­­­­­­­թեայ դու­­­ռը կղպեց, կա­­­պոյտ մե­­­տաք­­­սեայ երի­­­զաւոր գլխար­­­կը տե­­­ղաւո­­­րեց իր գլխուն վրայ, կա­­­պոյտ մե­­­տաք­­­սեայ փող­­­կա­­­­­­­պը աջ ու ձախ ըրաւ, ապա բա­­­նալին դաւ­­­շեայ բաճ­­­կո­­­­­­­նին գրպա­­­նը դրաւ եւ ուղղո­­­ւեցաւ Վա­­­լին­­­թի­­­­­­­նօ ճե­­­մապար­­­տէ­­­­­­­զը։ Թօ­­­րինոն փո­­­խուած է,- իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր քայ­­­լա­­­­­­­փոխին նկա­­­տեց ան։ Ամե­­­նամեծ նո­­­րու­­­թիւնը Ֆիաթի գեր-ժա­­­մանա­­­կակից գոր­­­ծա­­­­­­­րանն է, մտա­­­ծեց, ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական եզա­­­կի նո­­­րարա­­­րու­­­թիւն. տա­­­նիքի վրայ նոր ինքնա­­­շար­­­ժե­­­­­­­րու փոր­­­ձի աս­­­պա­­­­­­­րէզ։ 1911-ի ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը շատ յա­­­ջող էր, մտա­­­բերեց, երբ։ Այդ տա­­­րին Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան պա­­­տուէ­­­րով շի­­­նած փայ­­­տա­­­­­­­շէն սպի­­­տակ դղեակը կա­­­րապի մը պէս նստեր էր Փօ գե­­­տի ափին։ Պո­­­լիսը եւ Պոս­­­ֆո­­­­­­­րը յի­­­շեց­­­նող այդ գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, Կայսրու­­­թեան կեն­­­ցա­­­­­­­ղային ճա­­­շակի շքեղ խորհրդա­­­նիշը, իր արե­­­ւելեան եւ առ-նու­­­վօ լու­­­ծումնե­­­րով, Ցու­­­ցա­­­­­­­նահ­­­դէ­­­­­­­սի լա­­­ւագոյն շի­­­նու­­­թիւննե­­­րէն մէ­­­կը հռչա­­­կուած էր։ Նոյն տա­­­րի բա­­­ցուած էր նաեւ ճե­­­մապար­­­տէ­­­­­­­զը դի­­­մացի ափին միաց­­­նող Ումպեր­­­թօ Ա. քա­­­րաշէն կա­­­մուրջը։ Գրե­­­թէ երե­­­սուն տա­­­րի առաջ էր այդ երա­­­զը։ Պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեանը այս ան­­­գամ որ­­­պէս հիւր կ’եր­­­թար ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սին։

***

-Աղ­­­ջիկներ,- ըսաւ մայ­­­րա­­­­­­­պետը, տե­­­սէք, մեր տե­­­ղը գրա­­­ւուած է։ Ցու­­­ցանմոյշնե­­­րը տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած են ճե­­­մապար­­­տէ­­­­­­­զի եր­­­կայնքով։ Դի­­­մաց անցնինք եւ հոն նստինք։ Կա­­­մուրջի վրայ յայտնի եղաւ, թէ որ­­­քա՚ն ըն­­­դարձակ է ցու­­­ցա­­­­­­­հանդէ­­­սի դաշ­­­տը։ Երե­­­սու­­­նէ աւե­­­լի երկրի լա­­­ւագոյն ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը շա­­­րուած են գե­­­տի եզ­­­րին։ Ի՜նչ շքե­­­ղու­­­թիւն։ Ժա­­­մանա­­­կակից դա­­­րաշրջա­­­նի եւ ար­­­դիւնա­­­բերու­­­թեան նո­­­ւիրո­­­ւած աշ­­­խարհիկ տա­­­ճար­­­ներ ըլ­­­լա­­­­­­­յին այդ շի­­­նու­­­թիւննե­­­րը։ Ծա­­­ռի մը շու­­­քի տակ նստե­­­ցան։ Սրբու­­­հին, ամե­­­նամե­­­ծը, տա­­­րի մը վերջ իր մօր քով ըլ­­­լա­­­­­­­լու ան­­­համբե­­­րու­­­թեամբ եւ յու­­­զումով դի­­­տեց շուրջը… Մայր մը իր աղջնա­­­կին պաղ­­­պա­­­­­­­ղակ առաւ։ Փոք­­­րի­­­­­­­կը ու­­­րա­­­­­­­խացաւ։ Հայր մը թուղթ կը խա­­­ղար իր եր­­­կու որ­­­դի­­­­­­­ներուն հետ։ Մէկ այլ մայր, եռո­­­տանիի մը վրայ պաս­­­տառ դրած, իր աղջնա­­­կին կ’օգ­­­նէր, որ պար­­­մա­­­­­­­նու­­­հին դի­­­մացի տե­­­սարա­­­նը կը գծագ­­­րէ։ Մայ­­­րա­­­­­­­պետը իր կօ­­­շիկը հա­­­նած արե­­­ւը կը վա­­­յելէր։ Աղ­­­ջիկնե­­­րը խնդրե­­­ցին, որ Սրբու­­­հին «Հա­­­յաս­­­տան» եր­­­գը եր­­­գէ։ Վարժ էր։ Չմեր­­­ժեց։ Ապա, բո­­­լորը սկսան եր­­­գել. «Ո՜հ ինչ քաղձր բան, ըլ­­­լալ կոն­­­ծա­­­­­­­բան…»։ Պոլ­­­սոյ մէջ սո­­­րուած էին այս եր­­­գե­­­­­­­րը։

***

- Բա­­­րեւ օրիոր­­­դիկներ… Ո՞վ էք, դուք,- հար­­­ցուց բարձրա­­­հասակ ու գե­­­ղադէմ պա­­­րոն մը, որ յի­­­սուն տա­­­րեկան ըլ­­­լա­­­­­­­լու էր։

- Պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, ամ­­­փո­­­­­­­փուե­­­ցաւ մայ­­­րա­­­­­­­պետը, ի՚նչ անակնկալ։ Աղ­­­ջիկներ, բա­­­րեւ, ըսէ՚ք պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեանին։

- Ող­­­ջոյն, պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան։ Դուք ճանչցաք մեր եր­­­գը։

- Ձեր ձայ­­­նը կը տա­­­րածո­­­ւէր ամ­­­բողջ ճե­­­մապար­­­տէ­­­­­­­զի մէջ, պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեց ան ժպտա­­­լով։ -Մե­­­զի հետ չէի՞ք նստիր, պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, առա­­­ջար­­­կեց մայ­­­րա­­­­­­­պետը։ Ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տը ժպի­­­տով մը շնոր­­­հա­­­­­­­կալ եղաւ։ Գլխար­­­կը եւ բաճ­­­կո­­­­­­­նը հա­­­նեց, կա­­­խեց ծա­­­ռի ճիւ­­­ղէն ու նստե­­­ցաւ։ Աղ­­­ջիկնե­­­րը խումբ խումբ նստած շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին խա­­­ղալ եւ եր­­­գել. «Հո­­­վիւը սա­­­րում տխրեց, սի­­­րոյ եր­­­գը նո­­­ւագեց, եր­­­գը վառ այ­­­տե­­­­­­­րին… Va՛ pensiero, sull՛ali dorate, Va՛, ti posa sui clivi, sui colli… Հայ­­­րե­­­­­­­նիքի կա­­­րօտի ամե­­­նայու­­­զիչ երգն է սա, ըսաւ Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեանը, պա­­­րոն Վեր­­­տին կար­­­ծես, թէ հայ­­­րե­­­­­­­նակէզ հա­­­յու ցա­­­ւը եր­­­գի վե­­­րածեր է… Սուրբի­­­կը հիացու­­­մով կը դի­­­տէր այդ խորհրդա­­­ւոր մար­­­դը։

- Օրիոր­­­դիկ, դուն ուրտե­­­ղէ՞ն ես։

- Ան­­­գա­­­­­­­րայէն։ Հայրս բան­­­տարկո­­­ւեցաւ։ Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ ին­­­քը գիտ­­­ցաւ, թէ ին­­­չո՛ւ։ Այդ օր մե­­­զի նա­­­յեցաւ։ Ապա հասկցայ, թէ լուռ հրա­­­ժեշտ մըն էր ան։ Եղ­­­բայրս փա­­­խուստ տո­­­ւաւ… Տա­­­րի մը յե­­­տոյ յայտնուեցաւ որ­­­պէս ֆրան­­­սա­­­­­­­կան բա­­­նակի զի­­­նուոր, յե­­­տոյ նո­­­րէն ան­­­հե­­­­­­­տացաւ։ Մայրս Պոլ­­­սոյ մէջ է։ Դեր­­­ձակ։ Բայց, օր մը, գալ տա­­­րի, ըն­­­տա­­­­­­­նիքի պէս պի­­­տի ըլ­­­լանք։ Ամե­­­րիկա­­­յի մէջ։ Քոյրս ալ որ­­­բա­­­­­­­նոցի մէջ է, ին­­­ծի հետ։

-Սրբուկ, պա­­­րոնը ճար­­­տա­­­­­­­րապետ է։ Ձեր առ­­­ջեւ ալ կան փայ­­­լուն օրեր։ Դուք ալ աս­­­պա­­­­­­­րէզի տէր պի­­­տի ըլ­­­լաք։ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­մօր օրհնու­­­թիւնը միշտ ձեր վրայ պի­­­տի ըլ­­­լայ։ Պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, Պո­­­լիս վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լու յոյ­­­սը, Հա­­­յաս­­­տան եր­­­թա­­­­­­­լու ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը, ի՚նչ եղան բո­­­լորը։

- Մայր Թե­­­րեզա, ես այ­­­լեւս ճար­­­տա­­­­­­­րապետ չեմ։ Պո­­­լիս վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լը ան­­­կա­­­­­­­րելի էր պա­­­տերազ­­­մէն ետք։ Տրա­­­պիզո­­­նի մեր ապա­­­րան­­­քը, Թո­­­սի լեռ­­­նա­­­­­­­յին մեր ամա­­­ռանո­­­ցը, բո­­­լորը մոխ­­­րա­­­­­­­ցան։ Ըն­­­տա­­­­­­­նիքէն լուր չու­­­նիմ։ Այժմ Ասօ­­­լօ քա­­­ղաքի մէջ շի­­­նած եմ «Villa Ararat» բնա­­­կարա­­­նը՝ ին­­­ծի, տիկ­­­նոջս Մա­­­րիամի­­­կին եւ մեր զա­­­ւակին՝ Յով­­­հաննէ­­­սին հա­­­մար։ Այդ բնու­­­թիւնը ին­­­ծի Տրա­­­պիզո­­­նը կը յի­­­շեց­­­նէ։ Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի աշա­­­կերտնե­­­րը ամառ­­­նե­­­­­­­րը հոն կը հիւ­­­րա­­­­­­­սիրենք։ Իսկ, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը… Վեր­­­սա­­­­­­­յի հա­­­մաձայ­­­նա­­­­­­­գիրը երբ ձա­­­խողե­­­ցաւ, հասկցայ, թէ ին­­­ծի հա­­­մար ան­­­կա­­­­­­­րելի է նո­­­րան­­­կախ հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան մէջ հաս­­­տա­­­­­­­տուիլ եւ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծել։ Բայց, հե­­­ղինա­­­կեցի «Ղարս» եւ «Ար­­­տա­­­­­­­հան» աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւննե­­­րը, որ­­­պէսզի օգ­­­նեմ մեր պե­­­տակա­­­նու­­­թեան։ Տրա­­­պիզո­­­նի եւ Սամ­­­սո­­­­­­­նի մէջ շի­­­նած եկե­­­ղեցի­­­ներս, չեմ գի­­­տեր, ի՚նչ եղան, սա­­­կայն Պոլ­­­սոյ մէջ բո­­­լոր շի­­­նած­­­ներս կան­­­գուն են. վրա­­­ցի վա­­­նական­­­նե­­­­­­­րու Լուրտի եկե­­­ղեցին, մեծ վե­­­զիր Հա­­­լիլ Փա­­­շայի ապա­­­րան­­­քը, Պոս­­­ֆո­­­­­­­րի վրայ Հիլ­­­մի պէ­­­յի ապա­­­րան­­­քը, Հի­­­սարի մէջ Մուսթա­­­ֆա Պէ­­­յի պա­­­լատը, Ազա­­­րեան­­­նե­­­­­­­րու հսկա­­­յական բնա­­­կարա­­­նը, որ վե­­­րանո­­­ւաներ են՝ Կիւ­­­միւշսո­­­յու Փա­­­լաս, այդ մէ­­­կը առ-նու­­­վո­­­­­­­յի լա­­­ւագոյն նմոյշնե­­­րէն է, Սուրբ Յա­­­կոբ հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի տա­­­սը շէն­­­քե­­­­­­­րը, կար­­­ծեմ Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետը այդ տու­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կուն մէջ կը բնա­­­կէր, Փէն­­­տիք արո­­­ւար­­­ձա­­­­­­­նի մէջ Ազա­­­րեան ըն­­­տա­­­­­­­նիքի բու­­­սա­­­­­­­բանա­­­կան չքնաղ պար­­­տէ­­­­­­­զը, եւ այն բո­­­լոր բարձրա­­­ճաշակ բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րը, որոնք շի­­­նուած էին պատ­­­կա­­­­­­­ռելի ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար, բո­­­լորն ալ կան­­­գուն են։ Բայց ես, որո­­­շեցի Ասօ­­­լոյի մէջ մնալ։ Տղաս ալ ճար­­­տա­­­­­­­րապետ է, եւ լեռ­­­նագնաց։ Այժմ կը պատ­­­րաստո­­­ւի յայտնի լեռ­­­նա­­­­­­­գագա­­­թի մը առա­­­ջին մագլցո­­­ղը ըլ­­­լալ։ Եթէ յա­­­ջողի ան պի­­­տի անո­­­ւանո­­­ւի «Torre Armena», ի պա­­­տիւ Յով­­­հաննէ­­­սի ռահ­­­վի­­­­­­­րայ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին։ Քոյր Թէ­­­րէզա, որ­­­բա­­­­­­­նոցը կը շա­­­րու­­­նակէ՞ իր առա­­­քելու­­­թեան ծա­­­ռայել։

- Հայր Յա­­­կոբը մեկ­­­նած է Փա­­­րիզ։ Պա­­­տարագ­­­նե­­­­­­­րը լա­­­տինե­­­րէն կը կա­­­տարենք։ Իսկ դուստրներս այ­­­լեւս կը մեծ­­­նան։ Մէկ հա­­­տը Քու­­­պա ու­­­ղարկե­­­ցինք, մէկ այ­­­լը Ար­­­ժանթին։ Սրբու­­­կը իր քրո­­­ջը հետ Ամե­­­րիկա պէտք է որ մեկ­­­նի։ Իսկ մնա­­­ցած­­­նե­­­­­­­րը չենք կրնար Թօ­­­րինո­­­յի մէջ պա­­­հել։ Նիւ­­­թա­­­­­­­կան հար­­­ցե­­­­­­­րը, դուք գի­­­տէք, միշտ կան, մա­­­նաւանդ Իտա­­­լիոյ մէջ։ Որո­­­շեցինք Փա­­­րիզ եր­­­կու մայ­­­րա­­­­­­­պետ ու­­­ղարկել։ Անոնք այժմ նոր դպրոց մը շի­­­նելու հա­­­մար տեղ կը նա­­­յին։ Աղ­­­ջիկնե­­­րուն մէկ մասն ալ պէտք է Պէյ­­­րութ ու­­­ղարկել։

- Պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, ընդմի­­­ջեց Սրբու­­­կը մտած­­­կոտ, դուք ալ գի­­­շեր­­­նե­­­­­­­րը կու լաք…

- Սրբու­­­հի, սի­­­րելի Սրբուկ, ես ալ որբ եմ…

- Բայց, պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, ես երկրորդ ան­­­գամ որբ եղայ, երբ իմ հո­­­գեւոր քոյրս, Հռիփ­­­սի­­­­­­­մէն, Քու­­­պա գնաց։ Գրե­­­ցի, նա­­­մակ գրե­­­ցի անոր, ըսի, որ ամէն գի­­­շեր կու լամ, չեմ նա­­­խան­­­ձիր, որ իր մօ­­­րը հետ է, ես ալ մէկ տա­­­րիէն մա­­­մայիս գիրկն եմ… Իմ մխի­­­թարու­­­թեան միակ ժամն է, երբ բո­­­լոր քոյ­­­րե­­­­­­­րովս աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցի մէջ քա­­­նավի­­­չէ կը շի­­­նեմ։ Այն ժա­­­մանակ ամէն ինչ կը մոռ­­­նամ։

- Սրբէ ար­­­ցունքդ, օրիոր­­­դիկ, տե՚ս, հի­­­մա եղաւ։ Ձեր մայ­­­րա­­­­­­­պետը, միւս քոյ­­­րե­­­­­­­րը, լա­­­տին քոյ­­­րե­­­­­­­րը, մե­­­ծաւո­­­րը, բո­­­լորը, կ’աղօ­­­թեն, որ ձեր նոր հո­­­րիզո­­­նի վրայ մոխ­­­րա­­­­­­­գոյն ամ­­­պեր այ­­­լեւս չկու­­­տա­­­­­­­կուին, եր­­­ջանկու­­­թեան շղարջ մը պա­­­տէ ձեր եր­­­կինքը, ու դուք կազ­­­մէք ձեր նոր ըն­­­տա­­­­­­­նիքը։ Այժմ, կ’առա­­­ջար­­­կեմ եր­­­գել։ Հա­­­ւաքէ բո­­­լոր քոյ­­­րերդ։

- Աղ­­­ջիկներ, հա­­­ցերը եւ ու­­­տե­­­­­­­լիք­­­նե­­­­­­­րը պատ­­­րաստենք, հրա­­­հան­­­գեց մայ­­­րա­­­­­­­պետը։ -Պա­­­րոն Կիւ­­­րե­­­­­­­ղեան, խնդրեմ, մեր հա­­­մեստ սե­­­ղանին մաս կազ­­­մե­­­­­­­ցէք։

Փօ գե­­­տը դան­­­դաղ կը հո­­­սէր։ Արե­­­ւը կը ջեր­­­մացնէր եր­­­կի­­­­­­­րը։ Իտա­­­լու­­­հի մը եկաւ պաղ­­­պա­­­­­­­ղակի կրպա­­­կը եւ շա­­­գանա­­­կով պաղ­­­պա­­­­­­­ղակ առաւ։ Երբ քա­­­նավի­­­չէ կը շի­­­նենք ամէն ինչ կը մոռ­­­նամ։ Այն փոք­­­րի­­­­­­­կը, որ իր մօ­­­րը հետ նկար­­­չութիւն կ’ընէր, վրձի­­­նը իր մօր տո­­­ւաւ եւ ակ­­­սաւ վազվզել։ Ձեր հո­­­րիզո­­­նի վրայ մոխ­­­րա­­­­­­­գոյն ամ­­­պեր չկու­­­տա­­­­­­­կուին։ Այն հայ­­­րը, որ թուղթ կը խա­­­ղար իր եր­­­կու որ­­­դի­­­­­­­ներուն հետ, պար­­­տո­­­­­­­ւեցաւ, որ­­­պէսզի տղա­­­ները ու­­­րա­­­­­­­խանան։ Դուք կազ­­­մե­­­­­­­ցէք ձեր նոր ըն­­­տա­­­­­­­նիքը։ Լո­­­լիկ, պա­­­նիր, եւ հաց։ Ապա, «քա­­­նավի­­­չէճի­­­ները», ինչպէս փա­­­ղաք­­­շա­­­­­­­կանօ­­­րէն կը կո­­­չուէին այդ որ­­­բուհի­­­ները, մոռ­­­նա­­­­­­­լով ան­­­ցեալը, եր­­­գե­­­­­­­ցին մէկ այլ երգ, զոր սո­­­րուած էին Պոլ­­­սոյ մէջ. «Ակո­­­ռիի մեծ կա­­­րասին բո­­­լոր­­­տիքն են բազ­­­մեր, աւագ իշ­­­խանք եւ պա­­­րոնայք ժո­­­ղովք են հոն կազ­­­մեր…»։ Անոնք էին Փօ գե­­­տի կա­­­րապ­­նե­­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ