ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Հանրապետութեան շրջանի յատկանշական երեւոյթներէն մէկն ալ Թուրքիոյ տարածքին բնակող քրիստոնեաներու տարիներու հոլովոյթով դէպի մեծ քաղաք, մանաւանդ ալ Պոլիս գաղթն է։ Այսպէս գաւառի զանազան քաղաքներ կորսնցուցին իրենց պատմական դիմագիծը։ Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ բացառութիւն կը կազմէր Հաթայ նահանգը, որ բաւականին ուշ, 1939 թուականին միացաւ Թուրքիոյ։
Այս եղաւ պատճառը, որ Հաթայ յաջողի պահել իր բազմազգի եւ բազմամշակութային ուրոյն դիմագիծը։
Երկրաշարժի աղէտէն ետք, յատկապէս ալ քաղաքին անցեալի լուսաւոր օրերուն վերատիրանալու մասին յուսալքութիւնը կարեւոր սպառնալիք մը կը դառնայ այս նահանգի ապագային առումով։ Արդարեւ երկրաշարժէն ետք անօթեւան մնացած բազմաթիւ ընտանիքներ գաղթեցին դէպի Պոլիս եւ կը փորձեն այստեղ կեանքի նոր պայմաններուն տիրանալ։ Հարցական է թէ ժամանակի հոլովոյթով անոնցմէ որքա՞նը ետ պիտի վերադառնայ եւ որքա՞նը բոլորովին անցեալի մէջ պիտի թողու բազմահազար տարիներու անցեալ ունեցող պապենական երկիրը։
Այս մասին «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուող Լաքի Վինկաս կը յայտնէ թէ երկրաշարժէն ետք մօտ 500 արաբախօս ուղղափառներ գաղթած են Մերսին։ «Արտասահման երթալ փափաքողներ կան։ Այցագիրի համար մեզմէ օգնութիւն կը պահանջեն։ Ներկայ պահուն խուճապի հոգեբանութիւն մը կը տիրէ, որ շատ բնական երեւոյթ է» կ՚ըսէ Վինկաս։
Լաքի Վինկաս նաեւ կը յայտնէ թէ հայ համայնքի նման յոյն ուղղափառ համայնքն ալ օգնութեան կը փութայ իր հայրենակիցներուն։ «Մխիթարաքնը հասարակական կազմակերպութիւններու ստեղծած նպաստը տեսնելն է։ Պետութեան եւ պետական հաստատութիւններու անճար մնացած պահուն հասարակական կազմակերպութիւնները շատ մեծ դերակատարութիւն ունեցան։ երկրաշարժի երրորդ օրը հասայ աղէտի գօտին։ Շրջեցայ Իսքենտերուն, Սամանտաղ, Թոքաչլը գիւղը, Մերսին եւ Անտիոք։ Մեծ խուճապ կը տիրէր։ Մարդիկ նոյնիսկ տուներնին վնաս չստացողներ կը խուսափէին տուն մտնելէ։ անշուշտ այս բոլորը ժամանակի ընթացքին պիտի հանդարտի։ Այն ատեն ալ պիտի սկսի վերակառուցման աշխատանքը։ Հետեւաբար երկարատեւ զօրակցութեան մը կարիքը ունինք»։
Աղէտի գօտիի եկեղեցիներու վերականգնումին համար կ՚ահազանգէ նաեւ «nehna.org» կայքէջը եւ կոչ կ՚ուղղէ Անտիոքի, Ալթընէօզիւի, Սամանտաղի, Իսքենտերունի եւ Արսուզի եկեղեցիները վերականգնելու համար։
Այս առումով կը յայտարարուի թէ դրամատնային հաշիւները իմանալու համար կարելի է դիմել https://twitter.com/nehnabiz/status/1630256559136620546 հասցէով։
Նախարարութեան Ներդրումը
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը յայտարարութիւնով մը հասարակութիւնը իրազեկեց Մշակոյթի Նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյի եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Սինան Աքսուի իրենց ընկերակցող պատուիրակութեան հետ 24 Փետրուարին Անգարայի մէջ կայացած ժողովի մասին։
Պատրիարքարանի զեկուցումէն կ՚իմանանք որ Նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աւերուած տաճարներու վերակառուցման օժանդակելու առումով։ Այս առթիւ օրակարգի եկած է Իսքենտերունի Քառասուն Մանուկ եկեղեցին, որու մկրտարանը եւ խորանը լրջօրէն վնասուած են։ Կարեւոր աւեր արձանագրուած է Քըրքխանի հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Ժողովուրդէ զուրկ այս եկեղեցին ինքնին խորհրդանշական իմաստ կը ներկայացնէ վկայելով այս տարածքի մէջ հայ ժողովուրդի երբեմնի գոյութիւնը։