ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
«Յիշողութեան բազմամշակոյթ շրջագայութիւններու ուղեցոյց» ծրագիրը, որ ծանօթ է նաեւ «ՔարՏէս» կոչումով Հրանդ Տինք Հիմնարկի հետաքրքրական նախաձեռնութիւններէն մէկն է։ Այս ծրագիրը վերջերս ալ աւելի ճոխացաւ շրջագայութիւններու ցանկին մէջ աւելցնելով Անգարա քաղաքը։ Այժմ «ՔարՏէս»ի միջոցաւ հասանելի է Անգարայի Հիսար, Ուլուսի հրապարակ, Հրէից թաղամաս, Քաւաքլըտերէ ու վերջապէս Գըզըլայ թաղամասերը։ Այս դրութիւնով այլեւս հասանելի է նաեւ քաղաքի հայկական ժառանգութիւնը։
Այս մասին համատարած սխալ համոզում մըն է, որ Անգարա հիմնուած է հանրապետութեան շրջանին։ Մինչդեռ քաղաքը ունի պատմական յիշողութիւն մը, յատկապէս ալ հայոց ու հրէից համար։ Այս մասին «ՔարՏէս»ի անձնակազէն Մեհմետ Փոլաթէլ եւ Ադոմ Շաշկալ բացատրութիւններ տուին իրենց իսկ մշակած վերջին նախաձեռնութեան մասին։
«Իսթանպուլէն ետք դարձեալ մեծ քաղաք մը ուսումնասիրել ուզեցինք։ Անգարան թէ մայրաքաղաք էր եւ թէ անցեալին մասին շատ նուազ տեղեկութիւն կար։ Փորձեցինք աչքի առջեւ եղողներէն աւելի այժմ բացակայող յատկանիշները պրպտել։ Կը կարծուի թէ Անգարայի պատմութիւնը կը սկսի հանրապետութեան մայրաքաղաք ըլլալով։ Մինչդեռ կայսրութեան շրջանի աղբիւրները, վկայութիւնները եւ լուսանկարները կ՚ապացուցեն բազմամշակութային կեանքի մը եւ առեւտրական աշխուժութեան մը գոյութիւնը։
Քաղաքը կը բաղկանար Անգարայի բերդի շուրջ հայոց, յունաց, հրէից եւ թուրքերու թաղամասերէն։ Այդ թաղամասերը ունէին իրենց յատուկ տաճարները եւ դպրոցները։ Գիտենք որ ԺԹ. դարուն միայն բերդի շրջապատին մէջ 10-էն աւելի եկեղեցիներ կը գործէին։ Քաղաքի ամենագեղեցիկ բնակարանները կը գտնուէին Հիւսարէօնիւ կոչուած շրջանի հայոց եւ յունաց թաղամասերուն մէջ։ Ափսոս որ 1916-ին ծագած հրդեհով այդ թաղամաասերը բոլորովին անհետացան։ Այսօր անոնցմէ կանգուն մնացած է Թոփալեան ընտանիքին պատկանող խանութը։ Խանութին մէջ կը վաճառուէր այս քաղաքի յատուկ «սոֆ» հիւսուածքը։ Հրէից տաճարը կայսրութեան շրջանէն մեր օրերուն հասած միակ ոչ մահմետական աղօթատեղին ըլլալով կը շարունակէ իր գոյութիւնը։
Հայեր եւ յոյներ ամառուայ եղանակները կ՚անցնէին քաղաքի արուարձաններուն գտնուող այգիներու մէջ, ուր նաեւ կ՚արտադրէին գինի։ Այդ բազմահազար այգիի տուներէն յաջողեցանք միայն 19 օրինակներ յայտնաբերել։ Այսօրուայ ընդհանուր պատկերը տեսնելով կարելի չէ երեւակայել այդ մեծ մշակութային ժառանգը։ Անտեսանելի այս ժառանգը «ՔարՏէս»ի միջոցով յաջողեցանք նկարագրել։
Քաւաքլըտերէ եւ Գըզըլայ կը տարբերին միւս տարածքներէն, քանի որ անոնք քաղաքի մայրաքաղաք ըլլալով ձեւաւորման ընթացքին արտակարգօրէն ծաւալած վայրեր են։ Գըզըլայ 1920-ական տարեթիւերուն արտերով ու այգիներով լեցուն տարածք մըն էր։ Քաղաքաշինութեան ծրագիրներուն մէջ որոշուեցաւ հին քաղաքի հարաւին նոր քաղաք մը կառուցել։ Հետեւաբար Գըզըլայ թէ բնակարաններով եւ թէ հասարակապատկան շինութիւններով լեցուն թաղամասի մը վերածուեցաւ։ Ապագային այս տարածքի վրայ տեղի ունեցան քաղաքական բողոքի ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ։ Ներկայիս Գըզըլայ առեւտրական եւ մշակութային աշխուժութիւնով ծանօթ թաղամաս մըն է։
Անգարա տարիներու հոլովոյթով հետզհետէ կը կորսնցնէ իր պատմական յիշողութեան նմոյշները։ Նոր շինութիւններու կառուցման ժամանակ հնութեան արժէք ներկայացնող բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկան։ Մենք շրջագայութեան ծրագիրը պատրաստելու ժամանակ բացի այմօր կանգուն մնացածներէ այդ ոչնչացածներուն ալ տեղ տալ ուզեցինք։ Օրինակի համար մեր ուղեցոյցէն օգտուողները գիտեն թէ Ուլուսի հրապարակին վրայ ներկայիս 100-րդ տարիի շուկայի գտնուած վայրը անցեալին յունաց գերեզմանատունն էր։ Նոյնպէս Անաֆարթալարի շուկան 1890-ական թուականներուն Շեքսփիրեան ներկայացումներու բեմադրուած Քոճամանօղլու թատրոնը կը գտնուէր։ Հրէից տաճարը Հայիմ Ալպուքրեքի ապարանքը, Շենկիւլի բաղնիքը եւ նման շէնքեր տակաւին կանգուն են եւ հին Անգարայի մասին տպաւորութիւն մը կը կազմեն։
Պատմական աղբիւրներէն կ՚իմանանք թէ Անգարայի հայերը ԺԷ. դարուն օտար քարոզիչներու ազդեցութեամբ դաւանափոխ եղած եւ կաթողիկութիւնը իւրացուցած են։ Յաջորդող դարերուն Հայ կաթողիկէ համայնքն ալ պաշտօնական ճանաչում գտաւ։ Բացի կաթողիկէներէ Անգարայի մէջ կար նաեւ հայ բողոքական համայնք։
Երբ կը խօսինք Անգարայի մասին, պարտինք նշել նաեւ Սթանոզ գիւղը, ուր այժմ անմարդաբնակ է։ Այսօր Կիւլհանէ հիւանդանոցի գտնուած վայրը կար Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Վանքը։ 1914 թուակիր «Արեւելեան Առեւտրական Տարեգիրք»ի համաձայն քաղաքի կեդրոնին կը բնակէին 4,000 առաքելական, 6,500 կաթողիկէ եւ 800 բողոքական հայեր։ 1916-ի հրդեհէն ետք քաղաքի կեդրոնին կանգուն մնացած միակ հայկական աղօթատեղին կաթողիկէ գերեզմանատան մատուռն էր, որ 1940-ական տարեթիւերուն գերեզմանի հետ միասին ոչնչացաւ»։
Պատասխանելով նոր ծրագրի մասին մեր հարցումին Փոլաթէլ եւ Շաշկալ պատմեցին թէ կը պատրաստուին Իզմիրի համար նման աշխատութեան։
«Նախորդ աշնան կարճ այցելութիւն մը տուինք Իզմիրի հիւսիսային հատուածներուն եւ փորձեցինք քաղաքի քրիստոնէական կամ հրէական մշակութային ժառանգի հետքերը որոնել։ Մտադիր ենք յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Իզմիրի զանազան գաւառները ուսումնասիրելու։ Իզմիր մանաւանդ բազմամշակութեային յատկութիւններով կարեւոր քաղաք մըն է։ Պատմական Յունաստանէն Բիւզանդիոն, Օսմանեան Կայսրութենէն զանազան ազգային եւ կրօնական խմբակներու պատկանող բազմամշակութային ժառանգ մը ունի։ Ափսոս որ Անգարայի նման Իզմիր ալ մեծ կերպարանափոխութիւն ապրեցաւ։ 1922-ի մեծ հրդեհով հայոց, յունաց եւ եւրոպացի քրիստոնեաներու ապրած թաղամասերը իրենց մշակութային ժառանգով միասին անհետացան։ «ՔարՏէս»ի ծրագիրով կը փորձենք այս բազմաշերտ անցեալի յիշատակները վերարտադրել»։