Մայրենին հայրենիք է

ԼՈՒՍԱՆ ՊՐՉԱՔՃԸ

21Փետ­րո­ւարը Մայ­րե­նիի հա­մաշ­խարհա­յին օրն է ու նաեւ պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի մա­հուան 16-ամեակը։ Երկրին երկրա­շար­ժով տա­ռապած օրե­րը կ՚ապ­րինք…։ Լե­զուն կրնա՞յ պատ­մել վիշ­տը։ Ան­շուշտ ոչ, բայց կսկի­ծը բա­ցատ­րելն իսկ բա­լասան է։

Մարդ երկրի մը քա­ղաքի՝ գիւ­ղի, տու­նի մը մէջ ծնե­լով կը սկսի աշ­խարհի վրայ իր ճամ­բորդու­թեան։ Ծնած հա­սակ առած տե­ղը իր հայ­րե­նիքը կը հա­մարէ։ Ճամ­բորդու­թիւնը սահ­մա­նուած չէ աշ­խարհագ­րութեամբ, կը ճամ­բորդէ նաեւ զինք պա­տող մշա­կոյ­թին մէջ։ Մշա­կոյ­թին գլխա­ւոր բա­ղադ­րիչն է լե­զուն ու մարդ կը ծնի նաեւ այդ լե­զուի մէջ, որ կը կո­չէ մայ­րե­նի։ Գրա­ւոր թէ բա­նաւոր կեան­քը ձե­ւաւո­րող, մեր հե­քեաթը մարմնա­ւորող, ու­րիշնե­րու հետ կի­սելու առիթ ըն­ծա­յող մե­ծագոյն գիւտն է լե­զուն։ Քա­մին, գե­տի հոս­քը թռչուննե­րու ճռո­ւողիւ­նը բո­լորն ալ այդ բնա­կան, սրտէն բխող ար­տա­յայ­տութեան մի­ջոցն են։ Ամե­նաեր­ջա­նիկ պա­հերուն, ամե­նաթախ­ծոտ օրե­րուն մեր մտքին, սրտին ու վեր­ջա­պէս շնչա­փողին մէջ աճո­ղը…։ Բո­լոր լե­զու­նե­րու մէջ մեզ ամե­նամօտն է մայ­րե­նին։ Երգ կ՚ըլ­լայ, տաղ կ՚ըլ­լայ, հայ­հո­յանք կամ բա­ցագան­չութիւն կեան­քի յա­տուկ ամէն ինչ լե­զուով կ՚արտայայտուի։ Եւ ին­չո՞ւ չէ մարդ մայ­րե­նիին մէջ կը ծնի ու կ՚աճի։ Որ­քան որ տե­ւէ մար­դու ճամ­բորդու­թիւնը լե­զուն ալ կը փո­խուի, կ՚ազ­դո­ւի իր գտնուած վայ­րին օդէն ու ջու­րէն։ Լե­զու­ներն ալ ազ­գե­րու նման բո­լորո­վին չեն մե­կու­սա­նար իրար­մէ։ Կողք կող­քի դի­զուած հա­րազա­տու­թիւններ կը հիւ­սեն։ Իմ հայ­րե­նիքը, ոչ ծննդա­վայրս Ատըեամանն է, ոչ ալ 50 տա­րի բնա­կած Իս­թանպու­լը։ Իմ մայ­րե­նին ոչ բո­լորո­վին թրքե­րէն է, ոչ բո­լորո­վին հա­յերէն։ Մօրս, հօրս պատ­կա­նող Ատըեամա­նի հա­յերէ­նը, քիչ մը թրքե­րէն եւ քիչ մըն ալ հա­յերէն։

Ամիս մը առաջ էր, երբ հայրս մա­հացաւ։ Այդ կո­րուստի վիշ­տը դեռ չէի յաղ­թա­հարած ծնած եր­կիրս ցնցո­ւեցաւ եր­կու երկրա­շարժնե­րով, եւ ցնցումնե­րը կը շա­րու­նա­կուին…։ Մարդկանց հետ միասին անոնց հե­քեաթ­ներն ալ ան­հե­տացան։ Փուլ եկան մեր յի­շատակ­նե­րուն մէջ գուրգու­րանքով պա­հած վայ­րե­րը։ Տա­կաւին չէի հրա­ժեշտ առած հօրմէս, անոր ձայ­նէն, լե­զուէն, հե­քեաթէն կար­ծես հի­մա կը հար­կադրո­ւիմ անոր հո­ղին ալ հրա­ժեշտ տա­լու։ Հե­քեաթը կանգ առաւ, խա­ղը աւար­տեց, բե­մը ցրո­ւեցաւ։ Մինչ 17 տա­րի առաջ հօրս հետ գա­ցած էի ծննդա­վայր Ատըեաման։ Հօրս ծննդա­վայր Ռե­ճեպ քիւ­ղի մէջ պա­պիկս ճանչցող մարդկանց հետ զրու­ցել, անոնց հետ մայ­րե­նիով հո­ղոր­դո­ւիլ որ­քան լաւ եկած էր։ Կեան­քին աւե­լի եր­կար մէկ հա­տուա­ծը ծննդա­վայ­րէն հե­ռու ապ­րե­լու դա­տապար­տո­ւած մօ­րաք­րոջս խօսքն էր. «Մե­զի մեր մայ­րե­նիէն ալ վտա­րեցին»։ Մար­դուն մայ­րե­նիէն զրկո­ւիլը հա­մազօր է հայ­րե­նիքազրկու­թեան։ Եր­կուքն ալ սրտցաւ զրկո­ւածու­թիւններ։ Ան­ցեալին բա­կերու մէջ ցա­ւար եփող, խա­ղող ճզմող, պաս­տեղ ծալ­լող, ծխա­խոտ շա­րող, հաց թխող մար­դիկ չկան հի­մա։ Չկան նաեւ տու­նե­րը, բա­կերը։ Եր­գե­լով տա­նիքէ տա­նիք ոս­տոստող երա­խաներն ալ պի­տի չըլ­լան։ Այ­սուհե­տեւ դժո­ւար է, հա­մարեա ան­կա­րելի Ատըեամա­նի յի­շատա­կը վառ պա­հել։ Հետզհե­տէ երազ­նե­րէն ալ պի­տի հե­ռանան։ Այս յո­ռետես ու սար­սա­փելի պայ­մաննե­րուն մէջ սարսռա­ցինք մեր լսա­ծով։ Երկրա­շար­ժէն տու­ժածնե­րուն փու­թա­ցող Հա­յաս­տա­նի փրկա­րար ջո­կատի շնոր­հիւ հա­յերէ­նը կրկին թնդաց իմ ման­կութեան փո­ղոց­նե­րու վրայ։ Իմաս­տա­լից թո­ւեցաւ այս պա­տահա­կամու­թիւնը, յատ­կա­պէս ալ այս վշտոտ ու խա­ւար օրե­րուն։

Ի՞նչ ըսած էր բա­նաս­տեղծ Զահ­րատ «Երկրի Մա­սին» քեր­թո­ւածով՝

Հայ­րե­նական

Հայ­րե­նիքը հոն է ուր մարդ հպարտ կը զգայ ինքզին­քը

Այնտեղ ապ­րե­լով

Որո­վետեւ հայ­րե­նիքը հոն է ուր մարդ

Կ՚աճի

Դէ­պի տիեզերք սահ­ման քշե­լով

Հայ­րե­նիքը հոն է ուր մարդ կ՚ան­մա­հանայ

Քիչ քիչ մեռ­նե­լով

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ