Եւրոպացի դիտորդները անցան աշխատանքի

Եւրոմիութիւ­նը, 20 Փետ­րո­ւարին, Հա­յաս­տա­նի մէջ սկսաւ Եւ­րո­պական Միու­թեան քա­ղաքա­ցիական առա­­քելու­­թիւնը՝ ընդհա­­նուր ապա­­հովու­­թեան եւ պաշտպա­­նու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան ծի­­րին մէջ։ Այս մա­­սին «Արե­­ւել­­ք»ը՝ վկա­­յակո­­չելով Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան հրա­­պարա­­կած մամ­­լոյ հա­­ղոր­­դագրու­­թիւնը։

Առա­­քելու­­թիւնը պաշ­­տօ­­­նապէս կազ­­մո­­­ւեցաւ խոր­­հուրդի 23 Յու­­նո­­­ւար 2023ի որո­­շու­­մով։

«Հա­­յաս­­տան-Ատրպէյ­­ճան սահ­­մա­­­նի հայ­­կա­­­կան կող­­մին մէջ տե­­ղակայ­­ման նպա­­տակն է՝ նպաս­­տել Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մա­­­նամերձ շրջան­­նե­­­րուն մէջ կա­­յու­­նութեան, հա­­կամար­­տութե­­նէն վնա­­սուած շրջան­­նե­­­րուն մէջ կա­­ռու­­ցել վստա­­հու­­թիւն եւ անվտան­­քութիւն, ինչպէս նաեւ ապա­­հովել մի­­ջավայր, որ պի­­տի նպաս­­տէ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մի­­ջեւ կար­­գա­­­ւոր­­ման ջան­­քե­­­րուն, որոնց պի­­տի աջակ­­ցի Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը», ըսուած է հա­­ղոր­­դագրու­­թեան մէջ։

Եւ­­րո­­­պական Միու­­թիւնը աւել­­ցուցած է, որ, ընդհա­­նուր առ­­մամբ, Եւ­­րո­­­պական Միու­­թեան առա­­քելու­­թեան բա­­ցառա­­պէս քա­­ղաքա­­ցիական անձնա­­կազ­­մին մէջ ընդգրկո­­ւած պի­­տի ըլ­­լան մօ­­տաւո­­րապէս 100 ան­­ձեր, նե­­րառեալ՝ շուրջ 50 ան­­զէն դէ­­տեր։

Առա­­քելու­­թեան հրա­­մանա­­տարու­­թեան կեդ­­րո­­­նը պի­­տի ըլ­­լայ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Վա­­յոց Ձո­­րի մար­­զի Եղէգ­­նա­­­ձոր քա­­ղաքը։ Եւ­­րո­­­պայի ար­­տա­­­քին գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու ծա­­ռայու­­թեան Քա­­ղաքա­­յին ծրագ­­րա­­­ւոր­­ման եւ վար­­ման կա­­րողու­­թիւննե­­րու գոր­­ծա­­­դիր տնօ­­րէն Սթե­­ֆանօ Թո­­մաթ պի­­տի աշ­­խա­­­տի իբ­­րեւ Քա­­ղաքա­­յին գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րու հրա­­մանա­­տար, իսկ Մար­­քիւս Ռի­­թեր՝ իբ­­րեւ առա­­քելու­թեան ղե­կավար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ