Շիրիմի այցելութիւն լեզուներու գերեզմանատան մէջ*

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կարելի չէ գու­շա­կել թէ մարդկա­յին պատ­մութեան ո՞ր հանգրո­ւանին մարդ արա­րածը իր ար­ձա­կած ձայ­նե­րը կա­նոնի մը հա­մաձայն ձե­ւաւո­րեց եւ գո­յացուց իմաս­տա­լից բա­ռեր։ Առաս­պե­լական պատ­մութեան հա­մաձայն Բա­բելո­նի աշ­տա­րակը կա­ռու­ցողնե­րը Աս­տո­ւածա­յին պա­տիժով մը սկսան տար­բեր լե­զու­ներ խօ­սելով հա­մատեղ աշ­խա­տան­քի կա­րողու­թե­նէն զրկո­ւիլ։ Այսպէ­սով ալ անա­ւարտ մնաց իբ­րեւ թէ Աս­տուծոյ գա­հը նո­ւաճե­լու մի­տու­մով կա­ռու­ցած Բա­բելո­նեան աշ­տա­րակի շի­նու­թիւնը։

Հին կտա­կարա­նի այս առա­կը կը յի­շենք, երբ մար­դիկ կը սկսին առանց իրար լսե­լու՝ միաս­նա­բար խօ­սիլ։

Բա­բելո­նեան առաս­պե­լի հա­մաձայն կա­րելի է ըսել թէ մեր ալ ապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծը բա­զում լե­զու­նե­րու օր­րանն է։ Սա­կայն ինչպէս բո­լոր կրօ­նական եւ առաս­պե­լական պա­տումնե­րը, այս տե­սու­թիւնն ալ իր մէջ ու­նի բա­զում հա­կասու­թիւններ։ Զուրկ է բա­ցատ­րե­լէ թէ հիւ­սի­սային Ամե­րիկա­յի բնիկ­նե­րը, Ամա­զոնի ան­տառի ժո­ղովուրդնե­րը, Ափ­րի­կեան կամ Աւստրա­լեական ցե­ղախումբե­րը հե­ռաւոր ու Հա­րաւա­յին Ասիոյ դաշ­տե­րը, Խա­ղաղ ով­կիանո­սի բնա­կիչ­նե­րը ինչպէս յա­ջողե­ցան իրար­մէ ան­ջատ լե­զու­ներ ձե­ւաւո­րել։ Այս բո­լորը թո­ղունք մար­դա­բանու­թեան հե­տաքրքրու­թեան եւ մենք անդրա­դառ­նանք հա­մեմա­տաբար աւե­լի ծա­նօթ շրջա­նի մը։

Կաս­կած չկայ որ գի­տու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խանակ­ման առու­մով լե­զուն շատ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն է։ Բայց կայ աւե­լի յատ­կանշա­կանը։ Այն՝ որուն կը պար­տինք ամե­նաըն­դարձակ ընկա­լումով մշա­կոյթ բա­ռի նշա­նակու­թիւնը։ Ճիշդ կռա­հեցիք՝ գի­րերու գիւ­տի մա­սին է խօս­քը։

Դար­ձեալ մեր ալ այ­սօր ապ­րած աշ­խարհագ­րա­կան հա­տուա­ծի մէջ 5 հա­զար տա­րիներ առաջ ապ­րած նախ­նի­ները, որոնք ծա­նօթ են Շու­մերներ անու­նով, առա­ջին ան­գամ կա­ւէ տաշ­տե­րու վրայ յա­տուկ նշան­ներ գծե­ցին զոր մենք աւե­լի ուշ անո­ւանե­ցինք շու­մե­րական բե­ւեռա­գիր։ Շու­մերնե­րը ոչ միայն փո­րեցին այդ տա­ռերը, այլ կա­ւէ տա­պան­նե­րը յա­տուկ փու­ռե­րու մէջ եփե­լով մին­չեւ օրե­րուս հաս­նող հսկայ ժա­ռան­գութիւն մը թո­ղու­ցին, որու մի­ջոցաւ մենք տե­ղեակ ենք այս հնա­դարեայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան ու կե­նցաղին վե­րաբե­րող բազ­մա­թիւ գի­տելիք­նե­րու։

Շու­մե­րական բե­ւեռա­գիրին յա­ջոր­դեց բա­ցատ­րել ու­զած իրը, առար­կան կամ կեն­դա­նին նկա­րելով կազ­մո­ւած նոր գրե­լաոճ մը՝ եգիպ­տա­կան հիերոկ­լի­ֆը։ Այս առա­ջին օրի­նակ­նե­րուն յա­ջոր­դե­ցին ար­դեօք քա­նի՞ տա­ռատե­սակ։ Այս հար­ցումն ալ յստակ պա­տաս­խան մը չու­նի։ Բայց գի­տենք որ ներ­կա­յիս ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին օգ­տա­գոր­ծո­ւող բազ­մա­հազար լե­զու­նե­րու կող­քին տա­ռատե­սակ­նե­րը նոյ­նիսկ չեն հաս­նիր երեք տաս­նեակի։ աւե­լի յստակ խօս­քով աշ­խարհի վրայ օգ­տա­գոր­ծո­ւած այ­բուբեն­նե­րու թի­ւը 28 է, որոնցմէ մէկն է հա­յոց Մես­րո­պեան տա­ռերը։ Մնա­ցեալ բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րը իրենց մայ­րե­նին գի­րի կը վե­րածեն օգ­տո­ւելով այս 28-է։ Անոնցմէ ոմանք շատ ըն­դարձակ գոր­ծա­ծու­թեան ար­ժա­նացած են, ինչպի­սին է լա­տինա­կանը, կիւ­րե­ղեանը, արա­բակա­նը։ ան­ցեալին Մես­րո­պեան տա­ռերու գոր­ծա­ծու­թիւնն ալ հա­յերով սահ­մա­նուած չէին։ Գլխա­ւորու­թեամբ թրքե­րէնի, քրտե­րէն որոշ հա­տուած­նե­րու մէջ լա­զերէ­նը եւ քփչակ մահ­մե­տական­նե­րը իրենց լե­զուն թուղթի յանձնե­լու պա­հուն օգ­տո­ւեցան հա­յերէ­նէ։ Յատ­կա­պէս հա­յատառ թրքե­րէնը օրա­թեր­թե­րու, պար­բե­րական­նե­րու եւ գրա­կան գոր­ծե­րու էջե­րով մեծ գրա­կանու­թիւն մը թո­ղած է իր ետին։

Ժո­ղովուրդնե­րու այ­բուբե­նական նա­խընտրու­թիւննե­րուն մէջ կայ եր­կու կա­րեւոր գոր­ծօն՝ մշա­կու­թա­յին փո­խազ­դե­ցու­թիւն եւ քա­ղաքա­կան նա­խապա­տուու­թիւններ։ Երբ նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թիւնը մաս կազ­մեց Խորհրդա­յին միու­թեան, յայտնո­ւեցան մար­դիկ որոնք կ՚առա­ջար­կէին հրա­ժարիլ հայ­կա­կան տա­ռերէ եւ որ­դեգրել կիւ­րե­ղեան այ­բուբե­նը։ Աւե­լի ուշ 1990-ական տա­րեթի­ւերուն ալ այս ան­գամ Ատրպէյ­ճանն էր որ կը հրա­ժարէր կիւ­րե­ղեան այ­բուբե­նէ եւ կը որ­դեգրէր լա­տինա­տառը։

Այ­սօր կայ եր­րորդ գոր­ծօն մը, որ շատ աւե­լի հե­զասահ կը շրջէ տա­ռատե­սակ­նե­րը։ Ան­ցեալին կիւ­րե­ղեան այ­բուբե­նի դէմ լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցու­ցա­բերող­նե­րը այ­սօր ամե­նայն հե­զու­թեամբ կը հա­մակեր­պին լա­տինա­տառ հա­յերէ­նի գոր­ծա­ծու­թեան։ Մնաց որ կարգ մը շրջա­նակ­ներ նոյն ըմբռնու­մով կը շա­հագոր­ծեն նաեւ կիւ­րե­ղեանը։

Գու­շա­կած էք։ Խօս­քը կը վե­րաբե­րի բջջա­յին հե­ռախօ­սի ստեղ­նա­շարով լա­տինա­տառ կամ կիւ­րե­ղեան տա­ռերով հա­յերէն գրե­լու։ Մինչդեռ իւ­րա­քան­չիւր բջջա­յին հե­ռախօս ար­դէն ու­նի հա­յերէ­նի տար­բե­րակը։ Այստեղ կը հան­դի­պինք հե­տաքրքրա­կան պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան։ Շա­տեր օտար տա­ռերով հա­յերէն գրե­լու մար­մա­ջը կը բա­ցատ­րեն ուղղագ­րա­կան սխալ­նե­րէ խու­սա­փելու մի­ջոց մը ըլ­լա­լով։ Այնքան կը վախ­նան ուղղագ­րա­կան սխալ­նե­րէ որ կը նա­խընտրեն հա­յերէն տա­ռերը զո­հել։ Այս բո­լորէն հե­տեւցնե­լով կա­րելի է են­թադրել որ մեր ապ­րած եր­կի­րը, որ ծա­նօթ է իբ­րեւ լե­զու­նե­րու գե­րեզ­ման, այժմ կրնայ ստա­նալ նոր ածա­կան մը եւս, որն է գի­րերու գե­րեզ­ման։

Եթէ յա­մառիք շա­րու­նա­կել այս ըն­թացքը կամ մէկզմեզ պի­տի գտնենք գի­րերու գե­րեզ­մա­նին մէջ մես­րո­պատա­ռի շի­րիմը այ­ցե­լողի դիր­քին մէջ կամ ալ, աւե­լի մտա­հոգի­չը այդ շիր­մի խոր­գին մենք ինքներս պի­տի ըլ­լանք այ­ցե­լուի մը գա­լու­սը սպա­սող­նե­րը։


* Գրո­ւած հա­մաշ­խարհա­յին մայ­րե­նի լե­զուի օրո­ւայ առթիւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ