Նորակազմ Արփի Հրատարակչատունը լոյս պիտի ընծայէ հայերէն ինքնագիր գործեր

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լոս Ան­­ճե­­­­­­­լըս, Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 19, 2023 – Վեր­­­ջերս Քա­­­լիֆոր­­­նիոյ Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըս քա­­­ղաքի մէջ մեկ­­­նարկած է Ար­­­փի Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը։ Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըսաբ­­­նակ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ եւ հե­­­ղինակ Ար­­­փի Գրի­­­գորեանի կող­­­մէ հիմ­­­նադրո­­­ւած, ոչ-շա­­­համէտ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը կը նպա­­­տակադ­­­րէ հրա­­­տարա­­­կել հա­­­յերէն ինքնա­­­գիր գոր­­­ծեր՝ մա­­­նուկ, պա­­­տանի, եւ երի­­­տասարդ ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար։

«Ինչքան կը յի­­­շեմ՝ հայ գրող­­­ներն ու արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­նե­­­­­­­րը ո՛չ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան մը նե­­­ցու­­­կը, ոչ ալ՝ դրա­­­մական աջակ­­­ցութիւն մը ստա­­­ցած են իրենց ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար», յայտնեց Գրի­­­գորեան. «Գրա­­­կան նոր գոր­­­ծի մը լոյս աշ­­­խարհ գա­­­լու կա­­­րելիու­­­թիւնը չնչին կը մնայ, բա­­­ցի այդ հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քէն, երբ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը մե­­­կենաս մը ու­­­նե­­­­­­­նայ կամ հրա­­­տարա­­­կուի հե­­­ղինա­­­կի անձնա­­­կան նիւ­­­թա­­­­­­­կան մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով»։

Գրի­­­գորեան շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց. «Զար­­­մա­­­­­­­նալի չէ ու­­­րեմն, որ տա­­­կաւին մեծ պա­­­կաս մը կայ ժա­­­մանա­­­կակից նիւ­­­թե­­­­­­­րով եւ նո­­­րագիր հա­­­յերէն գիր­­­քե­­­­­­­րու, որոնք մատ­­­չե­­­­­­­լի ըլ­­­լա­­­­­­­յին Սփիւռքի դպրո­­­ցակա­­­ներուն՝ յատ­­­կա­­­­­­­պէս նա­­­խակրթա­­­րանի եւ աւե­­­լի բարձր կար­­­գե­­­­­­­րու հա­­­մար։ Ար­­­դիւնքը այն է, որ այ­­­սօր դպրոց­­­նե­­­­­­­րու մէջ դա­­­սաւան­­­դո­­­­­­­ւած հա­­­յերէն գրա­­­կանու­­­թիւնը հա­­­զիւ թէ կ՚ար­­­տա­­­­­­­ցոլէ վար­­­ժա­­­­­­­րանի պա­­­տերէն դուրս կա­­­յացող ար­­­դի կեան­­­քը»։

«Այս երե­­­ւոյթնե­­­րուն դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման է որ որո­­­շեցի քայլ մը առ­­­նել», Գրի­­­գորեան կը յայտնէ. «ու­­­րեմն, ան­­­ցեալ տա­­­րի, շա­­­տոնց փայ­­­փա­­­­­­­յուած երազ մը սկսաւ իրա­­­կանու­­­թիւն դառ­­­նալ, երբ կա­­­րողա­­­ցայ ի մի բե­­­րել խումբ մը հա­­­մախոհ ան­­­հատներ, որոնք ին­­­ծի չափ խան­­­դա­­­­­­­վառուած էին հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տուն մը սկսե­­­լու գա­­­ղափա­­­րով»։

Գրի­­­գորեանին պատ­­­մա­­­­­­­ծով, ծրա­­­գիրը ճամ­­­բայ ելած է 2021ի սկիզ­­­բը, երբ կազ­­­մո­­­­­­­ւած է խորհրդա­­­տու մար­­­մին մը, ճշդուած են նպա­­­տակա­­­կէտեր, եւ սկսած է հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կայ­­­քէ­­­­­­­ջը (arpipublishing.com) կա­­­ռու­­­ցե­­­­­­­լու աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը։ «Ար­­­փի Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան հիմ­­­նադրու­­­մով, մեր գլխա­­­ւոր նպա­­­տակն է հաս­­­տա­­­­­­­տել փո­­­փոխու­­­թեան առաջ­­­նորդող ծրա­­­գիր մը, այ­­­սինքն հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տուն մը, որ հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու եւ գիրք նկա­­­րազար­­­դողնե­­­րու պի­­­տի հայ­­­թայթէ անհրա­­­ժեշտ նե­­­ցուկն ու աջակ­­­ցութիւ­­­նը, որ­­­պէսզի կա­­­րենան ստեղ­­­ծել հա­­­յերէն գրա­­­կան գոր­­­ծեր՝ երե­­­խանե­­­րու, պա­­­տանի­­­ներու, եւ երի­­­տասարդնե­­­րու հա­­­մար»։

Ար­­­փի Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան խորհրդա­­­տու մարմնին մաս կը կազ­­­մեն գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­ներ, ու­­­սուցիչ­­­ներ, եւ գրող­­­ներ։ Անոնց շար­­­քին են Տօքթ. Դա­­­լար Շա­­­հինեան՝ Քա­­­լիֆոր­­­նիոյ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հա­­­յագի­­­տու­­­թեան դա­­­սախօս, Տօքթ. Միր­­­նա Տուզճեան՝ Քա­­­լիֆոր­­­նիոյ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հա­­­յոց լե­­­զուի եւ գրա­­­կանու­­­թեան դա­­­սախօս, Տօքթ. Յա­­­կոբ Կիւլլիւ­­­ճեան՝ Քա­­­լիֆոր­­­նիոյ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հա­­­յոց լե­­­զուի եւ մշա­­­կոյ­­­թի «Խա­­­չիկեան» դա­­­սախօ­­­սական ամ­­­բիոնի վա­­­րիչ, Նո­­­րայր Տա­­­տու­­­րեան՝ Փա­­­սատե­­­նա քա­­­ղաքի «Blair» միջ­­­նա­­­­­­­կարգ եւ երկրոր­­­դա­­­­­­­կան դպրո­­­ցի Հայ­­­կա­­­­­­­կան Ճե­­­մարա­­­նի վա­­­րիչ-ու­­­սուցիչ, Ար­­­փի Գրի­­­գորեան, Բե­­­կի Ճին­­­պա­­­­­­­շեան՝ հա­­­յերէ­­­նի եւ հա­­­յոց պատ­­­մութեան ու­­­սուցիչ եւ Իշ­­­խան Ճին­­­պա­­­­­­­շեան՝ հե­­­ղինակ ու գրա­­­կան թարգմա­­­նիչ։

«Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան ստեղծման ետին կայ նաեւ այլ հիմ­­­նա­­­­­­­կան նպա­­­տակ մը՝ օգ­­­նել, որ ու­­­ժա­­­­­­­նակա­­­նացո­­­ւի արեւմտա­­­հայե­­­րէնի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կական գոր­­­ծա­­­­­­­ծումն ու տա­­­րածու­­­մը որ­­­պէս գրա­­­կան լե­­­զու, յատ­­­կա­­­­­­­պէս տրո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լով որ սփիւռքա­­­հայ երի­­­տասար­­­դութեան հա­­­մար գրո­­­ւած արեւմտա­­­հայե­­­րէն նոր, ինքնու­­­րոյն գիր­­­քե­­­­­­­րու պա­­­կաս մը կայ», յայտնեց Տօքթ. Միր­­­նա Տուզճեան։ 

Ար­­­փի Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան մեկ­­­նարկման հա­­­մար պէտք եղած անդրա­­­նիկ գու­­­մա­­­­­­­րը՝ 15,000 ամե­­­րիկեան տո­­­լարը նո­ւիրուած է Տէր եւ Տի­­­կին Պրէն­­­տըն եւ Սո­­­նիա Փիր­­­սի կող­­­մէ։ Ապա կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւ­­­նը ստա­­­ցած է 20,000 տո­­­լար նո­­­ւէր մը՝ Տէր եւ Տի­­­կին Գե­­­ւոն եւ Ալեք­­­սիա Գե­­­ւոնեան­­­նե­­­­­­­րէն։ Ան­­­ցեալ տա­­­րուայ Դեկ­­­տեմբե­­­րին, Պրէն­­­տըն եւ Սո­­­նիա Փիրս անակնկալ նո­­­ւիրա­­­տուու­­­թիւն մը եւս կա­­­տարե­­­ցին, այս ան­­­գամ՝ 15,000 տո­­­լար: Յի­­­շեալ նո­ւիրա­­­տուու­­­թիւննե­­­րը կա­­­տարուած են հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան անդրա­­­նիկ գիր­­­քե­­­­­­­րու հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան հա­­­մար։ 

«Մեր առա­­­ջին գլխա­­­ւոր նո­­­ւիրա­­­տու­­­նե­­­­­­­րուն՝ Փիրս եւ Գե­­­ւոնեան ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րուն կը պար­­­տինք Ար­­­փի Հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան գո­­­յու­­­թիւնը», ըսաւ Գրի­­­գորեան. «Անոնց սրտա­­­բուխ առա­­­տաձեռ­­­նութեան եւ ծրագ­­­րի կա­­­րեւո­­­րու­­­թեան նկատ­­­մամբ զօ­­­րաւոր հա­­­ւատ­­­քին շնոր­­­հիւ է, որ կրցանք մէջ­­­տեղ բե­­­րել այս հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը»։ 

«Այ­­սօր, մենք կը փնտռենք հե­­ղինակ­­ներ եւ գիրք նկա­­րազար­­դողներ, որոնք կը փա­­փաքին իրենց ման­­կա­­­կան, պա­­տանե­­կան եւ երի­­տասար­­դա­­­կան գիր­­քե­­­րը հրա­­տարա­­կել», յայտնեց Նո­­րայր Տա­­տու­­րեան. «Պատ­­րաստ ենք տպե­­լու ինքնա­­տիպ, վառ երե­­ւակա­­յու­­թեամբ գրո­­ւած պատ­­մութիւններ, վի­­պակ­­ներ, եւ այլն, որոնք գրո­­ւած են ժա­­մանա­­կակից արեւմտա­­հայ սե­­րունդի հա­­մար մատ­­չե­­­լի լե­­զուով մը։ Առ այդ, մեր կայ­­քին մի­­ջոցով պատ­­մութիւններ առա­­ջար­­կե­­­լու գոր­­ծընթա­­ցը շատ դիւ­­րին դար­­ձուցած ենք՝ թէ՛ հե­­ղինակ­­նե­­­րու եւ թէ նկա­­րազար­­դողնե­­րու հա­­մար։ Նաեւ, որ­­պէս գրա­­կան բարձր որակ հե­­տապնդող հրա­­տարակ­­չա­­­տուն, մենք պի­­տի ու­­նե­­­նանք խմբա­­գիր­­ներ, որոնք կողք կող­­քի պի­­տի աշ­­խա­­­տին գրող­­նե­­­րուն հետ»։

«Մտա­­դիր ենք մին­­չեւ հինգ հա­­տոր հրա­­տարա­­կել այս տա­­րի, եւ ու­­րախ եմ յայտնե­­լու որ ար­­դէն երեք հե­­ղինակ­­նե­­­րու հետ պայ­­մա­­­նագիր ստո­­րագ­­րո­­­ւած է», ըսաւ Յա­­կոբ Կիւլլիւ­­ճեան։ «Այս տա­­րուայ հրա­­տարակ­­չա­­­կան նշա­­նակէ­­տին հաս­­նե­­­լու եւ ան­­կէ ան­­դին ալ իր ամ­­բողջա­­կան կա­­րողա­­կանու­­թիւնը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար, Ար­­փի Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը պէտք ու­­նի հա­­մայնքի լայն նե­­ցու­­կին։ Իսկ ամէն ան­­գամ որ դպրոց մը կամ հա­­մայնքա­­յին կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն մը ձեռք բե­­րէ մեր գիր­­քե­­­րէն՝ աշ­­խոյժ ու յա­­րատեւ զար­­գա­­­ցող արեւմտա­­հայ գրա­­կանու­­թեան մը մեր հա­­սարա­­կաց տես­­լա­­­կանը, ան­­կասկած, քայլ մը եւս պի­­տի մօ­­տենայ շօ­­շափե­­լի իրա­­կանու­­թիւն մը դառ­­նա­­­լուն»։

Հրա­­տարակ­­չա­­­տան պաշ­­տօ­­­նական մեկ­­նարկը տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 19 Փետ­­րուար 2023, Կի­­րակի օր: Կլեն­­տէյլ քա­­ղաքի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած ըն­­դունե­­լու­­թեան մաս կազ­­մե­­­ցին հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րը, հա­­յոց լե­­զուի ու­­սուցիչ­­ներ, հայ­­կա­­­կան դպրոց­­նե­­­րու նախ­­կին եւ ներ­­կայ տնօ­­րէն­­ներ, խմբա­­գիր­­ներ, արո­­ւես­­տա­­­գէտ­­ներ, եւ յատ­­կա­­­պէս հայ գիր­­քին եւ անոր առա­­քելու­­թեան հա­­ւատա­­ցող մե­­կենաս ըն­­թերցա­­սէր ընտրա­­նի մը:

Ար­­փի Գրի­­գորեանը ներ­­կա­­­ներուն պատ­­մեց հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նադրու­­թեան ոդի­­սակա­­նը՝ գա­­ղափա­­րէն մին­­չեւ իրա­­կանա­­ցում, իսկ հիմ­­նա­­­դիր ան­­դամնե­­րը, նա­­խապէս ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած տե­­սանիւ­­թի մի­­ջոցաւ խօ­­սեցան իրենց ապա­­գայ ծրա­­գիր­­նե­­­րը եւ նպա­­տակ­­նե­­­րը: Երե­­կոյի ու­­շագրաւ մա­­սերէն մէկն էր հրա­­տարա­­կու­­թեան հա­­մար նա­­խատե­­սուած երեք գիր­­քե­­­րէ մէ­­կական էջի ըն­­թերցա­­նու­­թիւնը: Իւ­­րա­­­քան­­չիւր գիր­­քի հա­­մապա­­տաս­­խան տա­­րիքի աշա­­կերտ մը, գիր­­քէն կար­­դաց ծի­­ծաղա­­շարժ կամ խորհրդա­­ւոր բա­­ժին մը:

Ար­­փի Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը ար­­դէն սկսած է ԱՄՆ-ի սահ­­մաննե­­րէն ալ դուրս՝ Վե­­նետի­­կէն, Պո­­լիսէն, Քա­­նատա­­յէն, եւ այլ տե­­ղերէն հրա­­տարակու­­թեան առաջարկներ աշա­­կեր­­տա­­­կան տա­­րիքի հա­­մար նա­­խատե­­սուած ձե­­ռագիր դիմումներ ստա­նալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ