Համայնապատկեր երկրաշարժէն տասը օր անց

Թուրքիոյ հա­­րաւա­­յին ու հա­­րաւ արե­­ւելեան շրջան­­նե­­­րու տա­­սը քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ մեծ աւեր­­ներ գոր­­ծած երկրա­­շար­­ժի զո­­հերու թի­­ւը ար­­դէն գե­­րազան­­ցած է 35 հա­­զարը։ Դար­­ձեալ պաշ­­տօ­­­նական տո­­ւեալ­­նե­­­րով 100 հա­­զարէ աւե­­լի վի­­րաւո­­րեալ­­ներ կը դար­­մա­­­նուին հի­­ւան­­դա­­­նոց­­նե­­­րու մէջ։ Երբ ընդհա­­նուր հա­­մոզում կը տի­­րէ թէ այ­­լեւս կեն­­դա­­­նի մարդ չէ մնա­­ցած, փրկա­­րար­­նե­­­րը տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կեն փլա­­տակ­­նե­­­րու տա­­կէն կեն­­դա­­­նի կեան­­քեր դուրս բե­­րել։ Հրաշ­­քի հա­­մազօր այդ փրկու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րը տես­­նե­­­լով ընդվզում կը յա­­ռաջա­­նայ կա­­ռավա­­րու­­թեան փլա­­տակի թա­­փօնը վերցնե­­լու որո­­շու­­մին։ Իրենց աշ­­խա­­­տան­­քը դադ­­րե­­­ցու­­ցած կարգ մը փրկա­­րար ջո­­կատ­­ներ երկրէ հե­­ռանա­­լու պա­­հուն կ՚անդրա­­դառ­­նան այս որո­­շու­­մի սխա­­լու­­թեան, դի­­տել տա­­լով թէ նոյ­­նիսկ ինը օր անձ կա­­րելի եղած է ողջ մնա­­ցած մարդկանց հաս­­նիլ եւ անոնք դուրս բե­­րել իրենց գտնո­­ւած տե­­ղերէն։ Միւս կող­­մէ Իս­­րա­­­յէլի փրկա­­րար ջո­­կատը ալ աւե­­լի կա­­նուխ աւար­­տեց իր աշ­­խա­­­տան­­քը, պնդե­­լով թէ անձնա­­կազ­­մի կեան­­քին սպառ­­նա­­­ցող վտանգնե­­րու մա­­սին լսումներ ստա­­ցած են։ Այդ ծի­­րէն ներս Հա­­յաս­­տա­­­նի փրկա­­րար ջո­­կատն ալ կը պատ­­րաստո­­ւէր իր առա­­քելու­­թիւնը աւար­­տին բե­­րելու։ Մեր կա­­տարած հե­­ռախօ­­սակա­­պով անոնք յայտնե­­ցին թէ իրենց աշ­­խա­­­տան­­քի ըն­­թացքին յա­­ջողած են երեք կեան­­քեր փրկե­­լու։ Ան­­դին նաեւ փլա­­տակ­­նե­­­րու տա­­կէն դուրս բե­­րած են 10 ան­­շունչ մար­­մին։ Նոյ­­նիսկ ան­­շունչ մար­­միննե­­րու փլա­­տակ­­նե­­­րէն դուրս բե­­րուի­­լը մեծ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի աղէ­­տի գօ­­տիի մէջ, քա­­նի որ մար­­դիկ օր ու գի­­շեր կը սպա­­սեն իրենց հա­­րազատ­­նե­­­րու դիակ­­նե­­­րուն տի­­րանալ, որ­­պէսզի պատ­­շա­­­ճօրէն կա­­տարեն խղճի վեր­­ջին պար­­տա­­­կանու­­թիւնը։

Այս պա­­հուն յայտնի դար­­ձած է թէ երկրա­­շար­­ժի առ­­թիւ Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ մա­­հացած են 11 հա­­յեր։

Նոյնպէս զո­­հեր ու­­նե­­­ցած են Ան­­տիոքի յոյն ուղղա­­փառ հա­­մայնքը, թէ Սա­­ման­­տա­­­ղի եւ թէ Ալ­­թը­­­նէօզի­­ւի մէջ։ Նաեւ վնա­­սուած է Յոյն Ուղղա­­փառ­­նե­­­րու մի քա­­նի եկե­­ղեցի­­ներ։ Ան­­տիոքի փոք­­րա­­­թիւ Հրեայ հա­­մայնքի Ռա­­պի Շաուլ Ճե­­նու­­տիօղ­­լու եւ կի­­նը Թու­­նա մա­­հացած են փլա­­տակ­­նե­­­րու տակ։ Շաուլ Ճե­­նու­­տիօղ­­լու յա­­մառօ­­րէն կը պայ­­քա­­­րէր այս քա­­ղաքի հա­­մարեա բո­­լորն ալ տա­­րեց­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող հրեայ հա­­մայնքի յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։

Ան­­տիոքի զո­­հերուն շար­­քին են նաեւ Թուրք բո­­ղոքա­­կան հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը։ Անոնք եւս կորսնցու­­ցին իրենց հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րը եւ ան­­դամներ։ Ճա­­կատագ­­րա­­­կան երե­­ւոյթ մը ըլ­­լա­­­լով երկրի կրօ­­նական փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը թո­­ւելու պա­­հուն ամե­­նաուշ յի­­շատա­­կուած­­ներն են թուրք բո­­ղոքա­­կան­­նե­­­րը, որոնք հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու քա­­նակով կը գե­­րազան­­ցեն շա­­տերուն։ Բա­­ցի Ան­­տի­­­յոքի հրեայ, քրիս­­տո­­­նեայ եւ ալե­­ւինե­­րէ, Ատըեամա­­նի մէջ ալ հայ եւ ասո­­րի հա­­մայնքէն կո­­րուստներ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած են։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանի կար­­գադրու­­թեամբ Տէր Գրի­­գոր Աւաք. Քա­­հանայ Տա­­մատեան մեկ­­նած էր Մա­­լաթիա այս տե­­ղի հայ զո­­հեալ­­նե­­­րը յու­­ղարկա­­ւորե­­լու հա­­մար։ Իսկ ան­­դին Ան­­տիոք, Իս­­քենտե­­րուն եւ Սա­­ման­­տա­­­ղի մէջ կա­­րելի չե­­ղաւ եկե­­ղեցա­­կան կար­­գով յու­­ղա­­­կաւո­­րու­­թիւն կա­­տարել, քա­­նի որ տեղ­­ւոյն հո­­գեւոր հո­­վիւը Տէր Աւե­­տիս Քա­­հանայ Թա­­պաշեան իր ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րով, Իս­­քենտե­­րու­­նի ու Վա­­քըֆի ծու­­խե­­­րով աւե­­լի քան 65 հո­­գինոց խումբով մեկ­­նած էր Իս­­թանպուլ։

Այս մա­­սին Իս­­քենտե­­րու­­նի թա­­ղական խոր­­հուրդի ատե­­նապետ Եու­­սուֆ Թա­­պաշ յայտնեց թէ աղէ­­տի գօ­­տիէն հե­­ռացող­­նե­­­րէն մօ­­տաւո­­րապէս 130 հո­­գի փո­­խադ­­րո­­­ւած են Իս­­թանպուլ եւ ապաս­­տա­­­նած են իրենց ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րուն կամ բա­­րեկամ­­նե­­­րուն տու­­նե­­­րը։ Ան նաեւ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ «Ակօս»ի թղթա­­կից Իշ­­խան Էր­­տինչին Իս­­թանպու­­լէն ու­­ղարկո­­ւած մար­­դա­­­սիրա­­կան օգ­­նութեան բաշ­­խումի մա­­սին։ «Իս­­քենտե­­րու­­նի մէջ ապ­­րանքնե­­րը իջե­­ցու­­ցինք Ոս­­տի­­­կան Զօ­­րաց պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու հսկո­­ղու­­թեան տակ։ Վա­­քըֆի մէջ ար­­դէն թա­­լան­­ման վտանգ մը չկար։ Հե­­տեւա­­բար տեղ­­ւոյն ուղղա­­փառ հա­­մայնքին ու­­ղարկո­­ւած ծրար­­ներն ալ հոն իջե­­ցու­­ցինք։ Ապա ուղղո­­ւեցանք Ալ­­թը­­­նէօզիւ եւ հոն ալ տեղ­­ւոյն թա­­ղակա­­նու­­թեան կողմէ ապա­­հով շտե­­մարան մը տրա­­մադ­­րո­­­ւեցաւ ու իրենց նպաս­­տը յանձնե­­ցինք։ Եթէ Ան­­տիոքի կեդ­­րո­­­նը օգ­­նութիւն բաժ­­նել ու­­զէինք խիստ հա­­ւանա­­կան է որ թա­­լանի պի­­տի են­­թարկո­­ւէինք»։

Երբ մէկ կող­­մէ սկսած է փլա­­տակ­­նե­­­րը վե­­րաց­­նե­­­լու աշ­­խա­­­տան­­քը, Թուրքիոյ Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու Կա­­ճառը ահա­­զանգ կը հնչեց­­նէ փաս­­տա­­­հաւաք­­ման նիւ­­թով։ «Այս թա­­փօնը խիստ կա­­րեւոր է յա­­ռաջի­­կային յա­­րու­­ցո­­­ւելիք դա­­տերու առու­­մով։ Այստե­­ղի պե­­թոնի եւ եր­­կաթնե­­րու քննար­­կումը առանց կա­­տարե­­լու փլա­­տակ­­նե­­­րու վե­­րացու­­մը փաս­­տե­­­րու քօ­­ղար­­կում մը նշա­­նակէ» կ՚ըսո­­ւի կա­­ճառի յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ