Ամէն ինչ կախեալ է տրամադրութենէ։ Եթէ կայ ընթացք մը բարելաւելու ծառայող տրամադրութիւն, կողքի գործօնները կրնան նպաստել այդ տրամադրութեան յառաջընթացին։ Իսկ եթէ չկայ նման միտքկամ նպատակ, ամէն ինչ կը մնայ պղտոր մշուշի մը ետին։ Այս խորհուրդներով կը տարուիմ դիտելով Թուրքիոյ ահռելի երկրաշարժը եւ այդ երկրաշարժին համար օգնութեան փութացող Հայաստանի փրկարարներու ջոկատի առաքելութիւնը։
Համաշխարհային քաղաքակրթութեան թելադրած կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկն է մեծ աղէտներու ժամանակ երկիրներու իրարօգնութեան հասկացողութիւնը։ Արդարեւ 6 Փետրուարին պատահած երկրաշարժի աղէտէն ետք ալ, աւելի քան 65 երկիրներ փութացին մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու։ Այդ երկիրներու մէջ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Բոլորին ծանօթ է թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ընդմիշտ ընթացան թշնամական տրամադրութեան ներքեւ։ Թուրքիա 2020-ի Սեպտեմբերին ամբողջովին ներգրաւուած էր արցախահայութեան դէմ հրահրուած պատերազմին։ Նոյնիսկ կարելիէ ըսել թէ պատերազմի ռազմավարութիւնը մշակուեցաւ Թուրքիայէն ուղարկուած սպաներու ձեռքով։ Ուրեմն շատեր մանաւանդ ալ Արցախի շրջափակման պայմաններու մէջ Հայաստանի օգնութիւնը անիմաստ, նոյնիսկ սխալ համարեցին։ Իսկ ուրիշներ ալ ակնկալութիւններ բեռցուցին Հայաստանի այս փափկավարական մերձեցումէն։ Կարծեցին թէ նման քայլով կարելի կ՚ըլլայ սիրաշահիլ հակառակորդը։ Երկու մերձեցումներն ալ կը սխալէին։ Համոզուած ենք թէ մարդասիրական օգնութիւն կոչուածը պէտք է անկախ համարել կողքի բոլոր գործօններէն։ Այդ առումով տեղին եղած է Հայաստանի կառավարութեան որոշումը։ Բայց այդ որոշումէն դրական հետեւանքներ ակնկալելը բոլորովին անիմաստ է։
Նախ պարտինք նշել թէ երկիրներ, աւելի ճիշդը պետութիւններ իրենց քաղաքականութիւնը կը կառուցեն առանց տարուելու այս կամ այն գործօնէն։ Եթէ կառիքը զգան մարդասիրական օգնութիւնը կրնան ծառայեցնել յարաբերութիւններու բարեկարգման։ Գոնէ հասարակութեան դիմաց իրենց որդեգրած հաշտութեան ծրագրին համար ունեցած կ՚ըլլան կարեւոր խաղաքարտ մը։ Բայց բոլորս գիտենք թէ Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը կը գերազանցէ այս երկու ժողովուրդներու կամքը։ Անոնց վերեւ կայ կողմնակի ուժեր, որոնք եւս ունին իրենց հաշիւները։
Այդ է պատճառը որ Հայաստանի ցուցաբերած մարդասիրական մերձեցումը համապատասխան արձագանգ չէ ունեցած Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներու մօտ։
Հայաստանէն եկած փրկարարներու ջոկատը պատուաբեր կերպով կատարած է իր առաքելութիւնը։ Անոնք պաշտօն ստանձնեցին աւերուած, փուլ եկած շէնքերու փլատակներէն կենդանի մնացած մարդիկ ազատելու։ Յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ, այդ փլատակներէն երեք հոգի դուրս բերելով։ Անոնց ջանքերով Հայաստան կատարած եղաւ միջազգային պատասխանատուութեան թելադրանքը։ Ամէն ինչ պարտինք դիտել այս նեղ սահմանին մէջ եւ խուսափինք յաւելեալ անտեղի ակնկալութիւններէ։
pakrates@yahoo.com