Ատրպէյճանական ապատեղեկատուութիւն

Երկրի երկրաշարժի աղէտով տակնուվրայ եղած օրերուն Ատրպէյճանի սոցցանցերուն մէջ կը

յայտնուին զրպարտութիւններ եւ կեղծ լուրեր։ Այսպէս թելէկրամի հաշիւներէն մէկուն մէջ

շրջանառութեան գրուած լուրի մը համաձայն Հայաստանի փրկարարները կը մեղադրուէին

կողոպուտով։ Կը պնդուէր թէ անոնք կը փորձէին գողնալ իրենց յայտնաբերած դիակներու

անձնագիրները եւ ոստիկանութիւնը սոյն մեղադրանքով բերման ենթարկած էր երկու հայ

փրկարարներ։ Աւելին՝ այս յերիւրածոյ լրատուութիւնը կը վերագրէին «Ակօս»ի աշխատակից

Բագրատ Էսդուգեանի «Անատոլու Աժանսը» տուած յայտարարութեան։ Էսդուգեան

թուիթըրեան գրառումով մը իսկոյն հերքեց այս ապատեղեկատուութիւնը, նշելով թէ ոչ նման

նիւթ լսած է եւ ոչ ալ յայտարարութիւն տուած է «Անատոլու Աժանս» գործակալութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ