Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդը դատապարտեց Արցախը պաշարելու՝ Պաքուի քայլը

11 ՓԵտ­րո­ւար ուրբաթ օր, Լոս Ան­ճե­լըսի քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդը միաձայ­նութեամբ վա­ւերա­ցուց բա­նաձեւ մը, որուն մի­ջոցաւ կը դա­տապար­տէ Ար­ցա­խը պա­շարո­ւած պա­հելու՝ Ատրպէյ­ճա­նի քա­ղաքա­կանու­թիւնը եւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նա­հանգնե­րու նա­խագահ Ճօ Պայ­տը­նի վար­չա­կազ­մին, որ ան­մի­ջական քայ­լե­րու դի­մէ Բեր­ձո­րի (Լա­չին) մի­ջանցքը վե­րաբա­նալու նպա­տակով։

Բա­նաձե­ւը քննար­կումի ներ­կա­յացուեցաւ Լոս Ան­ճե­լըսի քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի նա­խագահ Փոլ Գրի­գորեանի եւ քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի ան­դամներ Մո­նիքա Ռոտ­րի­կեզի, Քերըն Փրայ­սի եւ Հու­կօ Սո­թօ Մար­թի­նեզի կող­մէ։

Գրի­գորեան շեշ­տեց, թէ աշ­խարհը պէտք է արթննայ եւ կա­սեց­նէ հա­յու­թիւնը բնաջնջե­լու Ատրպէյ­ճա­նի բռնա­տիրա­կան իշ­խա­նու­թեան քայ­լե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ