Վասն հաւատի, վասն հայրենեաց

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ
Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յամի Տեառն 301-էն 451 թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ եր­կա­րող 150 տա­րինե­րը հա­յոց պատ­մութեան ամէ­նէն բախ­տո­րոշ ժա­մանա­կաշրջան­նե­րէն են։ Այս շրջա­նին երեք կա­րեւոր դէպ­քեր ճա­կատագ­րա­կան դեր ու­նե­ցան մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ։ Անոնցմէ առա­ջինն էր Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէու­թեան պե­տական կրօն հռչա­կուի­լը 301ին՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չի եւ Տրդատ թա­գաւո­րի նա­խաձեռ­նութեամբ։ Քրիս­տո­նէու­թեան պե­տական կրօն դառ­նա­լը Հա­յաս­տա­նի մէջ խիստ բախ­տո­րոշ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ մեր հո­գեւոր, ազ­գա­յին, քա­ղաքա­կան, ըն­տա­նեկան, ըն­կե­րային եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քին վրայ։ Ան մեր ժո­ղովուրդը օժ­տեց զօ­րեղ նկա­րագ­րով եւ զայն կա­պեց արեւմտեան քա­ղաքակրթու­թեան։

Երկրորդ կա­րեւոր դէպքն է հայ գի­րերու գիւ­տը՝ 406ին, Մես­րոպ վար­դա­պետ Մաշ­տո­ցի կող­մէ։ Գի­րերու գիւ­տը հայ ազ­գը օժ­տեց իր լե­զուն ու­րոյն նշա­նագի­րերով ար­տա­յայ­տե­լու կա­րելիու­թեամբ, ինչ որ հզօր մի­ջոց մը հան­դի­սացաւ մեր ազ­գա­յին գո­յու­թիւնը մշտնջե­նաւո­րելու։ Շնոր­հիւ հայ այ­բուբե­նին զար­գա­ցան եւ ճո­խացան, հայ գրա­կանու­թիւնն եւ դպրու­թիւնը եւ հայ ազ­գը ապ­րե­ցան լու­սա­ւորու­թեան ամե­նէն բե­ղուն Ոս­կե­դարը։ Քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քը, միաձու­լո­ւած մեր մշա­կոյ­թի ըն­ձե­ռած բա­րիք­նե­րուն հետ մե­ծապէս նպաս­տեց մեր ազ­գա­յին նկա­րագ­րին ու ան­հա­տակա­նու­թեան կեր­տումին։

Եր­րորդ ճա­կատագ­րա­կան դէպ­քը մեր պատ­մութեան դա­սական այդ մէկ ու կէս դա­րու ժա­մանա­կաշրջա­նին եղաւ Վար­դա­նանց հե­րոսա­մար­տը՝ 451ին։ Այս պա­տերազ­մը եղաւ փոր­ձա­քարը մեր ազ­գա­յին նկա­րագ­րի տո­կու­նութեան եւ մարմնա­ցու­մը մեր տոհ­մա­յին արիու­թեան։

Այո՚, Վար­դա­նանց պա­տերազ­մը խորհրդա­նիշն է հայ ժո­ղովուրդի հե­րոսա­կան պայ­քա­րին ընդ դէմ անոնց, որոնք կը սպառ­նան հա­յու­թեան խղճի, հա­ւատ­քի եւ ազ­գա­յին ինքնու­րոյնու­թեան եւ ազա­տու­թեան։

Պա­տերազ­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­յիս 26ին, հե­տեւեալ իրա­դար­ձութիւննե­րէն ետք։ 387 թո­ւակա­նին, այդ ժա­մանա­կուան եր­կու մրցա­կից մեծ կայսրու­թիւննե­րը՝ Բիւ­զանդիոնը եւ Պարսկաս­տա­նը, յետ եր­կա­րատեւ պար­բե­րական պա­տերազմնե­րու, հա­մաձայ­նե­ցան իրենց մի­ջեւ բաժ­նել Հա­յաս­տա­նը։

Բիւ­զանդիոն ան­մի­ջապէս վերջ դրաւ իր գե­րիշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ գտնո­ւող հայ­կա­կան երկրա­մասին՝ զայն դարձնե­լով իր կայսրու­թեան նա­հանգնե­րէն մէ­կը։ Իսկ Պարսկաս­տան, թէեւ սկիզ­բը պա­հեց հայ­կա­կան Ար­շա­կու­նեաց թա­գաւո­րու­թիւնը՝ են­թա­կայ իր գե­րիշ­խա­նու­թեան, սա­կայն անոր վերջ տո­ւաւ 428-ին Վռամ թա­գաւո­րի (420-428) գա­հակա­լու­թեան վեր­ջին տա­րին։ Այս ձե­ւով Հա­յաս­տան կորսնցուց իր ներ­քին ինքնա­վարու­թիւնը։

Վռա­մէն ետք, Յազ­կերտ Բ'ի (438-457) գա­հակա­լու­թիւնը չա­փազանց աննպաստ հու­նի մը մէջ կը դնէր հայ-պարսկա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Յազ­կերտ աշ­խարհա­տիրա­կան փա­ռատեն­չութիւններ ու­նե­ցող մէկն էր։ Ան կը ծրագ­րէր իր տէ­րու­թեան ներ­քեւ գտնո­ւող ազ­գութիւննե­րը լու­ծարքի են­թարկել եւ ապա որ­պէս միաձոյլ պե­տու­թեան մը ղե­կավա­րը, իր սահ­մաննե­րը ըն­դարձա­կել։ Ան յատ­կա­պէս ի մի­տի ու­նէր իր երկրի մրցա­կից Բիւ­զանդիոնը տա­պալել եւ դառ­նալ միահե­ծան աշ­խարհա­կալը գեր­զօր պե­տու­թեան մը։ Այդ ծրա­գիրը յա­ջողեց­նե­լու հա­մար Յազ­կերտ անհրա­ժեշտ նկա­տեց իր գե­րիշ­խա­նու­թեան ներ­քեւ գտնո­ւող ազ­գութիւննե­րուն պար­տադրել իր ազ­գի կրօ­նը, պար­սից զրա­դաշ­տա­կան (մազ­տէական) կրօ­նը։

Ահա այդ առա­ջադ­րութեամբ էր, որ Յազ­կերտ իր հպա­տակու­թեան տակ գտնո­ւող Հա­յաս­տա­նի մե­ծամեծ­նե­րուն հրա­մանա­գիր մը կը ղրկէր, ըստ որուն հա­յեր պէտք էր ու­րա­նային իրենց քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քը եւ ըն­դունէին զրա­դաշ­տա­կանու­թիւնը։ Այս ար­քա­յական հրա­մանա­գիրը լուրջ եր­կընտրան­քի մը առ­ջեւ կը դնէր հին­գե­րորդ դա­րու հայ ժո­ղովուրդը։ Կամ պէտք էր ու­րա­նալ քրիս­տո­նէու­թիւնը՝ շա­րու­նա­կելու հա­մար իր բնա­կանոն կեան­քը, որուն հե­տեւան­քը պի­տի ըլ­լար ազ­գո­վին պարսկա­նալ եւ կամ ալ քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քի եւ հայ­րե­նիքի սի­րոյն յանձն առ­նել կա­մաւոր նա­հատա­կու­թիւնը։

Հին­գե­րորդ դա­րու հա­յու­թիւնը այդ զոյգ մա­հերէն ընտրեց կա­մաւոր մար­տի­րոսա­ցու­մը, այդ մա­հուան մէջ տես­նե­լով ցե­ղին ան­մա­հու­թիւնը։ Արդ, ի պա­տաս­խան Յազ­կերտի հրա­մանագ­րին, հայ եկե­ղեցա­կան­ներ եւ յայտնի նա­խարար­ներ ժո­ղով գու­մա­րեցին Ար­տա­շատ քա­ղաքի մէջ եւ յայ­տա­րարե­ցին. «Այս հա­ւատ­քէն ոչ ոք կրնան խախ­տել մեզ, ոչ հրեշ­տակնե­րը, ոչ մար­դիկ, ոչ սու­րը, եւ ոչ ալ հու­րը եւ ոչ ալ ու­րիշ դառն հա­րուած­նե­րե։

Այս վճռա­կան պա­տաս­խա­նին հե­տեւանքն էր Վար­դա­նանց պա­տերազ­մը։ «Վասն հա­ւատոյ եւ վասն հայ­րե­նեացէ նշա­նաբա­նով եւ Վար­դան Մա­միկո­նեանի ղե­կավա­րու­թեան ներ­քեւ, հա­յոց 66 հա­զար­նոց բա­նակը ան­հա­ւասար ճա­կատա­մարտ մը մղեց պար­սից 300 հա­զար­նոց բա­նակին դէմ, Աւա­րայ­րի դաշ­տին վրայ։ Ճա­կատա­մար­տի առա­ջին օրն իսկ հա­յեր ռազ­մա­պէս պար­տո­ւեցան։ Վար­դան եւ իր 1035 զի­նակից­նե­րը նա­հատա­կուե­ցան։

Բայց Աւա­րայ­րի ճա­կատա­մար­տով չվեր­ջա­ցաւ ահեղ պա­տերազ­մը։ Այսպէս, Հա­յաս­տա­նի ամէն ան­կիւն դար­ձաւ ռազ­մա­դաշտ։ Վար­դա­նանց «Կրօն­քի եւ Հայ­րե­նիքի հա­մարէ լո­զունգը հա­մաժո­ղովրդա­կան շար­ժումի մը բնոյ­թը ստա­ցաւ։ Վար­դաննե­րու նա­հատա­կու­մէն ետք ծնան Վա­հան Մա­միկո­նեան­ներ եւ 33 տա­րի շա­րու­նակ պայ­քա­րեցան Պարսկաս­տա­նի դէմ մին­չեւ որ Վա­ղարշ թա­գաւո­րը իմաս­տութիւ­նը ու­նե­ցաւ Նո­ւար­սա­կի դաշ­նա­գիրը ստո­րագ­րե­լու։ Այդ դաշ­նա­գիրը կ՚ապա­հովէր հայ քրիս­տո­նէու­թեան ան­խա­փան շա­րու­նա­կու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ասի­կա նշա­նակա­լից յաղ­թա­նակ մըն էր մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ։ Այս յաղ­թա­նակը նաեւ գե­ղեցիկ օրի­նակ մը եւ ներշնչու­մի աղ­բիւր մը դար­ձաւ յետ­նորդ սե­րունդնե­րուն։

Վար­դա­նանց հե­րոսա­մար­տով իմաս­տա­ւորո­ւած հայ ժո­ղովուրդի կրօ­նասի­րու­թեան եւ հայ­րե­նասի­րու­թեան այս զոյգ իրա­կանու­թիւննե­րը խթան հան­դի­սացան, որ հայ ժո­ղովուրդը գի­տակ­ցա­կան յանդգնու­թեամբ կուրծք տայ աւե­լի քան 15 դա­րերու բազ­մա­պիսի բո­լոր մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։ Ո՚չ Յազ­կերնտներ եւ ո՚չ ալ ու­րիշ բռնա­տէր­ներ կրցան ար­մա­տախիլ ընել քրիս­տո­նէու­թիւնը հա­յէն ու հա­յու­թե­նէն։

Վար­դա­նանց ոգին, դա­րեր շա­րու­նակ, եղաւ այն հաս­տա­տուն կռո­ւանը, յոյ­սի եւ հա­ւատ­քի այն խո­րանը՝ ան­դուլ կամ­քով յա­ռաջ տա­նելու հա­մար գո­յապահ­պա­նու­մի մեր պայ­քա­րը։

Այ­սօր ալ, 21-րդ դա­րու առա­ջին քա­ռոր­դին, եթէ կը հա­ւատանք թէ տա­կաւին կորսնցու­ցած չենք մեր կրօ­նասի­րու­թեան եւ ազ­գա­սիրու­թեան բազ­մե­րակի զար­կը՝ պէտք է ան­զի­ջող պայ­քար մղենք յա­նուն քրիս­տո­նէական եւ ազ­գա­յին մեր բո­լոր սրբու­թիւննե­րուն՝ առանց սա­կար­կե­լու մեզ­մէ պա­հան­ջո­ւած զո­հողու­թիւննե­րը։ Արդ, մե­զի կը մնայ այս նոր դա­րուն եւ պայ­մաննե­րուն հա­մապա­տաս­խան աշ­խա­տաձեւ գոր­ծադրել զօ­րաց­նե­լու հա­մար հայ կեան­քի հա­ւատ­քի եւ հայ­րե­նասի­րու­թեան զոյգ թե­ւերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ