Ոմանք չեն սղմիր գիրքի էջերուն

ԷՐՏԱԼ ՏՈՂԱՆ

Կան մարդիկ որոնք երկրագունդի վրայ իրենց զբաղեցուցած ծաւալէն շատ աւելի խոր նշա­նակու­թիւն կ՚ու­նե­նան։ Կը ստեղ­ծեն այնպի­սի գե­ղեց­կութիւններ, որոնք սահ­մա­նուած չեն իրենց ապ­րած ժա­մանա­կահա­տուա­ծով եւ կը փո­խան­ցուին նաեւ յա­ջորդ սե­րունդնե­րու։ Անոնց ստեղ­ծա­գործութիւնը երբ կը զինուի խա­ղաղա­պաշտ եւ բնա­պահ­պան բնազ­դով, կար­ծես մէյ­մէկ կաղ­նի կը դառ­նան։ Կը վե­րածո­ւին մար­դու կեր­պա­րով յու­շա­կոթո­ղի։

Ափ­սոս որ մենք շատ ան­գամ չենք անդրա­դառ­նար, կամ ալ շատ ուշ, հա­զիւ այս աշ­խարհէ հե­ռանա­լէ ետք կ՚անդրա­դառ­նանք այդ ար­ժէքնե­րուն։ Կ՚ափ­սո­սանք որ իրենց կեն­դա­նու­թեան օրով ար­ժա­նի կեր­պով չենք աջակ­ցած անոնց ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տու­թեան։Միւս կող­մէ կան նաեւ մար­դիկ, որոնք շատ աւե­լի կա­նուխ կը նկա­տեն այդ ար­ժէ­քաւոր ան­ձե­րը եւ մեծ ջանք կը վատ­նեն անոնց բա­րիքը խա­փանե­լու, ըրած­նին քօ­ղար­կե­լու հա­մար։

Ես ալ իմ կեան­քի ըն­թացքին հան­դի­պած եմ այս տե­սակ մարդկանց, որոնց հա­մար կը ցա­ւիմ թէ չեմ կրցած կուշտու­կուռ վա­յելել անոնց ընդձե­ռած բա­րիք­նե­րը։

Այս յօ­դուած­մով կ՚ու­զեմ ծա­նօթաց­նել այդպի­սի հսկայ մը, որ թէեւ ան­ձամբ կը ճանչնա­յի, բայց գի­տելիք­ներս շատ աւե­լի ճո­խացան, երբ կար­դա­ցի իր մա­սին գրուած եւ կեն­սագրա­կան բնոյթ ու­նե­ցող գիր­քը։ «Ճար­տա­րապետ­նե­րու սե­նեակի պատ­մութե­նէն դէմ­քեր» խո­րագ­րեալ հա­տորին մէջ Ճար­տա­րապետ Սա­լիհա Աս­լա­նի իր պաշ­տօ­նակի­ցին հետ կա­տարած զրոյ­ցը կար­դա­լէ ետք տե­սայ որ իմ ծա­նօթու­թիւնը որ­քան մա­կերե­սային էր։ Այդ տպա­ւորու­թիւննե­րով որո­շեցի միտ­քերս յօ­դուա­ծի մը ձե­ւով պար­զե­լու։ Այդ պա­հուն դի­մեցի մի ու­րիշ ին­ծի հա­մար կո­թողա­յին ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող անու­նի՝ որ պի­տի պատ­մէր հա­յոց մէջ ճար­տա­րապե­տու­թեան աւան­դութեան մա­սին։ Բագ­րատ աղ­բա­րիկը այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան մէջ սի­րելի Սար­գիս Սե­րով­բեանին աւան­դած վաս­տա­կը։ Ես միշտ կը կա­րեւո­րեմ անոր գրա­կանու­թեան, գե­ղարո­ւես­տի, երաժշտու­թեան եւ պատ­մութեան հան­դէպ պա­շարը։ Ար­դա­րեւ այս առ­թիւ ին­ծի պատ­մեց այս հո­ղերու վրայ ճար­տա­րապետու­թեան ոլոր­տէ ներս հա­յոց հսկայ ներդրու­մը, մա­նաւանդ փո­խան­ցե­լով ու­րիշ ճար­տա­րապե­տի մը՝ իր ըն­կե­րական շրջա­նակէ ներս «Շե­րիֆ» ածա­կանով ծա­նօթ Յա­կոբ Մազ­մա­նեանի­ճար­տա­րապե­տու­թեան պատ­մութեան մա­սին գի­տելիք­նե­րը։

Մեր այդ զրոյ­ցի ըն­թացքին բա­ցի Յա­կոբ Մազ­մա­նեանէ յի­շած էինք նաեւ Յով­սէփ Ազ­նա­ւու­րի եւ այլ ճար­տա­րապետ­նե­րու կա­րեւոր ներդրու­մը Օս­մա­նեան երկրի մայ­րա­քաղա­քի ճար­տա­րապե­տու­թեան, արեւմտա­կանաց­ման գոր­ծընթա­ցի մէջ։

Էս­դուգեանի այս պատ­մածնե­րու լոյ­սով շատ աւե­լի խոր տպա­ւորու­թիւն ստա­ցաւ Սա­լիհա Աս­լա­նի ճար­տա­րապետ Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լո­ւի հետ կա­տարած զրոյ­ցը։ Անոր ման­կութեան յու­շե­րը, ու­սա­նողու­թեան շրջա­նը, որ­պէս հա­մայ­նա­վար գոր­ծիչ ձե­ւաւո­րու­մը, «Հա­յոց մշա­կոյ­թի հետ­քե­րը» խո­րագ­րեալ շրջա­գայու­թիւննե­րը իմ դի­մաց կը ձե­ւաւո­րէին ար­տա­կար­գօ­րէն փայ­լուն կեր­պար մը։

Ան ծնած էր նա­խորդ դա­րու կէ­սերուն Կե­սարիոյ Էք­րեք գիւ­ղը։ Նա­խապէս հա­յաբ­նակ գիւ­ղի մէջ իր ըն­տա­նիքը վեր­ջին շա­ռաւիղն էր եր­բեմնի հա­յաբ­նակ այդ վայ­րին։

Ապա կը լսենք Իս­թանպուլ գաղ­թէն ետք յա­ճախած Դպրե­վան­քեան յու­շե­րը։ Այդ տա­րինե­րը կը զու­գա­դիպի նաեւ անոր քա­ղաքա­կան գի­տակ­ցութեան ձե­ւաւոր­ման։ Կ՚ան­դա­մակ­ցի այդ տա­րինե­րուն ար­գի­լեալ եւ ստո­րերկրեայ գոր­ծունէու­թիւն ծա­ւալող Թուրքիոյ Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան։ Այդ շրջա­նին դար­ձեալ կը ձեր­բա­կալո­ւի, կը մատ­նո­ւի տան­ջանքնե­րու եւ կը բան­տարկո­ւի զի­նուո­րական ար­գե­լանո­ցի մէջ։

Այս դժո­ւար տա­րինե­րուն զինք ոտ­քի պա­հող կա­րեւո­րագոյն յե­նարա­նը կը դառ­նայ կո­ղակի­ցը Ժա­լէն։

Զա­քարեան ճար­տա­րապե­տու­թիւնը չի սահ­մա­ներ աս­պա­րէզ մը ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով։ Ան ապ­րե­լակերպ մըն է նաեւ որոշ մտայ­նութեան տէր հա­սարակ մարդկանց հա­մար ալ։ Նոյ­նիսկ կը յանդգնի ճար­տա­րապե­տական ու­սումը անհրա­ժեշտ դա­սող ըմբռնու­մին դէմ։

Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լուի հետ­ կա­տարո­ւած զրոյ­ցը բո­վան­դա­կող այս գիր­քը ան­շուշտ որ շատ կա­րեւոր է, բայց եւ այնպէս ես պի­տի հա­ւատամ ­թէ Զա­քարի նման մար­դիկ գիր­քի մը էջե­րուն չեն սղմիր։ Անոնց ար­մատնե­րը շատ ու շատ աւե­լի խոր­քե­րը կը հաս­նին։

(Կա­զեթէ Քա­րըն­ճա)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ