Երկրաշարժի Մալաթիոյ երեք Հայազգի զոհերը՝ Սամի Թապաշ եւ կողակիցը՝ Այտա ու իրենց երիտասարդ զաւակը՝ Ալէքս, 10 Փետրուար 2023, Ուրբաթ միջօրէին հողին յանձնուեցան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Հինգշաբթի գիշեր Էլազըղի վրայով Մալաթիա ժամանած եւ հիւրասիրուած քաղաքաբնակ ժողովուրդէն Սէրտար Պոյաճըի բնակարանին մէջ։
Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, քաղաքի Հայոց Գերեզմանատան մատրան մէջ կատարուեցաւ հանգուցեալներու յուղարկաւորութեան եկեղեցւոյ կարգը։ Նախ քան «Հոգւոց» աղօթքը Տէր Հայրը դամբանախօսեց եւ թելադրեց հաւատալ մխիթարութեան կարեւորութեան եւ այս մասին ընդգծեց թէ մխիթարութեան դուռը կը բացուի Աստուծոյ վստահելով։ Յիշեցուց թէ պէտք չէ աչքերը յառել գերեզմանի հողակոյտին եւ եթէ գերեզման մը կայ որուն աչքերը պէտք յառել Քրիստոսի յարութեամբ պարապ թողած Սուրբ Գերեզմանն է, որ յաւիտեանս յաւիտենից կը յայտարարէ յարութեան ճշմարտութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւնները եւ հայրական օրհնութիւնը։ Յայտնեց թէ մեր Հոգեւոր Պետը կը յիշեցնէր թէ առանձին չէին ու կ՚աղօթէր իրենց համար, մաղթելով ի Տեառնէ որ զօրացնէ եւ տոկունութիւն պարգեւէ բոլորին այս դժուարին օրերուն։
Հանգուցեալներու մարմինները հողին յանձնուեցան գերեզմանատան մէջ։
Թաղման կարգ Մարիամ
Քարաթաշի
Ահաւոր երկրաշարժի Մալաթիոյ զոհերէն մին էր նաեւ Մարիամ Քարաթաշ, ծնեալ Քէսքին։ Հանգուցեալը քոյրն էր Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ երբեմնի սարկաւագ՝ հոգելոյս Յակոբ Քէսքինի։
11 Փետրուար 2023, Շաբաթ, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ժամը 10.00-ին, ընկերակցութեամբ Սերտար Պոյաճըի գերեզմանատուն հասաւ։ Նկատելով որ թաղման համար անհրաժեշտ կարգադրութիւնները իրենց աւարտին չէին հասած գերեզմանատան մատրան մէջ, Սրբոյն Իսահակայ Պարթեւ Հայրապետի տօնին առթիւ կատարուեցաւ Ժամերգութիւն եւ խնդրուեցաւ Սուրբին բարեխօսութիւնը։
Ժամերգութեան աւարտին թաղման կարգադրութիւնները լրացած ըլլալով կատարուեցաւ հանգուցեալի թաղման եկեղեցւոյ կարգը, որմէ յետոյ մարմինը ամփոփուեցաւ իր հոգելոյս մօր՝ Հեղինէ Քէսքինի դամբարանի կողքին։