Սայաթ Նովա երգչախումբի շրջանակներուն համար շատ սիրելի դէմք մը եղած է մեր ողբացեալ ընկերուհի Յասմիկ Սուճեան։ Ան էր որ մանկանց երգչախումբի հետ կատարուած Փոլովտիւեան հիւրահամերգներէ ետք յղացաւ որպէս երգչախում Կրետէ կղզի այցելելու եւ այնտեղ Սուրբ Ծննդեան յաջորդած պատարագ մատուցելու գաղափարը։
Մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորուած էր Յասմիկ Սուճեանի այդ առաջակը եւ շուտով կազմակերպուեցաւ Կրետէի ուխտագնացութիւնը, որ մինչեւ օրս հաճելի յիշատակ մըն է այդ շրջագայութեան բոլոր մասնակիցներուն համար։
Այժմ տեղեակ կ՚ըլլանք սիրելի Յասմիկի դուստր Թալին Սուճեանի իր մօր յիշատակին ձօնուած շարադրութեան մրցումի նախաձեռնութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Թալին Սուճեանին մեզի տրամադրած մանրամասնութիւնները։
Յասմիկեան Պտոյտներ. աշակերտուհիներու ուղղուած արձակ գրութեան մրցում։
«Յասմիկեան Պտոյտներ»ը Բարռեսիա գոլէքթիւին անդրանիկ շարադրական մրցումն է՝ նուիրուած Յասմիկ Սուճեանի յիշատակին։ Մրցումին նպատակն է քաջալերել աշակերտուհիներ գրական ոճով արտայայտուելու իրենց պտոյտներուն եւ ապրումներուն մասին։
Բարռեսիա գոլէքթիւը կոչ կ՚ուղղէ հայկական վարժարաններու բոլոր աշակերտուհիներուն, գրի առնելու իրենց պտոյտները, ապրած քաղաքներու եւ թաղերու մէջ կամ զբօսաշրջութեան ընթացքին անցուցած յուշերը, իրենց տպաւորութիւնները, մտածումներն ու զգացումները, իրենց (չ)ստեղծած կապը այդ տեղերուն հետ՝ գրականօրէն մշակելով զանոնք եւ ուղարկելով մեզի։
Կ՚ընդունինք որեւէ գրութիւն, որ կը նկարագրէ ձեր առօրեայ եւ կամ բացառիկ որեւէ պտոյտ, ինչպէս՝ Հայաստան, շաբաթավերջին կղզի կամ գիւղ, գաւառը ապրող ընտանիքի, ծանօթներու այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքի կամ թաղի առօրեայ ապրումներ։ Կը կարեւօրէնք անձնական փորձառութիւնները ու կը փափաքինք տեսանելի դարձնել երիտասարդ հայ կիներու ներաշխարհը։
Այս կոչը բաց է բոլոր հայկական վարժարաններու 15-19 տարեկան աշակերտուհիներուն։
Գրութիւնները պէտք է ըլլան արեւմտահայերէնով եւ 500 բառերու սահմաններու մէջ։
Ստացուած գրութիւններէն պիտի ընտրուին 3 լաւագոյնները, որոնց հեղինակները պիտի ստանան 150 Եւրօ։
Ձեր գրութիւնները կրնաք ղրկել parrhesiameetings@gmail.com ենամակի հասցէին (նշելով ձեր անունը, տարիքը, քաղաքը եւ դպրոցը) մինչեւ 1 Մայիս 2023։ Արդիւնքները պիտի յայտարարենք 1 Յունիս 2023-ին մեր կայքին վրայ՝ www.parrhesiacollective.com
Բարռեսիա գոլէքթիւը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը։