6Փետրուարի առաւօտեան կանուխ ժամերուն 04.17-ին պատահած երկրաշարժը կը համարուի երկրի պատմութեան մէջ գրանցուած ամենահուժկու ցնցումներէն մէկը ըլլալով։ Անցեալին եւս պատահած էին շատ ուժեղ ցնցումներ, սակայն անոնց ազդեցութեան գօտին համեմատաբար աւելի սահմանափակ եղած էր։ Այս անգամ Մարաշի Բազարճըք գաւառը եփիկեդրոն ունեցող երկրաշարժի ուժգնութիւնը յայտարարուեցաւ նախ 7,4 եւ ապա այդ աստիճանաւորումը բարձրացուեցաւ 7,7-ի։ Նշենք որ ՆԱՍԱ այս ցնցումը գնահատած է 7,8 ըլլալով։
Երկրաշարժէն ազդուեցան տասըծ քաղաքներ, որոնց բնակչութիւնը կը հաշուըուի 13,5 միլիոն։ Արշալոյսէն առաջ պատահած ցնցումը խուճապ պատճառեց տարածքաշրջանի բնակչութեան մօտ։ Առաջին պահուն կարելի չէր եղած երկրաշարժի ծաւալը ընկալել։ Երբ օրը լուսաւորուեցաւ յայտնի դարձաւ նաեւ աւերի ծանրութիւնը։ Բարձրայարկ շէնքեր գետնին հաւասարած էին եւ ամէն կողմէ կը լսուէր օգնութեան ճիչէր։
Երկրաշարժը բացի իր կործանիչ ուժէն, ստեղծեց նաեւ բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնց կարեւորագոյնն էր Հաթայի օդակայանի վազքուղիի աւերումը, որ պատճառ կը դառնար օգնութեան միջոցներուն փոխադրութիւնը խանգարելու։ Նոյնպէս ցամաքային ճամբաները ծանրօրէն աւերուած էին եւ կ՚արգիլէին ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը։ Երեւոյթ մը՝ որ ինքնաբերաբար կը մեկուսացնէր աղէտի գօտին։ Միւս կողմէ պարզուեցաւ նաեւ փրկարար աշխատութեան նիւթով տիրող ընդհանուր անբաւարարութիւնը։ Շատ տեղեր փրկարար աշխատութեան մէջ որոշ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւններ անշարժութեան մատնուեցան պարզապէս անհրաժեշտ հրահանգներու ուշացման հետեւանքով։ Այդպիսիներէն էին հանքափորներու փրկարար ջոկատները, որոնց բոլոր պատրաստութիւնը հիմնուած է երկրի խորքերէն կեանքեր փրկելու ուղղութեամբ։ Արդէն երրորդ օրն է աղէտի դէպքէն այս կողմ եւ այլեւս փլատակներէն կենդանի շունչեր դուրս բերելու յոյսը ամբողջովին սպառած է։
Կառավարութիւնը այս աղէտի դիմաց համաշխարհային օգնութեան կոչ յայտարարեց, որուն արձագանգեցին աւելի քան 65 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ։ Հայաստան եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց աղէտեալներուն օգնութեան փութալու համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբերը յայտարարեց թէ Հայաստան եւս ուղարկած է փրկարար ջոկատներ։ Սակայն ինչ որ նշեցինք վերեւի տողերուն մէջ, ժամանակը հետզհետէ կը դժուարացնէ կենդանի կեանքեր փրկելու հաւանականութիւնը։ Նշենք որ Հայաստան անցեալին ալ նոյն բնութեամբ օգնութեան ջոկատներ ուղարկած էր Մարմարայի երկրաշարժի ընթացքին։ Պահի դրութեամբ Վաքըֆգիւղի բնակիչները անուղղակի օրէն ազդուած են երկրաշարժէն, քանի որ գիւղի մէջ վնասուած տուն չկայ։ Այդ ցնցումներու պատճառած սարսափի հետեւանքով անոնք եւս դուրս եկած են իրենց բնակարաններէն եւ նախընտրած են գիւղի սրճարանին մէջ հաւաքաբար սպասել արշալոյսը։
Թէ սարսափը եւ թէ աւերը կրկնապատկուեցաւ, երբ յաջորդ օր ցերեկուայ ժամերուն ժամը ուղիղ 13.27-ին պատահեցաւ երկրորդ հուժկու ցնցումը, որ իր կարգին փլեց առաջին երկրաշարժին վնասուած, բայց կանգուն մնալ շարունակող բազմաթիւ շէնքեր։ Այս երկրորդ հուժկու ցնցումի ուժգնութիւնը արձանագրուեցաւ 7,6 մակնիդուտով։ Բարեբախտաբար ի տարբերութիւն առաջին ցնցումէն, այս երկրորդ երկրաշարժի պահուն շէնքերը համարեա բոլորովին դատարկ էին։ Հետեւաբար մարդկային զոհերը սահմանուած մնացին միայն առաջին ցնցումով։
Թերթս հրատարակութեան պատրաստելու ժամանականին զոհերու թիւը հասած էր 10.000-ի սահմաններուն։ Բայց ինչպէս կը կանխատեսէր նախագահ Էրտողան, այս թիւը եւս բարձանալու հակում ունի, քանի որ փլատակներու տակէն ընդմիշտ նոր դիակներ կը յայտնաբերուին։
Միւս կողմէ Իսքենտերունի նաւահանգիստի մէջ ծագած հրդեհը տակաւին չէ հանգած։ Հրդեհին հազիւ երրորդ օրը կարելի եղած է ցամաքէն միջամտել, շնորհիւ Իսթանպուլէն եկած հրշէջներու։
Նախագահ Էրտողան իր կարգին յայտարարեց որ որոշած են երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ իրավիճակի դրութիւն հռչակուի։ Այս մասին քաղաքական վերլուծաբանները կը քննադատեն Էրտողանի այս քայլը դիտել տալով թէ նախագահը այսպէսով կը փորձէ ընտրութիւնները արտակարգ իրավիճակներու ճնշումով անցկացնել եւ այսպէսով ալ արգելք ըլլալ ընդդիմադիրներու քարոզարշաւներուն։
Նախագահը նաեւ յայտարարեց թէ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ ազգային սուգ հռչակուած է ամբողջ երկրի տարածքին եւ նաեւ բոլոր դպրոցները արձակուած են մինչեւ 13 Փետրուար։ Իսկ աղէտի գօտիի դպրոցները մինչեւ 20 Փետրուար փակ են։
Երկրաշարժէն ամենածանր տուժած սրբավայրերէն մէկը եղաւ Իսքենտերունի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցին, որ բոլորովին փլած է։ Նոյն քաղաքի Հայ Առաքելական Քառասուն Մանուկ Եկեղեցին ալ որոշ չափով վնասուած է։ Մանր ճեղքեր գոյացած են նաեւ Վաքըֆգիւղի հայոց եկեղեցւոյ պատերուն վրայ։ Տիյարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին անվնաս մնացած է, ինչպէս Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը։
Պատրիարքարանը գաւառի եկեղեցիներու վիճակի մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ստուգեց այս զարգացումները։
Պատրիարքարանի Օգնութեան յանձնախումբն ալ իր կարգին ժողով մը գումարելով քննարկեց երկրաշարժէն տուժած հայերուն օգնելու եղանակները։
Դարձեալ Պատրիարքարանէն փոխանցուած տեղեկութիւններու համաձայն յայտնի դարձաւ որ Մալաթիոյ մէջ մահացած են հայ ամուսիններ եւ իրենց զաւակը։ Ատըեամանի մէջ մահացած է Իսթանպուլահայ որոշ շրջանակի մըն ալ ծանօթ սիրուած երաժիշտ Ստեփան Իլհանի եղբայրը։ Իսքենտերուն եւ Անտիոքէն եւս հասած են կեանքի կորուստի մասին լուրեր։
Բացի օգնութեան կազմակերպեալ աշխատութիւններէն, այս ուղղութեամբ անհատական ջանքեր եւս կը կատարուին մանաւանդ դպրոցականներու շրջանակին մէջ։ Այսպէս աշակերտներ կը փորձեն իրենց խնայողութիւններով գումար գոյացնել եւ առաքել աղէտի գօտի, իրենց նպաստը բերելու համար քաղաքացիական զօրակցութեան։
Աղէտի գօտիի կարեւոր կարիքներէն մէկն է ջուրի մատակարարումը, քանի որ ջրաբաշխութեան ցանցերն ալ լրջօրէն վնասուած են։
Արձագանգներ հարեւան երկրէն
Երկրաշարժի աւերիչ ազդեցութիւնը զգալի եղաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ։ Այս մասին հեռախօսակապով զրուցեցինք ծանօթ լրագրող Սարգիս Քասարճեանի հետ եւ իրմէ լսեցինք թէ եթէ ոչ մայրաքաղաք Դամասկոսը, բայց երկրի հիւսիսային քաղաքները մանաւանդ ալ Հալէպ եւ Լաթաքիա ծանրօրէն վնասուած են։ Քեսապ բարեբախտաբար չէ տուժած, բայց ծանրապէս վիրաւորուած է նաեւ Ըտլիպի մերձակայ հայաբնակ Եաքուպիյէ գիւղը։ Ընդհանրապէս տարեց հայերով բնակեցուած այս գիւղի մէջ ալ ի դէմ ծանր փլուզումներու մարդկային կորուստ տեղի չէ ունեցած։
Յունաստան եւ Կիպրոս օգնութեան կը փութան
Աթէնքի մէջ հիմնուած պոլսեցի յոյներու համաշխարհային ընկերութիւնը Թուրքիոյ դեսպանատան դիմելով առաջարկած է իր օգնութեան ծրագիրը։ Անոնք իրենց օգնութիւնը հիմնաւորած են երեք մասերու վրայ, որոնցմէ առաջինն է դեղորայքի եւ ցուրտեն պաշտպանուելու միջոցներու առաքումը։ Կը շարուակուի նիւթական աջակցութեան համար դրամահաւաքի արշաւը։ Իսկ երրորդ ըլլալով ալ ընկերութեան երիտասարդաց յանձնախումբը սկսած են արիւն տալ վիրաւորեալներուն փոխանցելու համար։
Միւս կողմէն Կիպրոսի Հանրապետութիւնն ալ փրկարար ջոկատներ եւ օգնութիւն տրամադրելու առաջարկ ներկայացուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ Թուրքիա վարանած է Կիպրոսի աջակցութիւնը ընդունելու եւ այս վարանումը յաղթահարուած է Կիպրոսի ներդրումը Եւրոմիութեան օգնութեան սահմանումով կիրարկելու միջոցաւ։