Մարաշի Փազարճըք գաւառը եփիկեդրոն առած երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ հարեւան երկիր Սուրիոյ մէջ։ Սուրիոյ հիւսիսային քաղաքները եւ յատկապէս Հալէպ եւ Լաթաքիա գաւառները ծանրօրէն վնասներ ստացաւ եւ կրեց մարդկային զոհեր։ Երկրաշարժի Սուրիոյ մէջ գործած աւերի մասին տեղեկութիւնները կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն Գանձասարի մշակած լուրերու միջոցաւ։
6Փետրուարի առաւօտեան կանուխ ժամերուն ծագած երկրաշարժէն այս կողմ Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ինքնաշարժներու, ազգային միութենական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ պետութեան տրամադրած ապաստարաններուն մէջ անցուց ողջ գիշերը։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի 6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները, մանաւանդ Հալէպը մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք սուրիահայ գաղութին, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ:
Ցնցումներուն պատճառով կան` մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, քարուքանդ եղած փլատակ շէնքեր, մինչ այդ փրկարար աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Նախնական տուեալներով, կան երկու հայ զոհեր` Սուրիահայ օգնութեան խաչի անդամ Միրնա Մինասեան-Թէնէքէճեան եւ անոր որդին:
Իրաքի Հանրապետութենէն մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած երկու օդանաւեր Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան հասան, որպէսզի տրամադրուին Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն վնասուածներուն։
Օժանդակութիւնները կ՚ընդգրկեն 70 թոն սննդեղէն, բժշկական պիտոյք, վերմակներ եւ այլն։
Իրաքի ԱԳՆ-ի մէջ արաբական բաժինի տնօրէնութեան նախագահը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց Սուրիոյ նեցուկ կանգնելու Իրաքի պատրաստակամութիւնը, վստահեցնելով, որ Սուրիան պիտի յաղթահարէ այս աղէտը։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իր եւ հայաստանի ժողովուրդի խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերուն համար։
Փաշինեան Հայաստանի զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ երկրին պատրաստակամութիւնը՝ փրկարարներու խմբակ մը առաքելու Սուրիա։
Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ Սուրիոյ հանդէպ Հայաստանի աջակից կեցուածքին համար, ինչ որ կ՚արտայայտէ երկու երկիրներու սերտ յարաբերութիւնը։
Հայոց Վարչապետը ցաւակցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ Թուրքիոյ նախագահին եւ ժողովրդին՝ երկրի հարաւարեւելեան շրջաններուն տեղի ունեցած հուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերի կապակցութեամբ»։ Նիկոլ Փաշինեան շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է բոլոր վիրաւորներուն եւ յաւելած, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքի կը պատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարարական ուժերը աղէտի գօտի տեղափոխող ինքնաթիռը։ Իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ՀՀ վարչապետին շնորհակալութիւն յայտնած է զօրակցութեան համար եւ նշած, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ հետագայ երկխօսութեան խորացման տեսանկիւնէն», այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութենէն։