Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը 6 Փետրուար 2023, Երկուշաբթի, հեռաձայնով կապ հաստստեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։ Նորին Սրբութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց պատահած ահաւոր երկրաշաժին եւ երկնային համբերութիւն մաղթեց բոլոր անոնց համար որոնք կրած են ահաւոր աւերումներու եւ մարդկային կեանքի կորուստներու ցաւը։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ կը մնայ աղօթող նաեւ հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժէն ազդուած շրջաններու մէջ բնակող համայնքի անդամներու վիճակով։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւն տուաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած հայրապետական հոգածութեան համար։
Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւն յայտնած են նաեւ Գուգարաց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։