Քահրամանմարաշի Փազարճըք գաւառակի կեդրոնով պատահած ահաւոր երկրաշարժի աղէտեալներու համար աշխատանքներ մեծ թափով կը շարունակուին։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր հրաւէրով 7 Փետրուար 2023, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ժողով մը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ համայնքային հաստատութիւններու եւ թաղային խորհուրդներու ատենապետներու։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ժողովը բացուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին աղօթքով։ Ապա Պատրիարք Հայրը բացատրեց ժողովը հրաւիրելու պատճառաբանութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ահաւոր երկրաշարժի պատահած օրն իսկ խումբ մը համայնքայիններու հետ խորհրդակցական հանդիպում մը կայացած եւ որոշուած էր գումարել սոյն լայնախարիսխ ժողովը։ Նկատի ունենալով որ նիւթը անմիջական կապ ունէր ընկերային օժանդակութեան հետ, Նորին Ամենապատուութիւնը որոշած էր որ օժանդակութեան սոյն աշխատանքը յառաջ տարուի Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի առաջնորդութեամբ։ Այս առումով, անցնող 24 ժամուան ընթացքին կատարուած ու ծրագրուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւն տալու հրաւիրուեցաւ յիշեալ յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, որ մանրամասն բացատրեց թէ ինչպիսի աշխատանքային ծրագիր մը կը մշակեն եւ արդէն շուտով Հաթայ ուղարկած են վերմակներ ու նման անմիջական գոյքեր։ Սկսած է մեր եկեղեցիներու աղքատախնամներու հետ համագործակցաբար անհրաժեշտ հագուստեղէնի, ուտեստեղէնի եւ զանազան գոյքերու հաւաքը։ Պատրիարքարանի հովանիին ներքեւ սկսած է նիւթական օժանդակութեան հաւաք։
Նորին Ամենապատուութիւնն ու ներկաներ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջին իսկ առթիւ կատարուած աշխատանքներուն համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ պահը համագործակցութեան, զօրակցութեան ու օժանդակութեան պահն է եւ համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պարտի մաս կազմել տարուած աշխատանքներուն իր ոյժերուն ներած չափով, իր կարողութեան համաձայն։
Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ Պետրոս Շիրինօղլու յանուն Թուրքիոյ Հայ համայնքի գումար մը յանձնած է AFAD-ի (Աղէտներու եւ Արտակարգ Իրավիճակներու Կառավարման Կեդրոն)։ Ներկաներ մի առ մի իրենց համամտութիւնը յայտնեցին Պատրիարք Հօր խօսքերուն եւ խոստացան շուտով ընդառաջելով զօրակցիլ օժանդակութեան այս արշաւին։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց մասնակցութեան ու զօրակցութեան համար եւ օրհնեց բոլորը։
Ժողովը աւարտին հասաւ աղօթքով։