Թուրքիոյ հարաւային շրջաններու մէջ պատահած երկրաշարժը ամբողջ երկրի մէջ ծաւալեց օգնութեան փութալու տրամադրութիւն։ Հասարակական կազմակերպութիւններու կողքին քաղաքական կուսակցութիւնները եւս ձեռնարկած են օգնութեան արշաւներ։ Այս ծիրէն ներս Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան Փաթնոսի քաղաքապետարանը պատրաստած էր երկրաշարժի օգնութիւն։ Սակայն օգնութիւնը փոխանցող բեռնատար ինքնաշարժը առգրաւուած էր պետական մարմիններու կողմէ։ Այս մասին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է կուսակցութեան ճգնաժամի համակարգման խորհուրդի անունով Պերտան Էօզթիւրք եւ ըսած է որ «Պէտք է խնդրին մերձենալ մարդկային խղճի եւ բարոյական արժանիքներու տեսակէտէ։ Անընդունելի է օգնութիւններուն արգիլումը։ Մեր համակարգման միջոցաւ ժողովուրդը օգնութիւններ փութացուց աղէտեալներուն հասցնելու համար։ Սա քաղաքական աշխատանք մը չէ, այլ բոլորովին մարդասիրական։ Մեզի փութացած օգնութիւններուն կարօտեալներու հասնիլը կ՚արգիլուի ԱՖԱՏ-ի եւ կուսակալութիւններու կողմէ»։
Պերտան Էօզթիւրք կը յայտնէ թէ ԱՖԱՏ այս երկրաշարժի համակարգումը ստանձնելու համար ամբողջովին անբաւարար է։ Այդ անբաւարարութենէն կը տուժեն նախ եւ առաջ աղէտեալները։ Բայց այս կառոյցը կ՚ուզէ բոլոր օգնութիւնները իր հսկողութեան մէջ պահել։ Այս ալ կատարուած օգնութիւններուն աղէտեաներուն հասցնելու գործընթացը խափանող ազդակ մըն է։