Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլու երկրաշարժի երրորդ օրը այցելեց աղէտի գօտի։ Ան նախ այցելեց Ատանա եւ 7 Փետրուարին ալ անցաւ Հաթայ նահանգը։ Այստեղ Իսքենտերունի քաղաքապետի հետ հետեւեցաւ փրկարարական աշխատութիւններուն։ Նշենք որ Իսքենտերունի նաւահանգիստին մէջ բռնկած հրդեհը թերթիս հրատարակութեան պատրաստուելու պահուն տակաւին բոլորովին չէր հանգած եւ հրդեհին կը միջամտեն Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի տրամադրած հրշէջները։ Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ ալ լծուած է Հաթայի օդակայանի վերանորոգման աշխատանքին։ Օդակայանի վազգուղին վնասուած ըլլալուն պատճառաւ ինքնաթիռներ չեն կրնար վայրէջք կատարել։
Զմիւռնիոյ քաղաքապետ Թունչ Սոյէր իր հետ բերած օգնութեան միջոցներով կը փորձէ սփոփել Հաթայի Անթաքիա եւ շրջակայ գաւառներու խնդիրները։
Կառավարութիւնը կը փորձէ փրկարարական եւ օգնութեան բոլոր միջոցները պահել իր հսկողութեան տակ։ Այս որոշումին ակնարկելով Հանրապետական Կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ունեցաւ իր կուսակցութենէն ընտրուած քաղաքապետներուն։ «Եթէ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու համար պիտի ձերբակալուիք, յանձն առէք այդ ձերբակալութիւնը եւ շարունակեցէք ձեղ աշխատութեան»։ Քըլըչտարօղլու շատ լուրջ կերպով քննադատեց Էրտողանի իշխանութիւնը պնդելով թէ ժողովուրդէն գանձուած երկրաշարժի տուրքերը փոխանակ նպատակին ծառայելու տրամադրուած է Էրտողանի մերձաւոր քանի մը ընկերութիւններու։ «Ամբողջ կեանքի ընթացքին պետութեան հարկ մուծած ժողովուրդը այս պահուն կ՚ուզէ պետութեան խնամքը վայելել, բայց պետութիւնը իր բոլոր ուշադրութիւնը ուղղած է յառաջիկայ ընտրութիւններու ընթացքին իշխանութիւնը նուաճելու։ Էրտողան նման բոլոր աղէտներու ընթացքին միասնութեան կոչեր կ՚ընէ, բայց ես բնաւ նպատակ չունիմ իրեն զօրակցելու։ Անոր համար ալ մեր քաղաքապետներուն հրամայեցի որ երբեք նկատի չունենան պետութեան թելադրանքները եւ իրենք սեփական միջոցներով օգնեն աղէտեալ ժողովուրդին» ըսած է Քեմալ Քըլըչտարօղլու։