Ատրպէյճանի իշխանութեան արցախահայութեան դէմ ծրագրած մեկուսացման ռազմավարութիւնը արդէն հասած է մէկուկէս ամսուայ տեւողութեան։
Իլհամ Ալիեւի առաւելապաշտ քաղաքականութիւնը բացայայտ կերպով կը ոտնակոխէ 9 Նոյեմբեր 2020-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած եռակողմ համաձայնութիւնը։ Այդ համաձայնութեան գլխաւոր երաշխաւոր Փութին կը շարունակէ հակահայ դիրքորոշումի մէջ մնալ, անտեսելով Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնը։
Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ այլ արեւմտեան երկիրներու գործադրուած շրջափակումը դատապարտող ելոյթները կ՚անտեսուին Ատրպէյճանի կողմէ։
Ատրպէյճան արդէն իսկ յայտարարած էր թէ արցախահայութիւնը բացի իր երկրի քաղաքացիներ ըլլալէ, ոչ մէկ հանգամանք ունին։ Այսօր կատարուածներն ալ Արցախը հայաթափ ընելու չար մտքի գործադրութիւնն է պարզապէս։
Շրջափակումին զուգահեռ կը գործադրուի կազի եւ ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը խափանելու միջոցներ։ Այս ռազմավարութեան իբր հետեւանք 120 հազար բնակչութիւնով արցախահայութիւնը ձմեռնային եղանակի ծանր պայմաններու տակ ջերուցման միջոցներէ զրկուելու կողքին, կ՚ապրի սննդամթերքի եւ դեղորայքի հասանելու լուրջ դժուարուիւններ։
Այս պահուն Ատրպէյճանական սպառնալիքի հետ դէմյանդիման կը գտնուի ոչ միայն Արցախը, այլ բովանդակ Հայաստանը։ Պահի թելադրանքը համատարած եւ բազմատարր թշնամութեան դիմաց լուծման ազգային քաղաքականութիւն մշակելն է։ Սակայն պարզուած պատկերը չի համապատասխաներ խնդրի լրջութեան։
Փորձը ցոյց կու տայ թէ պետականութեան գիտակցութեան բացակայումը շատ աւելի լուրջ վտանգ կը սպառնայ նոյնիսկ պատերազմական պարտութեան հետ բաղդատելով։