Երկուշաբթի գիշերուայ 21.45-ին, հրդեհ ծագեցաւ Ղալաթիոյ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ կացարանին մէջ։ Հրշէջներու միջամտութեամբ հրդեհը հսկուեցաւ կէս գիշերուայ ժամերուն։ Հազիւ բոցերու շիջումէն ետք հրշէջները յաջողեցան այրած շէնքէն ներս մտնել։ Անոնք յայտնաբերեցին երկու դիեր, որոնք կը պատկանէին Ժոզեֆին Էքմեքճիօղլուի եւ Ֆեհիմ Ադսուպի։ Իսկ չորս անձեր՝ երկուքը իրենց միջոցներով, իսկ երկուքն ալ հրշէջներու օգնութեամբ յաջողած էին այրող շէնքէն դուրս գալ։
Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան հրդեհը լսելով իսկոյն փութաց Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցի։ Գեռապայծառ Զէքիեանի բացատրութիւնով Եկեղեցին երեք հատուածանի համալիր մըն էր։ Հրդեհէն վնասուած է համալիրի եռայարկ շէնքը, որ կ՚օգտագործուէր իբրեւ կացարան։ Զոհուած Ժոզեֆին Էքմեքճիօղլուի յուղարկաւորութիւնը կը կայանայ 26 Յունուար հինգշաբթի ժամը 14.00-ին Թաքսիմի Հայ Կաթողիկէ Ոսկեբերան Եկեղեցին։
Իսկ Ֆեհիմ Ադսուպ իր կտակին համաձայն կը յուղարկաւորուի Մարտինի Տէրիք գաւառը։
Եկեղեցւոյ վարչութենէն Հաթունէ Տեմիրօղլու կը յայտնէ թէ կացարանին մէջ կը բնակէին այս եկեղեցւոյ ծուխէն պատսպարեալներ։
Ցարդ չէ յստակացած հրդեհի ծագման պատճառը։ Վարկածի մը համաձայն հրդեհը ծագած է շէնքի խոհանոցին մէջ։