Ատըեամանի Գաղթա գաւառի երբեմնի հայոց գերեզմանատան վրայ շինութեան ծրագիր մը կը գործադրուի։ 8.432 արտավար տարածքի սեփականութիւնը կը պատկանի Պետական Գանձին եւ կարգ մը անհատներու։
Այս մասին «Ակօս»ին բացատրութիւններ փոխանցող Ատըեամանի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ Սատըք Պաքըրճըօղլու պատկան իշխանութիւններուն դիմում կատարելով բացատրութիւններ պահանջած է տարածքին վրայ յայտնաբերուած ոսկորներուն պատշաճ կերպով ուրիշ վայր մը փոխադրուելու մասին։